«Մեր Ժողովուրդը Փաստեց Իր Տոկալու Կամքը Եւ Զօրութեամբ Կրցաւ Ապրիլ. 2022-ը Այս Կամքով Է, Որ Պէտք Է Դիմաւորենք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցեալ տարուան աւարտին «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի հետ անդրադարձաւ 2021-ի իրադարձութիւններուն:

Ան յայտնեց, որ շատ կը փափաքէր միայն խօսիլ ուրախութեան, յոյսի եւ հաւատքի մասին, «բայց դժբախտաբար մեր ուրախութիւնը անգամ միշտ ցաւով միախառնուած է: Հետեւաբար անխուսափելի է անցնող 12 ամսուան ակնարկել եւ ցաւի մասին չխօսիլ, թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական գետնի վրայ, լիբանանեան եւ համահայկական իմաստով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ 2021-ը անվերադարձ պէտք է երթայ` աւելցնելով, որ իսկապէս ահռելի եւ անհանդուրժելի վիճակ էր այդ տարուան ընթացքին: «Սակայն հակառակ այս դաժան եւ ընկճող իրավիճակին, որ դարէ մը ի վեր գոյութիւն չունէր, մենք նշմարեցինք հայ մարդուն տոկալու կամքը` իբրեւ անհատ, եւ մանաւանդ իբրեւ հաւաքականութիւն: Մենք տոկուն ենք, երբ իրարու հետ ենք, միասին ենք», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ անցնող տարուան ընթացքին բացայայտուեցաւ, որ լիբանանահայութիւնը ինչքա՛ն սիրուած է սփիւռքահայութեան կողմէ, որ այդքան արագ հասաւ անոր օգնութեան: «Իբրեւ լիբանանահայութիւն, ՀՅ Դաշնակցութիւն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետով, իբրեւ միաւորներ` Համազգային, ՀՄԸՄ, ՀՕՄ, հայկական բոլոր կուսակցութիւնները, հայկական բոլոր միութիւնները, անհատ բարերարներ, «Հայաստան» հայկական հիմնադրամ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս, Արցախի բարեկամները: Մենք պահ մը անգամ չմտածեցինք, որ որեւէ քայլի ծրագրելու պարագային կրնանք առանձին մնալ: Ընդհակառակն` նետուեցանք այնպիսի ծրագիրներու մէջ, որ լիբանանահայութեան կամքը հզօրանայ եւ տարբեր մարզերու մէջ անոր գոյութիւնը ապահովուի», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ ճիշդ է, թէ իւրաքանչիւր ընտանիք դժուար պայմաններ ունեցաւ, տնտեսական սուր տագնապին զուգահեռ թշուառութիւնը տարածուեցաւ, սակայն հաւաքական իմաստով ալ լիբանանահայութիւնը տոկաց:

«Մեր եկեղեցիները բաց մնացին եւ լեցուեցան հաւատացեալներով, հայկական դպրոցները իրենց դռները բաց պահեցին: Մեր միաւորները, միութիւնները` իրենց դպրոցներով: Մարզական միութիւնները` իրենց խումբերով, սկաուտական շարքերով, բարեսիրական մեր միութիւնները սքանչելի գործ կատարեցին: Պահ մը եթէ բանանք մեր մամուլը, պիտի տեսնենք, որ շաբաթական դրութեամբ ձեռնարկներ կան, մինչ ուրիշներ շուարած են ու պահուըտած: Մեր համայնքին կը պատկանի պատիւը, որ մենք մեր ժողովուրդին հետ ըլլալով` անոնց կեանքը պահեցինք առոյգ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կարելի չէ ամէն բան նեղ անկիւնէ դիտել, եւ ցաւը պէտք է կիսել հաւաքականութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ուրախութիւնը բազմապատկել հաւաքականութեան մէջ:

«Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդը տախտակաշէն եւ թիթեղաշէն իր բնակարաններուն մէջ ըլլալով եկեղեցի ու դպրոց կը շինէր եւ թատրոն կը կազմակերպէր: Այսօր անշուշտ գաղթականութեան օրերը չենք ապրիր, սակայն մեր ժողովուրդը նոյն ամրութեամբ եւ զօրութեամբ կրցաւ ապրիլ, հետեւաբար 2022-ը այս ձեւով եւ այս կամքով է, որ պէտք է դիմաւորենք: Լացը, յուզումն ու սուգը մեզ անհատապէս կը քանդեն միայն, սակայն հաւաքական ուրախութիւնը, նեցուկն ու կամքը, եւ այդ կամքին կռանումը` մեզ կը զետեղեն մեր ապագան կերտելու իրականութեան մէջ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Ան շեշտեց, որ ապրելու մեր կամքն ու հաւատքը չենք կրնար կոտրել, որովհետեւ երբ հաւաքական հաւատքը կը կոտրենք` նաեւ կը քանդենք մենք զմեզ իբրեւ առանձին անհատներ:

Ամբողջ տարուան ընթացքին «Միասի՛ն» արտայայտութիւնը շեշտադրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ակնարկեց միասին ըլլալու եւ իրարմով զօրանալու անհրաժեշտութեան:

«Ժողովրդային առածները իմաստուն են եւ, օրինակի համար, մէկ ձեռքով չենք կրնար ծափել, իսկ մեր ժողովուրդը ի՛նք ծափահարութեան արժանի է: Միասին ըլլալով է, որ մենք ամուր ենք եւ զօրաւոր:

Իւրաքանչիւրս առանձին առանձին ոչնչութիւն ենք, այսօրուան աշխարհին պարտադրանքն է առանձնութիւնը կարեւորել` միասնութիւնը քանդելու համար: Այսինքն` անհատը, անձը կարեւորել, զայն դուրս բերելով իր միջավայրէն եւ թունաւորել զայն` վերածելով փոթորիկի, որ պատճառ կը դառնայ նաեւ հաւաքականութեան միտքն ու հոգին պարպելու իր պատկանելիութենէն, ինչպէս նաեւ քանդելու այդ հաւաքականութեան ազգային երազներն ու նպատակները: Ի վերջոյ ժողովուրդները ձգելու այն թակարդին մէջ, ուր անոնք պարտուին: Այո՛, իբրեւ հայութիւն պարտուեցանք Արցախի մէջ: Մեր պարագային սակայն պարտութիւն կարելի չէ ըսել, որովհետեւ կը պարտուիս, երբ կռուիս ու տարածք կորսնցնես, սակայն մենք հող յանձնեցինք, որ տարբեր է: Մենք կը յարգենք հինգ հազար մեր նահատակները եւ անոնց յիշատակը վառ կը պահենք, ոչ թէ խոնարհելով, այլ` Արցախի լեռներուն վրայ անոնց թափած արիւնը արժեւորելով իբրեւ պայքարը շարունակելու զինապահեստ», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ երբ ժողովուրդ մը միասին է, լեռները անգամ կրնայ շարժել: «Փաստը այն է, որ մենք յաղթած ենք, երբ միասին եղած ենք, իսկ պարտուած ենք, երբ պառակտուած ենք: Հետեւաբար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այս պատճառներով է, որ կեդրոնացաւ ՄԻԱՍԻՆ եզրին վրայ», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց նաեւ, որ լաւատեսութիւնը հաւաքականութեան մէջ ըլլալով է, որ կարելի է զգալ եւ ոչ առանձին:

Ան հաստատեց, որ նման պայմաններու ընթացքին մեծագոյն սխալը խուճապային որոշում տալն է, հետեւաբար պէտք է զգուշ ըլլալ:

Ժողովուրդին եւ կուսակցութեան միջեւ սեպ խրելու եւ միասնականութիւնն ու ամրութիւնը քանդելու փորձերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ անիկա նորութիւն չէ եւ հայութեան պատմութեան մէջ յաճախ կրկնուած է` միշտ փորձել ժողովուրդ եւ պատասխանատուներ կապը խզել:

«Պատերազմի ընթացքին ալ շատ կը պատահէր, երբ պատասխանատու մը տարօրինակ վարուելակերպ կ՛ունենար եւ յանկարծ անծանօթ կազմակերպութիւններ ամբողջ կուսակցութեան կը վերագրէին անոր արարքները: Վերջին հաշուով ամէն մարդ սուրբ չէ, իսկ սուրբերն ալ սխալած են եւ ապա մեղայի եկած: Ինչ ալ ըլլայ ժողովուրդը մեր ժողովուրդն է` նոյնիսկ եթէ մեր դէմ են կարգ մը անհատներ, իբրեւ մտածողութիւն եւ իբրեւ անհատ: Եթէ մեր ժողովուրդը մեզի վստահած է, եւ պատասխանատուութիւն ունինք, ապա մեր հասցէին կատարուած անձնական վիրաւորանքները պարտաւոր ենք ճզմել: Եթէ ընդունինք այդ վիրաւորանքները եւ տկարանանք` դիմացինին կամքը կատարած կ՛ըլլանք», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ի կարգախօսը ամէնուրեք աշխատանքը շարունակել է` Լիբանան, Արցախ, Մոսկուա թէ այլուր: «Մենք մեր գործը պիտի շարունակենք: Քննադատութիւններն ու հարուածները կը միտին մեզի տկարացնել: Իմաստութեամբ, զգօնութեամբ, խաղաղ մտածելակերպով մեր գործը պիտի շարունակենք: Այդ է մեր առաքելութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը 131 տարեկան է, եւ ցարական Ռուսիան, օսմանեան Թուրքիան, Իթթիհատը, համայնավարութիւնը, աշխարհի բոլոր գաղտնի սպասարկութիւնները անխտիր, մեր դէմ կռուած են: Ինչո՞ւ մեր դէմ կռուած են: Որովհետեւ զօրաւոր ենք, որովհետեւ իրենց նպատակները մեր քով չեն իրականանար: Մենք պիտի դիմանանք», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ այս տարի երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կարելիութեան` Յ. Բագրատունի նշեց, որ անհրաժեշտ է այդ ընտրութիւններուն կայացումը: Ան ընդգծեց հետեւեալը. «Մենք մեր ժողովուրդին հետ ենք` անիկա մեզի հետ ըլլայ կամ ոչ: Ոեւէ մէկը Լիբանանի մէջ չի կրնար յանդգնիլ եւ ըսել, թէ այն նեցուկը, որ մենք կու տանք մեր ժողովուրդին` յարանուանութեան հիման վրայ կամ կուսակցական պատկանելիութեան հիման վրայ է: Շատ են այն պարագաները, որոնք մեզի ուղղակի ըսին, թէ իրենք ի նպաստ մեզի պիտի չքուէարկեն: Մեր պատասխանը եղաւ, որ մենք քեզ հարց չենք տար կատարելիք ընտրութեանդ մասին, սակայն եթէ հայ ես եւ այսօր դժուարութեան մէջ ես, ապա այսօր մարդկօրէն մենք անհրաժեշտ կը նկատենք քու կողքիդ ըլլալ: Երանի մեր կարելիութիւնները ներէին եւ կարենայինք ոչ հայուն ալ նոյնպէս օժանդակել: Մարդկային ցաւին դիմաց անկարելի է անտարբեր մնալ: Ժողովուրդը կրնայ ուրիշը ուզել, բայց մենք պիտի շարունակենք անոր կողքին ըլլալ»:

Անցնող երեք տարիներուն ընթացքին մեր վկայած զօրակցութիւնը այլ ժողովուրդներու մէջ չի գտնուիր: «Չէք կրնար երեւակայել, որ արտասահմանեան մեր կառոյցները ի՛նչ սքանչելի աշխատանք տարած են: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, Համազգայինը, մեր առաջնորդարանները, բարեկամները, անհատներ, որոնց անունը չենք լսած` կապուեցան, հաստատեցին մեր կողքին ըլլալու իրենց զօրակցութիւնը եւ անհրաժեշտ նկատեցին, որ մենք ամուր մնանք, որպէսզի իրենք շարունակեն ամուր մնալ: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին, երբ տակաւին մեր վիրաւորները գետինն էին, զօրակցութեան եւ օժանդակութեան հարիւրաւոր հեռաձայններ ստացանք, դեղորայքի տագնապի օրերուն նոյնպէս: Այս բոլորը եղան առանց քարոզչութեան, որովհետեւ անոնք գիտեն ի՛նչ ըսել է լիբանանահայութիւն: Գիտեն, որ անիկա արիւնատար երակ է, բազկերակ է: Պատի՛ւ բոլոր այն միութիւններուն, որոնք հասան մեզի: Մենք իրենցմով զօրաւոր ենք: Այս հոգեկան հարստութիւնը, որ կայ, եւ ես կը տեսնեմ, ինչպէ՞ս կրնամ լաւատես չըլլալ: Մարդիկ ամէն օր մեզի հետ են: Պատի՛ւ իրենց: Արդեօք մէկը հարց տուա՞ծ է, թէ մեր դպրոցները ինչպէ՞ս ոտքի կը մնան, ո՞ր պետութիւնը կ՛օժանդակէ: Ո՛չ մէկ պետութիւն: Մեր ժողովուրդն է, որ առանց փոխադարձի կը կատարէ այդ բոլորը: Այն ի՛նչ որ սորված են լիբանանահայ կեանքին մէջ` այդ է, որ կու տան», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ կան այլ գաղութներ, որոնք նախկին լիբանանահայերէ չեն կազմուած, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն նուիրատուութիւն կազմակերպելու լիբանանահայութեան համար: «Ինչպէ՞ս չհմայուիլ անոնց այս կեցուածքով եւ լաւատես չըլլալ: Անոնք լաւ գիտեն, որ լիբանանահայութիւնը սովորական գաղութ չէ, այլ քաղաքական միաւոր, սփիւռքեան մեր գոյութեան յենակէտն է եւ հայ ժողովուրդի պայքարի յենակէտը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայ կացութիւնը անմիջական լուծում չունի դժբախտաբար, սակայն այս իրավիճակին պէտք է դիմանալ համբերութեամբ, յոյսով ու հաւատքով: «Մարդ անհատը կը քանդուի, երբ յոյս չունենայ: Տագնապներուն ընթացքին ոմանք անձնասպան կ՛ըլլան, որովհետեւ անհատական իրենց յոյսը կը կորսնցնեն: Մենք անձնասպան եղող ժողովուրդ չենք: Ամուր ժողովուրդ ենք: Երբեմն կը տկարանանք եւ պարտուողական տրամադրութիւններ կ՛ունենանք: Սակայն մենք չենք կրնար ընկճուիլ: Մեր պայքարը պիտի շարունակենք դժուարութեամբ, կաղալով, բայց պիտի յաղթենք: Այս տագնապը ցմահ չէ, յաւերժական չէ: Պիտի փոխուի ամէն բան, որովհետեւ խնդիրը զուտ լիբանանեան չէ, շրջանային է ու միջազգային, եւ եթէ իսկապէս կարենանք կարդալ անցուդարձերը, պիտի տեսնենք, որ Լիբանան կարելիութիւններ ունի: Լիբանանը սնանկացած չէ, սակայն տագնապին հետ վարուելու անոր ատակութիւնը նուազած է եւ ան այլոց շահերուն ոտնակոխ դարձած է: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, եւ համոզուած եմ, որ նաեւ հայկական միւս կուսակցութիւնները, կը հաւատան, որ Լիբանանը պիտի բարելաւուի», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ ոչ հայեր եւս հաւատք ունին լիբանանահայութեան վրայ եւ մեզ կը նկատեն այս երկրին աղը, ու հայութեան տկարացումը վնասակար կը գտնեն Լիբանանին համար:

«Կը մաղթեմ, որ 2022-ը պայծառ տարի մը ըլլայ: Հրաշքներ կրնան չպատահիլ, սակայն կը մաղթեմ եւ կը հաւատամ, որ 2021-ը պիտի չփնտռենք: Անպայման աւելի լաւ պիտի ըլլանք, բայց միասին մնալով, որպէսզի հաւաքաբար կարենանք դիմակալել մեր դէմ ցցուած դժուարութիւնները», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով բոլորը եւ մաղթելով, որ Հայաստանի իշխանաւորները գիտնան, որ Հայաստանը համայն հայութեան կը պատկանի: «Անոնք պէտք է գիտնան, որ զուտ պետական շահերով չեն կրնար համայն հայութեան շահերը վտանգել: Զուտ տնտեսական հաշիւներով եւ քանի մը հարիւր հայու բարւոք կեանք ապահովելու համար, հարիւրաւոր տարիներու հայ ժողովուրդի պայքարը չոտնակոխեն: Մեր նահատակներուն թափած արիւնը եւ իրենց մղած պայքարի դրօշը բարձր պէտք է պահել: Թուրքը թուրք պիտի մնայ եւ ոչ թէ բարի դրացիի վերածուի: Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է մտածեն, որ չեն կրնար հայութեան դարաւոր պայքարը բաց սահմաններով, դէպի Պոլիս ուղղակի թռիչքներով, քանի մը քիլոմեթր վնասելով առիւծը գոհացնել: Լաւ գիտնանք, որ մենք բուռ մը ժողովուրդ ենք, իսկ մեր շրջապատը կազմ ու պատրաստ է յօշոտելու մեզ` մնալով անյագ», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.