Մեր օրակարգը պէտք է ըլլայ յստակ ու անդրդուելի՝ հիմնուած համազգային դիմադրութեան վրայ. Յովսէփ Տէր Գէորգեան
- (0)

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի բացման խօսքը Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողովին.
Այսօր, այս դահլիճին մէջ համախմբուած են աշխարհի քսանհինգ երկիրներէ ժամանած աւելի քան հարիւր յիսուն մասնակիցներ։
Սակայն այս հաւաքը միայն թիւերու արձանագրութիւն մը չէ․ ան կը մարմնաւորէ Սփիւռքի տասնամեակներու երկարաշունչ նուիրումին ու աշխատանքի կենդանի շարունակութիւնը՝ այն Սփիւռքին, որ սերունդ առ սերունդ եղած է հայ ինքնութեան կրող, ազգային պահանջատիրութեան առաջամարտիկ, մշակոյթի ու լեզուի շունչը պահպանող, եւ հայրենիքին ու Արցախին՝ նիւթական, բարոյական ու քաղաքական հենարան։ Մեր համայնքները կառուցած են հաստատութիւններ, դպրոցներ, մամուլ ու կազմակերպութիւններ, պահած են ազգային յիշողութիւնը, բարձրացուցած են հայութեան ձայնը միջազգային բեմերուն վրայ, եւ հաւաքական կամքով վերածած են ցաւը՝ կազմակերպուած ուժի։
Այստեղ մեզ կը համախմբէ մեր հայրենիքի եւ ազգի առջեւ ծառացած օրհասական տագնապի գիտակցութիւնը։ Մենք կը գտնուինք մեր պատմութեան ամենաճակատագրական հանգրուաններէն մէկուն առջեւ, ուր հայկական պետականութեան հիմքերը կը սասանին, իսկ ազգային ինքնութիւնը կ’ենթարկուի նպատակաուղղուած ու հետեւողական յարձակումներու։
Այս ապազգային ընթացքին ամենացաւալի դրսեւորումներէն է Հայոց Ցեղասպանութեան նսեմացման փորձը։
Սփիւռքը երբեք չի՛ կրնար հանդուրժել Թուրքիոյ եւ ազրպեյճանի կողմէ պարտադրուած Արցախի եւ մեր պատմական անժամանցելի իրաւունքներու զիջումը՝ յանուն անորոշ ու ստորացուցիչ «խաղաղութեան»։
Նոյնքան մտահոգիչ է իշխանութիւններու սանձազերծած պայքարը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ։ Մենք գիտենք, որ երբ կը թիրախաւորուի Եկեղեցին, թիրախի տակ կը յայտնուի հայ ինքնութեան ողնաշարը։
Այս ամբողջ տագնապի կիզակէտին կը մնայ Արցախը՝ մեր չմարող վէրքը եւ պայքարի հիմնական առանցքը։ Արցախի հայաթափումը եւ բռնագրաւումը մեր ժամանակներու մեծագոյն ողբերգութիւնն են, սակայն մենք չենք պատրաստուիր ընդունիլ զայն որպէս վերջակէտ։ Մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները դաւադրական ընթացքով կը հրաժարին Արցախէն, Սփիւռքի զօրաշարժը իր բոլոր հոսանքներով պէտք է դառնայ այն հզօր ձայնը, որ միջազգային բեմերուն վրայ կը հետապնդէ Արցախի ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքները։
Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու գծով, մենք ականատեսն ենք մտահոգիչ իրողութեան մը, ուր Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն անտեսել, պառակտել եւ արհամարհել կազմակերպուած Սփիւռքի տասնամեակներու վաստակը՝ վտանգելով մեր հաւաքական ուժականութիւնը։
Մեր թշնամիներուն հաճոյանալու միտող այս քաղաքականութիւնը ոչ միայն չի նպաստեր Հայաստան–Սփիւռք համագործակցութեան, այլեւ համակարգուած կերպով կը քանդէ մինչեւ այսօր համատեղ ջանքերով կառուցուածը։
Աւելին՝ այս ընդհանուր ընթացքը իր կործանարար ազդեցութիւնը ունի նաեւ Սփիւռքահայութեան վրայ՝ խորացնելով յուսալքութիւնը, խախտելով հայաստանի պետութեան հանդէպ վստահութիւնը, ստեղծելով ինքնութեան ճգնաժամ, թուլացնելով համայնքային կառոյցներու համախմբումը եւ ստեղծելով սփիւռքահայութեան որոշ շերտերու մօտ ինքնամփոփումի վտանգաւոր մթնոլորտ մը։
Այս իրողութիւններուն լոյսին տակ, այս ճգնաժամային օրերուն հիմա ժամանակը չէ սփիւռքի ապագայի շուրջ տեսական քննարկումներու, կամ դէպի հայրենիք ուղղուող ներդրումներու եւ «բարեգործութեան» մասին խօսելու։ Սփիւռքը պէտք է հանդէս գայ որպէս լիարժէք քաղաքական աշխոյժ գործօն, որպէսզի միասնաբար կանխենք հայրենիքի եւ մեր ազգի ինքնութեան կորուստը։
Մեր օրակարգը պէտք է ըլլայ յստակ ու անդրդուելի՝ հիմնուած համազգային դիմադրութեան վրայ։ Մենք պարտաւոր ենք հակազդել մեր հայրենքի, պետութեան եւ ազգային ինքնութեան դէմ ուղղուած իւրաքանչիւր քայլի եւ ստեղծել ամուր պատնէշ մեր ազգի իրաւունքներուն, Եկեղեցւոյ ու արժէքներուն շուրջ։
Սակայն մեր զօրաշարժը պէտք չէ սահմանափակուի միայն որպէս հակադարձութիւն։ Ան պէտք է ունենայ ամուր ենթահող՝ գաղափարական, բարոյական եւ կազմակերպական. պէտք է ըլլայ արժէք ստեղծող, ու ապագայակերտ շարժում մը, որ կը միաւորէ մեր համայնքները ոչ միայն ընդդէմ վտանգներու, այլ՝ յանուն ծրագրուած վերելքի։
Յարգելի՛ ներկաներ,
այս խորհրդաժողովի ընթացքին պարտաւոր ենք ըլլալ անկեղծ ու համարձակ մեր ախտորոշման ու առաջարկներուն մէջ։
Այս խորհրդաժողովը պէտք է դառնայ այն հաստատուն մեկնակէտը, ուրկէ կը սկսի Սփիւռքի իրական զօրաշարժը՝ ամուր ծրագիրով, պատասխանատու կազմակերպումով, եւ համազգային հաւատքով։
Յառա՛ջ դէպի կազմակերպուած զօրաշարժ, յանուն հայութեան անվտանգ, ազգային եւ արժանապատիւ ապագային։
Փարիզ, 11 ապրիլ 2026