Միացեալ Նահանգները Մտադիր Է Հայաստանին 145 Միլիոն Տոլար Աջակցութիւն Տրամադրել 

Երեւան այցելող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բիւրոյի ղեկավար Պրենտըն Հանրըհան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները մտադիր է Հայաստանին 145 միլիոն տոլար աջակցութիւն տրամադրել:

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, ան բացատրեց, որ ասիկա ֆինանսաւորման առաջին մասնաբաժինն է՝ «Թրամփի ճամբայ՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծին եւ 8 Օգոստոսին ձեռք բերուած յարակից պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ուղղութեամբ: Ան ըսաւ, որ այս գումարին նպատակը առեւտուրի, ենթակառուցուածքներու, կարեւորագոյն հանքանիւթերու մատակարարման շղթաներու եւ միջսահմանային ապահովական բնագաւառին մէջ ներդրումներուն աջակցիլն է: 

Գրիգորեան բարձր գնահատեց Ուաշինկթընի մէջ, 8 Օգոստոսին տեղի ունեցած հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ միացեալ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրներու ծիրին մէջ զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները:

Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումները եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարելիութիւնները, անդրադարձան «Թրամփի ճամբայ՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի կարեւորութեան:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիըն:

Աւելի կանուխ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցով պաշտօնապէս տեղեկացուց Հանրըհանի Հայաստան այցելութեան մասին: Նշուեցաւ, որ 11էն 12 Սեպտեմբերին Հայաստան տուած այցելութիւնը պիտի ընդգծէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը խթանելու գծով Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ընդհանուր յանձնառութիւնը:

«Զարգացնելով մեր ռազմավարական գործընկերութեան հիմքերը՝ մենք կը շարունակենք ամրապնդել երկկողմ կապերը եւ դիտարկել համագործակցութեան կարելիութիւնները փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող առանցքային ուղղութիւններո մէջ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ: