Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
777
0
11 յունուար 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ դեսպանին փոխանորդը եւ մարդկային իրաւանց պատասխանատու Կայ Լին:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ յատկապէս անդրադառնալու նախագահական ընտրութեան եւ ընկերային-տնտեսական տագնապին:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի պարզած ներկայ մտահոգիչ կացութեան եւ առաջարկեց դեսպանին, որ Միացեալ Նահանգներ կատարեն անհրաժեշտ օժանդակութիւնը Բերձորի միջանցքը վերաբանալու աշխատանքներուն գծով` մղուած մարդասիրական մտահոգութենէ: