Մեր Առաջնահերթութիւնները

Horizon Weekly Newspaper

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները: Բայց այդ աւարտը լոկ ռազմավարական ճշգրտումներու աւարտ էր եւ սկիզբ մարտավարական ծրագրաւորումի, աշխատանքի, իրագործումներու եւ մեր ազգին ու հայրենիքին կրած պարտութիւններուն շղթան շրջելու եւ զայն յաղթանակներու շղթայով փոխարինելու յոյս:

Այդ սկիզբն է, որ կրնայ իմաստաւորել որեւէ ժողովի մը աւարտը, իսկ այդ իմաստաւորումը համադաշնակցական պարտաւորութիւն է, որ կրնայ դրսեւորուիլ կազմակերպական կուռ կառուցուածքի, անհրաժեշտ միջոցներու ապահովումի եւ արմատներէն եկած սկզբունքներով զինուած՝ ժամանակակից միտքով դէպի ապագայ նայելու վճռակամութեամբ:

Առաջին այս յօդուածով թուենք այսօրուան ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն շարքը, ապա յաջորդական յօդուածներով պիտի անդրադառնանք իւրաքանչիւրին մարտավարական պահանջներուն: Բնականաբար, ռազմավարական առաջնահերթութիւններ ճշդելու տրամաբանութիւնը պիտի բխի մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն ու անցեալի սխալները առարկայականօրէն արժեւորելու ունակութենէն:

_ Արցախի բռնագրաւումը, հայաթափումը եւ արցախահայութեան նկատմամբ իրագործուած ցեղասպանութիւնը առաջնահերթութիւն կը դարձնեն Հայաստանի մէջ արցախահայութեան հաւաքական կեցութիւնը:

_ Արցախահայութեան հաւաքական կեցութիւնը անպայմանօրէն պիտի ունենայ հաւաքական երաշխաւորուած վերադարձի հեռանկար ու նպատակ:
Արցախահայութեան հաւաքական կեցութիւնը եւ երաշխաւորուած վերադարձի իրաւունքի հետապնդումը միայն մէկ մասնիկ են Արցախի ազատագրման սեւեռակէտին:

_ Արցախի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան մէջ իրենց անուրանալի աւանդը ունեցած՝ գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու այլ գերիներու կեղծ դատավարութիւնը, լոկ անձերու նկատմամբ ի գործ դրուած ոտնակոխում չէ, այլ ազատ ապրելու կամքն ու վճիռը հարուածելու լկտի փորձ:

Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդումը խիստ կարեւոր երաշխիք է պարտութիւններու շղթան կասեցնելու եւ ապագայ պարտութիւններ կանխելու:

_ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան վերականգնումը հայոց պետականութեան պահպանման ու հզօրացման առաջին հրամայականն է:
Հայաստանն ու Արցախը տարածաշրջանային դերակատար դարձնելու նպատակի իրագործումը կարելի չէ հակազգային մտայնութեամբ: Ազգային գաղափարախօսութեան ու արժէքներու պաշտպանութիւնը անհրաժեշտ հրամայական է հայկական արեւելում ունեցող ազդու քաղաքականութեան համար:

_ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը կիսատ ու անբովանդակ կը դառնայ, եթէ Սփիւռքը չդիտուի իբրեւ ռազմավարական լծակ ու գործակից: Անհրաժեշտ է ամրապնդել Սփիւռքի ոչ-ինքնանպատակ ռազմավարական նշանակութիւնն ու ներուժը:

_ Հայկական ազգային արեւելումը չի կրնար մեզ առաջնորդել միջազգային քաղաքական մեկուսացման: Այդ արեւելումի թելադրանքը այն է, որ դերակատար երկիրներու հետ պէտք է յարաբերութիւնները խորացնել, ազգային մեր շահերուն ու նպատակներուն հետ համընկնելու չափով:

Ահա այն առաջնահերթութիւնները, որոնք պէտք է հունաւորեն մեր ճամբան եւ որոնք կը կարծենք, թէ կրնան համախմբել ազգային գաղափարախօսութեամբ գործող ու կեղծ արեւելումի օրակարգով չառաջնորդուող հայրենիքի ու Սփիւռքի բոլոր ուժերը: