Մէկ հանրապետութիւն, մէկ ազգ, մէկ դրօշ
- (0)

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Յաճախ կանգ առած եմ Հայաստանի փոքր քաղաքներու մուտքին գտնուող դրօշակի ձողերուն առջեւ: Երկնքին վրայ հանդարտօրէն ծածանող եռագոյնը դիտորդը խորհրդածութեան կը հրաւիրէ: Անոր այդ լուռ ներկայութիւնը այժմ դարձած է մնայուն դրուածք: Սակայն այն օրերուն, երբ քաղաքական բեւեռացումն աւելի ու աւելի փորձաքարի դէմ յանդիման կը դնէ հայկական ազգային համախմբուածութիւնը, եռագոյնը կարծես աւելի խոր հարցում մը կը յառաջացնէ: Հանրապետութեան պետական դրօշ ըլլալէ անդին` ի՞նչ դեր պէտք է ունենայ հայկական եռագոյնը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, աւելի լայն, հայ ազգին միջեւ կապը ամրապնդելու մէջ:
3 յուլիս 2026-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը փոփոխութիւններ կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան «Պետական դրօշին մասին» օրէնքին մէջ` պարտադիր դարձնելով ազգային դրօշի մնայուն ծածանումը երկրի բոլոր քաղաքներու, աւաններու եւ գիւղերու գլխաւոր մուտքերուն: Թէեւ այս քայլը միօրինակ չափանիշ մը կը սահմանէ երկրի կարեւորագոյն պետական խորհրդանիշի ցուցադրման համար, բայց եւ այնպէս, անոր նշանակութիւնը շատ աւելի հեռու կ՛անցնի պարզ արտաքին տեսքէն: Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ ազգերը կը պահպանուին ոչ միայն ազգային հաստատութիւններով եւ օրէնքներով, այլ նաեւ` այն ընդհանուր խորհրդանիշներով, որոնք կը սնուցանեն միասնական ազգային ինքնութեան զգացումը: Այդ խորհրդանիշներուն մէջ չկայ աւելի տոկուն ու մնայուն արժէք մը, որքան` ազգային դրօշը:
Պատմութիւնը Հայաստանին պարգեւած է ուրոյն քաղաքական իրականութիւն մը: Դարեր շարունակ օտար տիրապետութիւնը, տարածքային կորուստները եւ պարբերական տեղահանութիւնները աստիճանաբար անջատեցին հայ ազգը իր ինքնիշխան պետութենէն:
Իբրեւ արդիւնք` այսօր ունինք հանրապետութիւն մը, որ արմատաւորուած է պատմական Հայկական Լեռնաշխարհի մնացեալ ինքնիշխան հատուածի մը վրայ, եւ այն, ինչ սփիւռքագէտ դոկտ. Խաչիկ Թէօլէօլեան բնութագրած է իբրեւ հայկական «անդրազգ» (TransNation)` ազգ մը, որուն անդամները կ՛ապրին բազմաթիւ տարբեր պետութիւններու մէջ, բայց կը մնան մէկ պատմական համայնքի բաղկացուցիչ մասը: Ճիշդ այս պատմական իրականութիւնն է, որ հայկական եռագոյնին կու տայ իմաստ մը, որ շատ աւելի անդին կը տարածուի, քան` հանրապետութեան սահմանները: Հետեւաբար հայերուն համար ազգային դրօշին նշանակութիւնը շատ աւելի անդին կը տարածուի, քան` հանրապետութեան սահմանները:
Հայկական եռագոյնը առաջին անգամ որդեգրուեցաւ 1918-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կողմէ: Թէեւ այդ հանրապետութիւնը միայն երկու տարի գոյատեւեց` մինչեւ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ներառուիլը, բայց եւ այնպէս, եռագոյնը դարձաւ ազատութեան եւ ինքնորոշման նկատմամբ վերանորոգուած ազգային ձգտումին մարմնաւորումը: Խորհրդային ժամանակաշրջանին ան անհետացաւ Հայաստանի մէջ պաշտօնական գործածութենէն, սակայն շարունակեց հպարտօրէն ծածանիլ աշխարհի տարածքին հայկական համայնքներուն մէջ: Երբ հանրապետութիւնը 1990-ին վերահաստատեց եռագոյնը, նոյնիսկ` 1991-ի անկախութեան պաշտօնական հռչակումէն առաջ, ան խորհրդանշեց ոչ միայն դրօշի վերադարձը, այլ նաեւ` հայկական ինքնիշխանութեան վերականգնումը:
Պատմութեան ընթացքին դրօշները շատ աւելի մեծ դեր կատարած են, քան` զուտ զարդարանք ըլլալը: Անոնք ժողովուրդի մը ինքնութեան, պատմութեան եւ համատեղ ճակատագրի տեսողական արտայայտութիւնն են: Քաղաքական մտածողներ վաղուց նկատած են, որ ազգերը բացառիկ են անոր համար, որ կը յաջողին ամբողջովին անծանօթ մարդոց մէջ սերմանել զիրար որպէս միեւնոյն համայնքի անդամ տեսնելու ունակութիւնը: Դպրոցներուն մէջ մանուկները կը բարեւեն ազգային դրօշը: Մարզիկները կը մրցին անոր հովանիին տակ: Զինուորները կը պաշտպանեն զայն: Քաղաքացիները տօնակատարութիւններու, սուգի եւ ճգնաժամերու պահերուն անոր շուրջ կը համախմբուին: Այս ընդհանուր փորձառութիւններուն շնորհիւ` դրօշը կը միահիւսուի ազգի մը հաւաքական յիշողութեան հետ: Լաւագոյն պարագային, ասիկա ազգայնականութեան կառուցողական կողմն է: Անիկա միլիոնաւոր անհատներ կը վերածէ մէկ ամբողջական ժողովուրդի, որ պատրաստ է` համագործակցելու, զոհողութիւններ յանձն առնելու եւ կերտելու միացեալ ապագայ մը:
Սակայն հայերուն համար եռագոյնը կը կրէ յաւելեալ նշանակութիւն մը, զոր շատ քիչ ազգային դրօշներ ունին: Ռուսիայէն (ուր կ՛ապրի աւելի քան երկու միլիոն հայ) մինչեւ Լոս Անճելըսի, Փարիզի, Պէյրութի, Պուէնոս Այրեսի եւ Սիտնիի ծաղկուն հայկական համայնքներուն մօտ եռագոյնը դարձած է հայութիւնը աշխարհամասէ աշխարհամաս իրարու կամրջող խորհրդանիշը: Շատ մը սփիւռքահայերու համար ան եղած է հայկական ինքնութեան առաջին տեսանելի խորհրդանիշը` նախքան երբեւէ Հայաստանի Հանրապետութիւն այցելելը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը եռագոյնի օրինական պահապանն է, սակայն դրօշը ամէնուրեք դարձած է հայութեան համատեղ ազգային խորհրդանիշը: Անիկա կը միաւորէ ոչ միայն պետութիւնը, այլ նաեւ` հայկական անդրազգը: Այս ընկալումը նաեւ կը յենի քաղաքական սփիւռքի գաղափարին վրայ, որուն մասին խօսած եմ իմ նախորդ` «Քաղաքական սփիւռք» յօդուածիս մէջ («Ազդակ», 7 օգոստոս 2025):
Քաղաքական փիլիսոփայութիւնը յստակ տարբերութիւն կը դնէ պետութեան եւ ազգին միջեւ: Պետութիւնը ինքնիշխան քաղաքական հաստատութիւն մըն է, մինչդեռ ազգը պատմական համայնք մըն է, որ միաւորուած է ընդհանուր յիշողութեամբ, մշակոյթով եւ պատկանելիութեան զգացումով: Քաղաքական ազգը կը կազմաւորուի, երբ այդ համայնքը կը ստեղծէ ինքնակառավարման, քաղաքացիութեան եւ քաղաքացիական պատասխանատուութեան մնայուն հաստատութիւններ: Հայութեան պարագային, այս երեք իրողութիւնները հազուադէպօրէն զարգացած են միասնաբար: Դարերու օտար տիրապետութիւնը, կրկնուող տեղահանութիւնները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդհատեցին հայկական պետականութեան ու քաղաքական հաստատութիւններու բնական զարգացումը: Թէեւ հայ ազգը գոյատեւեց իր լեզուին, Եկեղեցիին, մշակոյթին եւ հաւաքական յիշողութեան շնորհիւ, բայց շատ յաճախ ան զրկուեցաւ իբրեւ քաղաքական ազգ շարունակաբար զարգանալու կարելիութենէն:
Հայ ազգի հաւաքական վէրքերուն մեծ մասը կը բխի ինքնիշխան պետականութեան կրկնուող ընդհատումներէն: Դարերու օտար տիրապետութիւնը տկարացուց ու քայքայեց հայկական քաղաքական հաստատութիւնները: Իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը փորձեց հայրենիքէն արմատախիլ ընել ինքնիշխան պետութենէ զրկուած ազգ մը:
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը անգամ մը եւս կ՛ընձեռէ այն հաստատութենական հիմքը, որուն վրայ կարելի է շարունակել հայկական քաղաքական ազգի կերտումը: Բայց այդ ապագան երաշխաւորուած չէ: Ան կախեալ է մեր հաստատութիւններու ամրութենէն եւ որակէն, մեր քաղաքական մշակոյթէն եւ յաջորդական սերունդներու` զանոնք ամրապնդելու յանձնառութենէն:
Հայկական եռագոյնը տեսանելի կերպով կը մարմնաւորէ այս յարաբերութիւնը: Ան կը խորհրդանշէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը` միաժամանակ յիշեցնելով աշխարհի չորս կողմը ապրող հայերուն, որ իրենք բոլորը մէկ մնայուն ազգային համայնքի մաս կը կազմեն:
Քանի որ եռագոյնը ամբողջ հայ ազգին կը պատկանի, ան երբեք պէտք չէ նոյնացուի որեւէ կառավարութեան, քաղաքական կուսակցութեան կամ խմբաւորման հետ: Ազգային խորհրդանիշներուն ուժը այն է, որ անոնք կը գտնուին ամէնօրեայ քաղաքական պայքարէն վեր: Խորհրդային տարիներուն հայկական եռագոյնը դարձաւ քաղաքական բաժանումի խորհրդանիշ` մարմնաւորելով այն ազգային իղձերը, զորս այն ժամանակուան իշխանութիւնը կը մերժէր: Անկախ Հայաստանի մէջ այդ էջը պէտք է վերջնականապէս փակուած մնայ: Անկախ քաղաքական տարակարծութիւններէն, եռագոյնը պէտք է շարունակէ մնալ ամբողջ հայութեան ընդհանուր խորհրդանիշը` միաւորելով, ոչ թէ` բաժնելով հայերը: Ասիկա պէտք է մնայ հայկական քաղաքական կեանքի անգիր սկզբունքներէն մէկը:
Հայութիւնը հազարամեակներ շարունակ գոյատեւած է` դիմագրաւելով թագաւորութիւններու վերելքն ու անկումը, օտար տիրապետութիւնը եւ կրկնուող տեղահանութիւնները: Թէեւ հայկական համայնքներ դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած են հայրենիքէն դուրս, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը հազարաւոր վերապրողներ սփռեց աշխարհի չորս կողմերը` ժամանակակից հայկական սփիւռքին տալով իր համաշխարհային դիմագիծը: Այդ ընթացքը տակաւին կը շարունակուի, քանի որ պատերազմներն ու տնտեսական անորոշութիւնը շատ մը հայեր կը ստիպեն լքել Միջին Արեւելքի` Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուած վաղեմի համայնքները եւ նոր կեանք սկսիլ այլ երկիրներու մէջ:
Սակայն սփռումը ազգը չքանդեց: Ընդհակառակը, ան ծնունդ տուաւ հայկական անդրազգին (TransNation): Ապահովել, որ այս անդրազգը, հակառակ իր աշխարհասփիւռ գոյութեան, շարունակէ մնալ մէկ ազգ, քսանմէկերորդ դարու հայութեան մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկն է:
Ինչպէս շատերը գիտեն, եռագոյնին կարմիրը, կապոյտը եւ նարնջագոյնը պաշտօնական իմաստ ունին` համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան «Պետական դրօշի մասին» 2006 թուականի յունիս 15-ի օրէնքին: Կարմիրը կը խորհրդանշէ Հայկական Լեռնաշխարհը եւ հայ ժողովուրդին գոյատեւման, հաւատքի ու ազատութեան համար մղած դարաւոր պայքարը: Կապոյտը խաղաղ երկինքի տակ ապրելու կամքն է: Նարնջագոյնը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին ստեղծագործ ոգին եւ աշխատասիրութիւնը:
Նոր օրէնքը այս խորհուրդները կը դարձնէ ազգային ինքնութեան ամէնօրեայ եւ տեսանելի հաստատումը: Այս իմաստով, հայկական եռագոյնը այն կէտն է, ուր դարաւոր ազգային արժէքները կը միանան արդի պետականութեան` քաղաքական արտայայտութիւն տալով հանրապետութենէն անհամեմատ աւելի հին քաղաքակրթութեան մը:
Եզրակացնելով` նոր օրէնքը Հայաստանի ամբողջ տարածքին աւելի տեսանելի կը դարձնէ եռագոյնին ներկայութիւնը: Թերեւս ան նաեւ ներշնչէ սփիւռքի հայկական հաստատութիւնները, որ եռագոյնին աւելի արժանի տեղ յատկացնեն իրենց համայնքային կեանքին մէջ: Ոչ թէ որովհետեւ հայութիւնը խորհրդանիշներու պակաս ունի, այլ որովհետեւ մնայուն ազգերը կարիքն ունին ընդհանուր խորհրդանիշներու, որոնք սերունդներ կը կապեն իրարու: Հայկական եռագոյնը աշխարհի չորս կողմը ապրող հայերուն կը յիշեցնէ, որ հակառակ տարբեր երկիրներու մէջ եւ տարբեր պետական համակարգերու տակ ապրելու իրողութեան` անոնք կը շարունակեն մնալ մէկ ազգ: