Մեծ Շէնէն Ոչ Մէկ Ընտանիք Հեռացած Է
Մարտակերտի Մեծ Շէն համայնքի բոլոր բնակիչները պատերազմէն ետք կը շարունակեն ապրիլ գիւղին մէջ:
Ըստ Մեծ Շէն համայնքի ղեկավար Դաւիթ Անանեանին, բնակիչները սկսած են ապրիլ բնականոն կերպով: «Պատերազմէն ետք 1 դեկտեմբեր 2020-էն վերաբացուած է դպրոցը, ուր կ՛ուսանի 50 աշակերտ, իսկ մանկապարտէզը` 7 դեկտեմբերէն, ուր կը յաճախէ 24 երեխայ: Ունինք բուժկէտ, ակումբ, մշակոյթի տուն, հանդիսութիւններու սրահ, որոնք կը գտնուին բարւոք վիճակի մէջ: Համայնքապետարանի շէնքը եւս կը գտնուի բնական վիճակի մէջ: Գիւղը ապահովուած է կազով եւ ելեկտրական հոսանքով: Ջուրի հարց ունէինք, քսան օր շարունակ ջուր չունեցանք, բայց բոլոր հարցերը լուծուած են», դիտել տուաւ համայնքապետը:
Ըստ աղբիւրին, պատերազմին պատճառով գիւղը բարեբախտաբար շօշափելի վնասներ չէ ունեցած:
Պատերազմական գործողութիւններէն ետք գիւղին մէջ եօթը ընտանիք վերաբնակեցուած է: Մէկ տուն վերանորոգուած է, հոն վերաբնակեցուած է Թալիշէն տեղահանուած ընտանիքը: Այս պահու դրութեամբ, վերանորոգութեան մէջ է այլ տուն մը` Հադրութէն տեղահանուած ընտանիքին տրամադրելու նպատակով:
Խօսելով գիւղացիներուն զբաղուածութեան եւ անոնց ապագայ ծրագիրներուն մասին` Դ. Անանեան նշեց, որ բնակչութիւնը հիմնականին մէջ կը զբաղի անասնապահութեամբ, հողագործութեամբ եւ բոյսերու մշակումով: