Մեզ համար պետութիւնն է հիմնականը. Գասպար Կարապետեան
- (0)

12 յունուարին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտնած էր թէ՝ «Սփիւռքում ուժեր կան, որ մեր երկրի վիճակը ճիշդ չեն ներկայացնում համայնքներին»։ Հարցին՝ ո՞ր ուժերու մասին է խօսքը, Սինանեան նշած էր. «Այդ ուժերից է աւանդական կուսակցութիւններից Հ.Յ.Դ.-ն։ Նրանք հակապետական քայլեր են իրականացնում նաեւ Սփիւռքում»։
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեան արձագանգեց Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի՝ Հ.Յ.Դ.-ին հասցէագրուած յայտարարութիւններուն՝ անոնք որակելով անհիմն եւ իրականութեան չհամապատասխանող։
«Պետութիւնը գաղափար է եւ կառոյց։ Պետութիւնը չի նշանակեր նախարար, վարչապետ կամ պատգամաւոր։ Պետութիւնը կը քանդուի այն ժամանակ, երբ գաղափարը կը խաթարուի, եւ այդ քաղաքականութիւնն է, որ յանգեցուց Արցախի կորուստին»,- նշեց ան։
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավարի գնահատմամբ՝ Սինանեանի յայտարարութիւնները քաղաքական հաշուարկի արդիւնք են, եւ ան պէտք է նախ անդրադառնայ իր սեփական անցեալին։
«Սինանեանը շատ լաւ գիտէ Դաշնակցութեան դերը։ Ան տարիներ առաջ գործակցած է Հ.Յ.Դ.-ի հետ, եղած է Հայ դատի յանձնախումբի անդամ, ընտրուած է Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ՝ այդ շրջանակներու աջակցութեամբ»,- ընդգծեց Կարապետեան։ Խօսելով պետութեան հետ գործակցութեան մասին, դաշնակցական գործիչը նշեց, որ անոնք բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան։
«Մենք չենք համագործակցիր սուտ, կեղծ ներկայացումներու եւ ձեռնավարութիւններու համար։ Բայց երբ խօսքը կը վերաբերի պետական շահին՝ Հայաստանի ապագային, Հայ դատի գրասենեակները մշտապէս գործակցած են եւ կը շարունակեն գործակցիլ»,- ըսաւ ան։
Գասպար Կարապետեանի խօսքով՝ եւրոպական կառոյցները լաւ տեղեկացած են Հայ դատի գրասենեակներու գործունէութեան մասին, իսկ գործակցութեան մակարդակը յայտնի է թէ՛ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան, թէ՛ դեսպաններուն։
«Եթէ Սինանեանը հարց ունի՝ թող դիմէ արտաքին գործերու նախարարին կամ դեսպաններուն եւ պարզէ՝ որքանով մենք կը գործակցինք Հայաստանի պետական շահերու ծիրէն ներս»,- նշեց ան։
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահը նաեւ անդրադարձած է եկեղեցւոյ նկատմամբ հնչող ապազգային յայտարարութիւններուն եւ արարքներուն՝ անոնք համարելով վտանգաւոր եւ հակաժողովրդավարական։ «Երբ յարձակումներ կ՚իրականացուին եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներուն դէմ, ատիկա արդէն արժէքային ճգնաժամ է։ Մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը չի խառնուիր օրուայ քաղաքական շահերուն։ Մեզ համար պետութիւնն է հիմնականը»,- եզրափակեց Կարապետեան։