Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայագիտական կեդրոնը տուաւ իր երկրորդ հունձքը
Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական–հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին երկրորդ հունձքին վկայականաց բաշխումը։ Ձեռնարկին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։
Հանդէսին բացման խօսքը կատարեց Հայագիտական կեդրոնի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան։ Ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, քաջալերանքով եւ օժանդակութեամբ 2012-2013 տարեշրջանին ծնունդ առած Արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքները 2015-2016 տարեշրջանին ստացան եռամեայ ծրագիրի կերպար։ Առ այդ, անցեալ տարի բաժանմունքը տուաւ իր առաջին հունձքը, իսկ այս տարի կու տայ իր երկրորդ հունձքը՝ 11 աշակերտներով։ Դանիէլեան ապա հակիրճ ակնարկ մը նետեց Լիբանանի մէջ գործած հայագիտական կեդրոններուն տարած աշխատանքին, հայագիտութեան ոլորտին ակնյայտ ներկայ բացին եւ սոյն ծրագիրին առաքելութեան։ Խօսելով Հայագիտական կեդրոնի կրթական ծրագիրին մասին, ան յայտնեց, որ շուրջ 30 նիւթեր դասաւանդուած են՝ Հայերէն լեզու, Հայոց պատմութիւն, Հայ գրականութիւն եւ մշակոյթ, Գրաբար, Հայոց լեզուի պատմութիւն, քերականութիւն, ուղղագրութիւն, ընթացիկ սխալներ, լեզուական գիտելիքներ, մատենագրութիւն, արդի Հայ գրականութիւն, Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, կրօնագիտութիւն, Հայ տպագրութեան եւ մամուլի պատմութիւն, Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր, Հայ Դատ, մանկավարժութիւն, մանկական հոգեբանութիւն, Հայ երաժշտութիւն, Կերպարուեստ-նկարչութիւն, Ճարտարապետութիւն, համակարգիչ եւ այլն, իսկ դասախօսներու թիւը հասած է 18-ի՝ ներառեալ Հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն հրաւիրուած այցելու դասախօսները։
Շրջանաւարտներու անունով ուղերձ կարդաց Իրմա Տէտէեան։ Ան յայտնեց, որ հայ լեզուին հանդէպ իրենց ունեցած յարգանքն ու սէրը զիրենք առաջնորդած են Կաթողիկոսարան՝ մասնակցելու հայագիտական դասընթացքներուն եւ հակառակ իրենց բազմազբաղ առօրեային, կարողացած են յաջողութեամբ աւարտել եռամեայ ծրագիրը։ Ուղերձին մէջ Տէտէեան շրջանաւարտներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Ժիրայր Դանիէլեանին եւ ծրագիրին դասաւանդող մտաւորականներուն եւ ուսուցիչներուն։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում, ընդհանուր խանդավառութեան մէջ։
Հուսկ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Ան ըսաւ, որ թէկուզ մեր կեանքը յաճախ լեցուն է յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան առաջնորդող երեւոյթներով, սակայն հոն գոյութիւն ունին նաեւ հոգիներն ու միտքերը հարստացնող երեւոյթներ, որոնք գոհունակութիւն կը պատճառեն եւ հաւատքով ու կեանքով կը պարուրեն մեր հոգիները։ Այս ծիրին մէջ կ՚իյնայ սոյն ծրագիրը, որուն նուիրումով հետեւեցան 11 ուսանողներ ու զոհողութեամբ հարթեցին իրենց ճամբան մինչեւ եռամեայ ծրագիրին աւարտը։ Նորին Սրբութիւնը աւելցուց, որ վկայականը ոչ մէկ օգուտ պիտի ունենայ եթէ ի սպաս չի դրուի ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան։ «Վկայականը ոչ մէկ արժէք ունի, եթէ չի վերածուիր ծառայութեան։ Այս հունձքը պէտք է վերածել ներդրումի՝ մեր համայնքի հաւաքական կեանքին մէջ», շեշտեց Հայրապետը։ Անդրադառնալով կեդրոնին տարած աշխատանքին, Վեհափառը գնահատեց ծրագիրին ղեկավար Դանիէլեանին եւ ուսուցչական կազմին, ու դիտել տուաւ, որ Կեդրոնին մատուցած նիւթերը ոչ թէ խտացեալ դասընթացքի բնոյթ ունէին, այլ՝ համապարփակ էին բառին բուն իմաստով, որուն համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարձաւ Հայագիտութեան կեդրոն։ Ան վստահեցուց, որ հետզհետէ զարգացող այս կեդրոնը պիտի շարունակէ իր ընթացքը ու ալ աւելի զարգանալով պիտի դառնայ սփիւռքի իրականութեան մէջ գործող կեդրոն, որովհետեւ ոչ թէ շէնքը՝ այլ ուսուցչական կազմին ու աշակերտութեան որակն է, որ առիթ կ՚ընծայէ կրթական ծրագիրի մը զարգացման։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս տարուան շրջանաւարտներուն անուանացանկը՝
Ալին Լիպարեան-Քէչէպաշեան
Ալիս Պէզճեան
Անի Քէլէշեան-Ղարիպեան
Զեփիւռ Չափարեան-Չափարեան
Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան
Ծաղիկ Չափարեան-Խաչատուրեան
Մարիա Յակոբեան-Երանճեան
Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան
Շողիկ Թորոսեան-Մխսի-Ճրճեան
Սալբի Խաչատուրեան-Աւետիս
Սեւան Մատեան-Մալճեան