«Մենք կը ճանչնանք Թումանեանը որպէս հեքիաթագիր, բայց կայ նաեւ մի՛ւս Թումանեանը, որ ե՛ւ հեքիաթ գրողն է, ե՛ւ բանաստեղծն է, ե՛ւ քաղաքական գործիչն է». բեմադրիչ Նենսի Թորոսեանի հետ
Արուեստագիտուհի Նէնսի Թորոսեան ծնած է Արժանթին, յաճախած է Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը, ապա վկայուած է Թատերական Համալսարանէն, որպէս դերասանուհի եւ թատրոնի դասատու: 2003-ին հաստատուած է Գանատա, Մոնթրէալ, ուր հայկական գաղութին մէջ ունեցած է իր իւրայատուկ ներդրումը որպէս բեմադրիչ եւ դերասան: Արժանցած է զանազան գնահատագիրներու Արժանթինի եւ Գանատայի մէջ, որոնցմէ յիշարժան է Սփիւռքի Նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանը: Ան որպէս բեմադրիչ աշխատակցած է Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայ բեմ» թատերախումբերուն: Ղեկավարած է գաղութիս մէջ գործող Ամառնային ճամբարներ, որոնց յայտագիրներուն մէջ զգալիօրէն ներմուծած է արուեստի դասընթացքներ: Վերջերս հիմնած է «Դէմքեր» Արուեստի Հիմնարկը ինչպէս նաեւ կ’իրականացնէ թատերական դասընթացքներ:
«Հորիզոն»ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին արուեստագիտուհի Նէնսի Թորոսեան անդրադառնալով «Դէմքեր» Արուեստի հիմնարկին հիմնադրութեան յայտնեց, թէ զայն հիմնած է 2018 Յուլիսին, Մոնթրէալի մէջ, երբ փափաքած է արուեստի անկախ հարթակ մը ստեղծել: «Արուեստագէտի կեանքին մէջ հանգրուան մը կ’ըլլայ, երբ կ’ուզէ առանձին գործել, դուրս գալ միութիւններու նեղ շրջանակներէն, գործել ի՛ր անձնական համոզումներով, ի՛ր մտայնութեամբ, ի՛ր աշխատելաոճով, բացուիլ աւելի լայն շրջանակներու եւ ոչ մէկ սահմանափակում ճանչնալ», կ’ըսէ տիկ. Նէնսի, աւելցնելով որ ան չի թերագնահատեր մշակութային միութիւններուն աշխատանքները, այլ կը շեշտէ, թէ անկախ գործելը արուեստագէտի կեանքին մէկ կարեւոր հանգրուաններէն մէկն է: «Կ’ուզեմ տարբեր միջավայր ստեղծել, փորձել բոլորովին նոր ծրագիրներ, փնտռել, որոնել, ստեղծել ու ստեղծագործել», կ’ըսէ տիկ. Թորոսեան:
Նշելով «Դէմքեր»ու հիմնադրման նպատակներն ու առաքելութիւնը, արուեստագիտուհին յայտնեց, թէ «Դէմքեր» հիմնարկին նպատակն է որոնել, գտնել ու յայտնաբերել նոր արուեստագէտներ, ապա յարմար միջավայր մը ստեղծել անոնց, որպէսզի կարենան ազատօրէն ստեղծագործել: «Դէմքեր» հիմնարկին առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ արուեստագէտը հանրութեան ծանօթացնելու առիթներ ստեղծելը,- կ’ըսէ ան եւ կ’աւելցնէ.- «Դէմքեր»ը մեծ թիւով անդամներ ունի, բոլորն ալ հայ են, Մոնթրէալէն»:
Այս տարի կը նշուի Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը. այս առթիւ Ապրիլ 27-ին, 28-ին եւ Մայիս 4-ին տեղի պիտի ունենայ «Միւս Թումանեան»ը ներկայացումը տիկին Նէնսիի բեմադրութեամբ: Հարցումին թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի սոյն անուանումը, բեմադրիչը ըսաւ. «Անցեալ տարի Հոկտեմբերին 2-րդ անգամ ըլլալով գացի Հայաստան եւ այցելեցի Լոռիի Դսեղ գիւղը, ուր կայ Թումանեանի տուն թանգարանը: Շատ յուզիչ պահեր ապրեցայ տուն թանգարանին մէջ, ներշնչուեցայ: Մենք Թումանեանը կը ճանչնանք որպէս հեքիաթագիր, կամ առաւելագոյնը որպէս բանաստեղծ: Բայց կայ նաեւ ուրիշ Թումանեան մը, մի՛ւս Թումանեանը, որ ե՛ւ հեքիաթ գրողն է, ե՛ւ բանաստեղծն է, ե՛ւ քաղաքական գործիչն է, որ հարկ եղած պարագային զինուեցաւ եւ Զօրավար Անդրանիկին ըսաւ. «Ես քեզի կը նուիրեմ իմ 4 տղայ զաւակներս եւ երկու աղջիկներս եւ քանի որ աւելի թանկ բան չունիմ կեանքիս մէջ, ե՛ս ալ պատրաստ եմ գալու եւ կռուելու քու կողքիդ»: Այդ նոյն Թումանեանն էր, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ըսաւ. «Այս բոլոր գաղթականները իրաւունք ունին Կաթողիկոսարան մտնելու», եւ երբ ան ըսաւ, թէ ինչպէ՛ս կը համարձակիս հետս այդպէս խօսելու, ե՛ս եմ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Թումանեան պատասխանեց. «Ե՛ս եմ Ամենայն Հայոց բանաստեղծը»: Զանազան անձնաւորութիւներու միաձոյլ մարմնաւորումն է Թումանեան»: Բեմադրիչ Թորոսեան կը յայտնէ նաեւ, թէ իր «Միւս Թումանեանը» ներկայացումը թատերական դասական բեմադրութիւն մը չէ, այլ «Իր հեքիաթներուն կողքին պիտի ներկայացնեմ նաեւ բանատեղծութիւնները, ուրիշներու յիշատակումները Թումանեանի մասին եւ այլն, այս բոլորին համադրումը պիտի ըլլայ ներկայացումը», կ’ըսէ ան:
Որմազդէն կը տեղեկանանք, որ նոյն ժամանակ եւ նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ հաւաքական ցուցահանդէս մը, որուն մասին տեղեկութիւններ կու տայ տիկին Նէնսին ըսելով. «Ցուցահանդէսը կ’ընդգրկէ լուսանկարներ, գեղանկարներ, քանդակներ ինչպէս նաեւ՝ զգեստներ: Արուեստագէտներն են Սիլվա Խաչերեան, Սիլվա Մելքոնեան, Գէորգ Թորոսեան եւ Էլիզ Պօղոսեան»: Իսկ զգեստներու ցուցադրութեան մասին ան կը յայտնէ, թէ զանոնք պատրաստողը սովորական դերձակ մը չէ, այլ հագուստեղէնի գեղաձեւութեամբ զբաղող արուեստագիտուհի մըն է, որ կը ստեղծագործէ դասական հագուստեղէն՝ իր ճաշակով եւ տեսակէտով:
Բուն մասնագիտութեամբ թատրոնի ուսուցիչ տիկ. Նէնսին անդրադառնալով թատերական դպրոցի մը հիմնադրման իր մտադրութեան կ’ըսէ. «Նախաքայլը առնուած է արդէն, եւ թատերական առաջին դասընթացքը իր աւարտին հասաւ: Դասընթացքը կը բաղկանայ 8 դասաժամերէ, որուն կրնան մասնակցիլ ամէն տարիքի անհատներ»: Ան կը յայտնէ, թէ թատերական դասընթացքներուն դերասաններուն կը փոխանցուին շնչառութեան, կեդրոնացման, կեցուածքի, շարժուձեւերու, ձայնային եւ խաղարկութեան մեթոտներ եւ գաղտնիքներ, որոնցմով կարելի է աւելի արհեստավարժ դերասաններ պատրաստել ապագային:
Հարցազրոյցի աւարտին արուեստագիտուհին կը յայտնէ, թէ ապագայի շատ ծրագիրներ կան մտքին մէջ, սակայն անոնց իրականացման համար «Արուեստագէտը իր ներշնչումին կը վստահի եւ անոր համեմատ ծրագիրներ կը մշակէ ու կը փորձէ զանոնք հրամցնել հանրութեան», կ’ըսէ ան եւ կ’աւելցնէ, թէ ան նաեւ միշտ պատրաստակամութիւն ունի իր աշխատակիցներուն մօտեցումներն ու ակնկալիքները նկատի առնելու եւ կարելի եղած չափով գոհացում տալու անոնց:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան