Մենք մեր 135 տարուան տէրն ենք, դուք ձեր 8 տարուան համար պատասխան տուէք. Արմէն Ռուստամեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի ելոյթը Ազգային ժողովին մէջ։ Ելոյթը հնչած է «Հայաստան» խմբակցութեան հեղինակած որոշումի նախագիծի քննարկումի ընթացքին, որ կը վերաբերի Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւններու դադրեցումին։


Նախ եւ առաջ, ուրախ եմ, որ այս քննարկումը Դաշնակցութեան մասին է։ Սա մեզ ուղեկցած է 135 տարի, մեզի համար նորութիւն չէ․․․ 135 տարի մեզ կը մերժեն, բայց 135 տարի մենք կանք։ Այս երեւոյթը, անշուշտ, առաջին հերթին անախորժ է թուրք-ատրպէյճանական տանդեմին։ Անոնք այնքա՜ն պայքարած են մեր դէմ, որ դուք վազելով նոյնիսկ չէք հասնիր, եւ այս առումով խօսքս կ’ուզեմ ուղղել պարոն Յակոբ Յակոբեանին։ Բայց Յակոբ Մովսէսին ըսելիքս մէկ բան է, որովհետեւ իր հետ ունեցած եմ նաեւ բանավէճեր այս թեմաներուն շուրջ, երբ ինք ազատ մտաւորական էր, իսկ Յակոբ Յակոբեանին՝ ուրիշ բան, որովհետեւ այժմ ան ՔՊ-ի թեթեւ ձեռքով դարձած է ծանր հրետանի Դաշնակցութեան դէմ։ Այսինքն՝ դուք դարձած էք Դաշնակցութեան դէմ դատի մեղադրող կողմ։

Գիտէ՞ք, թէ ինչ աւարտ ունեցած են Դաշնակցութիւնը դատողները։ Այսօր անոնք արխիւ անցած են։ Կայսրութիւններ են Դաշնակցութիւնը դատած, իսկ այսօր այդ կայսրութիւնները չկան, արխիւի մէջ են։ Դաշնակցութեան մէջ մեծութիւններ կան, փաղանգ ունեցող կուսակցութիւն է Դաշնակցութիւնը։ Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան․ այս անունները բաւարար են, որպէսզի նոյնիսկ Յակոբ Մովսէսը չհամարձակուի դատել Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ այդ մեծերուն չափ չկայ։ Էլ ուր մնաց, որ ՔՊ-ն փորձէ դատել այդպիսի փաղանգ ունեցող կուսակցութիւն մը։ Մտածեցէք՝ ձեր կուսակցութենէն ի՞նչ անուններ պիտի մնան պատմութեան մէջ։

Եւ ամենակարեւորը՝ եթէ Դաշնակցութիւնը չըլլար, Դաշնակցութեան տեսակը չըլլար, մենք եւ դուք, պետութիւն պիտի ունենայի՞նք։ Այսքան շատ կը խօսիք պետութեան մասին․ այդ պետութիւնը գոյութիւն պիտի ունենա՞ր, այս տարածքները պիտի ունենայի՞նք, որոնց վրայ այսօր պետութիւն ունինք։ Այդքա՞ն ապերախտ կրնայ ըլլալ սերունդ մը իր նախնիներուն հանդէպ․․․ Չէ՞ք հասկցած, որ եթէ այդ տեսակը չըլլար, այո՛, «Մահ կամ ազատութիւն» ըսող տեսակը չըլլար, այս դառն ճակատագիր ունեցող, դարեր շարունակ հալածուած ազգը ինչպէ՞ս պիտի ունենար պետութիւն։ Նոյնինքն այդ տեսակն է, որ այս բոլորը ձեզ ժառանգած է․․․

Փարիզ գացած ու մտած չէ՞ք Փանթէոն։ Ի՞նչ գրուած է հոն։ Ո՞վքեր են այնտեղ ամփոփուած, որոնց մահուան շնորհիւ Ֆրանսան դարձած է պետութիւն։ Ամերիկեան Նիւ Հեմփշիր նահանգի նշանաբանը ո՞րն է՝ «Ապրիր ազատ կամ մեռիր»։ Հետադիմակա՞ն են։ Ահա այդպէս ձեւաւորած են այն, ինչ որ այսօր ունին։

Մենք, այո՛, երդուած ենք եւ պիտի շարունակենք երդուիլ՝ բոլոր ուժերով եւ նոյնիսկ կեանքի գնով ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին։ Եւ այս ծառայութիւնը մատուցածներն են, որ մեզի այս պետութիւնը ժառանգած են։ Ինչպէ՞ս կարելի է ուրանալ այդ իրողութիւնը․․․

Դաշնակցութեան տեսակը հիմնուած է հետեւեալ սկզբունքին վրայ՝ համակերպիլ այն բանին, զոր պէտք չէ փոխել, եւ փոխել այն, որուն հետ անհնար է համակերպիլ։ Ա՛յս է Դաշնակցութեան տեսակը, եւ այս ոգին պէտք է սերմանել իւրաքանչիւր հայու մէջ։

Այսօր որո՞ւ կ’ուզէք խաբել՝ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն․․․ Անվտանգութիւն որո՞ւ համար․ ֆիզիքապէս գոյութիւն ունեցող հայու համա՞ր, թէ՞ հայ տեսակի, հայու ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Անվտանգութեան բովանդակութիւնը հանած էք, կը խօսիք անվտանգութեան մասին։ որո՞ւ է պէտք այդպիսի անվտանգութիւն։ Ինքնութեան համար մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ չէ՞ պայքարած։ Դաշնակցութիւնը մտած է այդ պայքարին մէջ՝ այո՛, ժողովուրդի ինքնութիւնը պահպանելու համար։

Եթէ Ատրպէյճանը մեր ինքնութեան հետ խնդիր չունի, ինչո՞ւ Արցախը հայաթափեցին, ինչո՞ւ կ՚ոչնչացնեն ժառանգութիւնը, ինչո՞ւ կը քանդեն եկեղեցիները։ 1915-ին ինչո՞ւ կոտորեցին հայերը։ Որովհետեւ կ’ըսէին՝ դուք անաստուած էք, դուք մեր տեսակը չէք։ Թուրքիոյ մէջ հայեր կ’ապրի՞ն։ Այո՛, ծագումով հայեր կ’ապրին, բայց այնքան ժամանակ, որքան չեն հակասեր իրենց սահմանադրութեան։ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւն չկայ․ կայ թրքական ինքնութիւնը կրող անձ, եւ եթէ մէկը այդ ինքնութեան դէմ խօսի, կ’ունենայ Հրանդ Տինքի ճակատագիրը։

Մենք հրաժարի՞նք մեր ինքնութենէն, թրքական ինքնութիւնը համարենք լաւ, «քարտաշ-յոլտաշ» ըսելով ապրինք։ Կ’ըսեն՝ ապրեցէք, ո՞վ է ձեզ արգիլողը, բենզինն ալ պիտի գայ, ամէն ինչ պիտի գայ, ինչ որ ուզէք պիտի տանք, միայն թէ չըսէք, որ Հայկի սերունդ էք, չըսէք, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդ էք․․․ Ահա թէ ինչու պայքար սկսած են Դաշնակցութեան դէմ, որովհետեւ ինքնութեան կրողն ու պահապանն է։ Պայքար սկսած են Հայ Եկեղեցւոյ դէմ, որովհետեւ ան ինքնութեան կրողն ու պահապանն է։ Իսկ դուք հիմա մեր ինքնութեան ոչնչացման ձգտող կողմին հետ զինադադարը կը ներկայացնէք որպէս «խաղաղութիւն»։

Չարի հետ զինադադարը խաղաղութիւն մի՛ կոչէք։ Խաղաղութիւն գոյութիւն չունի, եթէ անոր հիմնական բաղադրիչները չկան։ Ան պէտք է հաստատուի երկու կողմերու իրաւունքները յարգելով եւ հարցերը լուծելով։ Պէտք է ըլլայ ուժերու հաւասարակշռութիւն, մինչդեռ ո՛չ մէկը կայ, ո՛չ միւսը․ կայ յաղթող եւ պարտուող։ Ուշքի եկէ՛ք։ Մենք մեր 135 տարուան տէրն ենք, դուք ձեր 8 տարուան համար պատասխան տուէք՝ ի՞նչ ստացած էիք եւ ի՞նչ թողեցիք։