Միասին թեւ ու թիկունք տանք Հայ Դատին

Մոնթրէալի հայկական համաշխարհային աջակցութեան կեդրոն (ՄՀՀԱԿ-CAMAM) բարեսիրական կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի քաղաքակեդրոնին մօտակայ շրջանի մը մէջ գնած է նոր կալուած մը։

ՄՀՀԱԿ այս առիթով կը յայտարէ, որ հպարտ է, որ նոր կալուած-շէնքի մէկ հատուածին մէջ պիտի տեղակայուի Գանատայի ամենէն ազդեցիկ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութեան՝ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCC) նոր գրասենեակը:

Այժմ, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է գանատահայ համայնքի նիւթական աջակցութիւնը, որպէսզէ Հայ դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի ճիգերուն շնորհիւ շարունակուի մարդասիրական օգնութեան հոսքը մեր հայրենակիցներուն, ապահովուի Արցախի անվտանգութիւնը, ապահովուի հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ պաշտպանուին հայութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնները։

Առ այդ, հաստատուած է առցանց նուիրահաւաքի կայքէջ, իսկ Մայիս 16-ին կը սփռուի CAMAM-ի նուիրահաւաքի յատուկ առցանց ծրագիրը՝ CAMAM-ի Facebook-ի հարթակով։

Աւելի քան կէս դարու սլացքով Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան յենարանն ու ուժի աղբիւրը առաջին հերթին՝ գանատահայութիւնն է։

Յանձնախումբը իր գործունէութեան կիզակէտ ունեցած է հայ ժողովուրդի արդար դատն ու անոր անժամանցելի իրաւունքներու հետապնդումը

Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակը, իր նպատակաուղղուած եւ բազմաբեւեռ աշխատանքային ծիրով, 15 տարիէ ի վեր կը գործէ որպէս ազդեցիկ քաղաքական եւ քարոզչական կառոյց։

Միասին թեւ ու թիկունք տանք Հայ Դատին։

դիտեցէք տեսանիւթը.

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.