«Մենք Ենք Մեր Սարերը» յուշարձանի քանդման մասին տեղեկութիւնը չէ հաստատուած

ԵՐԵՒԱՆ — Համացանցի վրայ տարածուած լուսանկարը, որուն կից կը պնդուի, թէ շինարարական սարքերով կը քանդուի Ստեփանակերտի «Մենք Ենք Մեր Սարերը» յուշարձանը, այս պահի դրութեամբ չէ հաստատուած։

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պատասխանատու մարմինները յայտարարած են, որ լուսանկարին իսկութիւնը, ժամանակը եւ վայրը, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուցած դէպքին իրականութեան համապատասխանութիւնը ստուգման ընթացքի մէջ են։

Յայտարարութեան մէջ կոչ կ’ուղղուի լրատուամիջոցներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն՝ զերծ մնալ չստուգուած տեղեկութիւններ տարածելէ եւ սպասել պաշտօնապէս հաստատուած տուեալներու։

Նշուած է նաեւ, որ նման զգայուն հրապարակումներ կրնան ծանր հոգեբանական ազդեցութիւն ունենալ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան եւ ամբողջ հայութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անհարկի ուշադրութիւն հրաւիրելով՝ վտանգի տակ դնել մշակութային ժառանգութեան առարկաները։