«Մեծ Թուրանի» այլընտրանքային ճանապարհը՝ Ջաւախքը

Տակաւին դպրոցական դասագիրքերէն հայ ժողովուրդը լսած է «Մեծ Թուրան» ծրագիրին մասին, որուն պատճառով այդքան տուժեր է հայ ժողովուրդը: Բոլորս ալ գիտենք, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ նպատակով գործադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ: Հիմնական նպատակը այն էր, որ իրենք կարենան միաւորուիլ մնացած թրքալեզու ժողովուրդներուն հետ, որուն հիմնական խոչընդոտը կը հանդիսանար հայ ժողովուրդը: Նպատակը չէր փոխուած նաեւ 1988-1994 թ. Արցախեան պատերազմի օրերուն, երբ նոյն Թուրքիան յոյսեր կը փայփայէր ի նպաստ Ատրպէյճանի լուծել Արցախեան խնդիրը եւ այդպիսով ստանալ Հայաստանի Հանրապետութեան Մեղրիի հատուածը, միաւորուելու համար Ատրպէյճանի հետ: Կարծես նպատակները այսօր ալ չեն փոխուած, եւ ամէն վայրկեան կրնայ նոր պատերազմ սկսիլ Արցախի մէջ, ինչ որ ցոյց տուին 2016 թուականի ապրիլեան իրադարձութիւնները: Եւ այս պայմաններուն մէջ աշխարհի համայն հայութեան ուշադրութիւնը սեւեռած է հայոց Արցախի վրայ, սակայն տուեալ լարուած իրավիճակին մէջ արդէն երկար տարիներ է, որ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը կ’իրականացնեն մէկ այլ մեծ ծրագիր, որուն միջոցով կը կառուցուի այլընտրանքային ուղի՝ «Մեծ Թուրան» ծրագիրը իրագործելու համար:

Տուեալ փանթուրքիզմեան ծրագիրը ցաւօք կ’իյնայ մէկ այլ հայաբնակ տարածքի վրայ, որ հիւսիսէն կը սահմանակից է Հայաստանի Հանրապետութեան: Տակաւին 1918 թուականին թրքական բանակը փորձեց գրաւել Ջաւախքի շրջանը եւ սակայն հանդիպեցաւ այնտեղ ապրող հայ ժողովուրդի եւ ինչու չէ նաեւ տեղացի վրացիներուն կատաղի դիմադրութեան: Բոլորս լաւ գիտենք Ախալցխայի յայտնի ինքնապաշտպանութեան մասին, լաւ գիտենք, թէ թրքական ներխուժման պատճառով ինչքան մեծ զոհեր ունեցանք Ջաւախքի հատուածին մէջ: Սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ այս բոլորէն ոչ միայն դասեր չենք քաղած, այլեւ չենք վերափոխուած՝ ընկալելու համար այսօրուան նոր տեսակի տնտեսական ու ժողովրդագրական պատերազմի վտանգը: Թուրքերուն համար Պաթումն ու Ախալցխան ունին մեծ ռազմագիտական նշանակութիւն: Անոնք Ախալցխա քաղաքը կ’անուանեն «Ախիսխա» եւ կը համարեն իրենց պատմական տարածքը, ուր կը ցանկան վերստեղծել իրենց երբեմնի ազդեցութեան լծակները:

Վերջերս պարզաբանուեցաւ, որ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ, որոնք ազգութեամբ թուրք-մեսխեթցիներ են, թիւով մօտ 30 հոգի, եկեր են Ատրպէյճանէն եւ ընդունուեր՝ Ախալցխայի Իւանէ Ջաւախիշվիլու անուան պետական համալսարան: Անոնք ընտրած են հիմնականօրէն համալսարանի գործառոյթի բաժինը:Կը սպասուի, որ անոնց թիւը համալրուի եւս 45 հոգիով, այս մէկը դժգոհութիւն առաջացուցած է համալսարանի դասախօսներուն մօտ: Յայտնաբերուած է, որ միայն Ախալցխայի շրջանին մէջ շուտով կ’ունենանք մօտ 70 ատրպէյճանցի ուսանող: Ամիսներ առաջ բացայայտուեցաւ, որ Ախալցխայի Տաւառնի կոչուող թաղամասին մէջ, ուր կը բնակին հիմնականօրէն թուրք-մեսխեթցիները, մեսխեթցիներուն բաշխուած են մեծ թիւով մեղուապահութեան համար նախատեսուած փեթակներ, որոնց վրայ կարելի է տեսնել թրքական դրօշներով կոճակներ: Եւ այդ միայն սառոյցին տեսանելի մասը կը հանդիսանայ:

Ախալցխայէն դէպի արեւմուտք Ադիգենի շրջանը եւս հանգիստ չէ: Արդէն երեք տարիէն աւելի է, որ Ադիգենի շրջանի մահմետականները աշխուժօրէն կը պայքարին իրենց իրաւունքներուն համար: Սկիզբը Ճելա գիւղն էր, ուր առանց վրացի իշխանութիւններուն գիտութեան տեղադրուեցաւ մինարէթ: Ճիշդ է, որ մինարէթը քանդուեցաւ, սակայն ժամանակ մը ետք կրկին տեղադրուեցաւ իր նախկին տեղը: Պայքարը այնքան սաստիկ էր, որ իշխանութիւնները ձերբակալուած մահմետականները ստիպուած ազատ արձակեցին, անոնց փոքրիկ տուգանքներ վճարել տալով:

Շարունակութիւնը Մոխէ գիւղն էր, որ երկու տարի պայքարեցաւ իր մզկիթին համար, որուն իշխանութիւնները վերջերս տուին վիճելի պատմամշակութային յուշարձանի կարգավիճակ, իսկ մահմետականներուն համար գիւղի կեդրոնը նոր մզկիթ պիտի կառուցուի: Մօտ օրէն կը յստականայ, թէ ինչպէ՛ս կը պատասխանեն տուեալ որոշումին տեղի մահմետականները: Նոյնպէս վերջերս Ադիգենի մահմետական համայնքին տրուեցաւ թիւով երեք մզկիթ, որմէ ետք անոնց պիտի տրուի նաեւ 12 մզկիթ:

Հիմա վերադառնանք Ախալցխա: Ախալցխայի մէջ քալելով ամէն վայրկեան կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ թուրք քաղաքացիներու, որոնք յաճախ կը պտտին խումբերով: Քաղաքի սրճարանները եւս լի են Թուրքիոյ քաղաքացիներով:

Հաւանաբար նման կամ աւելի վատ վիճակ կը սպասուի Ախալքալաքին ու Նինոծմինտային, երբ շահագործուի Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին: Այս իրավիճակին մէջէն միայն մէկ ելք կայ. ընդունիլ թաքուն խառնածին պատերազմի կանոնները եւ պայքարիլ նոյն ոճով, ամրացնելով մեր երկու եղբայր ժողովուրդներուն՝ հայերուն եւ վրացիներուն հիմքերը՝ իրենց իսկ հայրենի տարածքներուն մէջ:

Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներուն ոճը միշտ եղած է սեպ խրել մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ, որ պետական քաղաքականութիւն է մեր ժողովուրդներուն նկատմամբ: Նպատակը բաժնել եւ տիրելն է կամ դրամով գնել վրացի խմբագիրներ, քաղաքագէտներ եւ որոշ քաղաքական գործիչներ, որոնք հայերու օրինական պահանջները կը ներկայացնեն որպէս անջատողականութիւն: SOCAR ընկերութեան տնտեսական ազդեցութիւնը Վրաստանի տնտեսութեան վրայ յստակ է գրեթէ բոլորին: Գաղտնիք չեն նաեւ ընկերութեան կապերը նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք հիմք նախապատրաստեցին այսօրուան թուրք-ատրպէյճանական ներխուժման:

Այսօր ի հարկէ Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ ապրող հայերը ունին բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք արհեստականօրէն ստեղծուած են նախորդ թրքամէտ իշխանութիւններուն կողմէ եւ մասամբ կը շարունակուին ներկայիս անհեռատես, իշխանութեան մէջ ոչ պատահականօրէն յայտնուած մարդոց կողմէ: Սակայն այստեղ եւս հարկ է խելամիտ մօտեցում ցուցաբերել՝ չվնասելու հայ-վրացական յարաբերութիւններուն եւ միջոցին փուլերով լուծելու կուտակուած խնդիրները, որովհետեւ հակառակ պարագային պիտի տուժեն թէ՛ հայերը եւ թէ՛ վրացիները եւ պիտի յաղթէ «Մեծ Թուրան»ի ծրագիրը, որ ունի մեծ ֆինանսական ու մարդկային հնարաւորութիւններ:

Պէտք է օր առաջ բացատրենք մեր ժողովուրդներուն հաւանական վտանգներուն մասին, ապա Հայաստանի, Վրաստանի ու սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ մշակենք աշխատանքներու ծրագիր, ըլլա՛յ սոցիալական, հասարակական, տեղեկատուական թէ այլ ոլորտներուն, հակազդելու, կանգնեցնելու այն մեծ ուժը, որ արդէն մէկ դար է երկիրներու եւ ազգերու ճակատագիրներ կործանելով կ’ուզէ միաւորուիլ իր բարեկամ պետութիւններուն հետ, ստեղծելու համար Մեծ Թուրանի իրենց երազած պետութիւնը:

Եդուարդ Այվազեան
Սամցխէ-Ջաւախքի Մետիա Վերլուծական Կեդրոն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.