Մենք ենք մեր գրողները. Ծանօթացում արցախցի գրողներու հետ

Հինգշաբթի, 29 Փետրուար 2024-ին, բախտաւորութիւնը ունեցանք ծանօթանալու հետեւեալ արցախցի վեց գրողներուն. այսպէս հերթաբար՝ Հերմինէ Աւագեանի, Վիտալի Պետրոսեանի, Նորեկ Գասպարեանի, Վարդան Յակոբեանի, Նեմրութի (Սերգէյ Սաֆարեան) եւ Տաթեւ Սողոմոնեանի հետ:

Ձեռնարկը նախաձեռնութիւնն էր Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին։ Ներկայացումը կատարուեցաւ խումբ մը գրասէրներու կողմէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, նախքան ձեռնարկը, ստանձնած էր գրող մը, կարդացած էր անոր մասին եւ ծանօթացած անոր գրական ստեղծագործութեան։ Նաեւ, իւրաքանչիւր գրասէր հեռակայ դրութեամբ հարցազրոյց ունեցած էր իր ընտրած գրողին հետ եւ շարք մը հարցումներ ուղղած:

Այսպէս, ձեռնարկին օրը, Անոյշ Ակներեան, Շողեր Մարգարեան, Մայտա Մանուկեան, Մարալ Պէրպէրեան, Զեփիւռ Ասատուրեան եւ Նանոր-Աշնա Սնապեան ներկայացուցին իրենց ընտրած գրողները ու կարդացին իրենց բանաստեղծութիւններէն նմոյշներ։ Իւրաքանչիւր գրողի մասին, ներկայացումէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը, ուր տուեալ գրողը կը պատասխանէր գրասէրին կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Ցաւօք, գրողներէն Վարդան Յակոբեանը մահացած էր անցեալ տարի։ Բայց գրասէրներու խումբը անհրաժեշտ գտած էր միւսներուն կողքին զինք եւս ծանօթացնել ներկաներուն։ Վաստակաշատ Վարդան Յակոբեան նախագահն էր Արցախի Հանրապետութեան Գրողներու միութեան եւ հիմնադիրը Գրիգոր Նարեկացի համալսարանին, հետեւաբար հարկ էր յիշուիլն ու յարգանք եւ մեծարանքի արժանանալը։ Իր մահէն քանի մը ամիս առաջ արձանագրուած հարցազրոյցի մը տեսանիւթով լսեցինք իր ձայնն ու արտայայտած մտքերն ու մտորումները։

Ակնդիրներս հաճոյքով դիտեցինք նաեւ միւս գրողներուն տեսանիւթերը, որոնք մտերմիկ միջավայր մը ստեղծեցին «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնէն ներս, եւ ներկաներս պահ մը փոխադրուեցանք Արցախ: Թէեւ Արցախի մէջ կատարուածը սրտայոյզ եւ հոգետոչոր իրականութիւն մըն է, սակայն մեր ծանօթացած գրողները կը դրսեւորէին եռանդ եւ դրականութիւն, ապրելով յանձնուած հայրենիքի վերականգնման յոյսով:

Սիմոն Պաղտասարեան

Comments are closed.