Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան 14 Յունուարին տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի մշակուի նոր Սահմանադրութեան բնագիրը:
«Ես` որպէս նոր նախարար, կարծում եմ, որ պէտք է ստանձնեմ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն` ի վերջոյ մշակել նոր Սահմանադրութեան նախագիծ», ըսաւ Գալեան:
Ան յստակ պատասխան չտուաւ հարցումին, թէ Սահմանադրութեան նախաբանը պիտի պահպանուի՞, թէ՝ ոչ. ան խորհուրդ տուաւ հետեւելու քննարկումներու ընթացքին: «Ոչ մի ինտրիգ (գաղտնի գործողութիւն), ոչ մի խնդիր այս ամէնում պէտք չէ փնտռել», ըսաւ Գալեան:
Նոր Սահմանադրութեան հարցը իշխանութեան օրակարգին վրայ տեղ գտաւ Պաքուի պահանջէն ետք: Ատրպէյճան կը պահանջէ փոխել Հայաստանի մայր օրէնքը, եւ խնդրայարոյց կը նկատէ նախաբանին մէջ Անկախութեան հռչակագրին յղումը, նաեւ հռչակագիրին մէջ Արցախի եւ Հայաստանի միաւորման մասին յիշատակումը:
Նախորդ տարի, Սահմանադրական դատարանը որոշեց, որ Անկախութեան հռչակագիրին եւ Սահմանադրութեան բովանդակութիւնները նոյնը չեն, սակայն Պաքուի պահանջը շարունակուեցաւ։
Վերջապէս, այս պահանջը պիտի կատարե՞ն, թէ ոչ, ի՞նչ պիտի որոշէ կառավարութիւնը. Գալեան շեշտեց, թէ Սահմանադրական դատարանը այս մտահոգութիւնը փարատած է: «Այս առումով ես թեման համարում եմ փակուած եւ Սահմանադրութեան տեքստի հետ կապուած առաջարկում եմ ուղղակի հետեւել յանձնաժողովի աշխատանքներին, իսկ դրանք մօտ ապագայում վերսկսուելու են», ըսաւ ան:
Ըստ Գալեանի` մայր օրէնքը փոխելու նպատակը աւելի լաւ Սահմանադրութիւն ունենալն է: Հրատապ հարց չկայ, Ատրպէյճանի պահանջին հետ կապ չունի, աւելցուց ան:
Պետական համակարգին մէջ փտածութեան եւ զայն արմատախիլ ընելու վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ Գալեան խոստովանեցաւ՝ փտածութիւն կայ, բայց անիկա համակարգային չէ, այլ՝ դրուագային:
«Համակարգային կոռուպցիան (կաշառակերութիւնը) իշխանական բուրգում ներքեւից վերեւ ձգուող կաշառքի շղթան է, երբ ծառայութիւնների մատուցման համար վերցրած կաշառքից բաժին է հասնում բուրգի գագաթին», բացատրեց Գալեան՝ աւելցնելով. «Ի հարկէ, դրուագային կոռուպցիա կայ: Թոյլ տուէք, որպէս երեւոյթ, ասել, որ այն եղել է մշտապէս հասարակութեան ծագման ու զարգացմանը համընթաց: Կարծում եմ` կոռուպցիան այնպիսի երեւոյթ է, որ կայ բոլոր երկրներում, ուղղակի ծաւալներն են տարբեր»:
Comments are closed.