Մեզի համար՝ Հայաստան մի՛շտ ամեն բանէ վեր

Horizon Weekly Newspaper

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Երբ մեր առաջին քայլերը կ՚առնէինք ՀՅԴ շունչին ներքեւ, Պատանեկանի մեր «ժողովները» կ՚աւարտէինք բոլորս միաբերան գոչելով «Հայաստան ամեն բանէ վեր»։ Շաբաթէ շաբաթ, տարուէ՛ տարի։

Այդպէ՛ս դաստիարակուեցանք։ Այդպէ՛ս ներշնչեցին մեզ մեր վարիչները։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ տարիներուն, անկէ առաջ ու անկէ ետք երկար ատեն խորհրդայնացած Հայաստանն էր, կոտորակը մեր երազած Հայաստանին, մանաւանդ անկախ պետականութիւն ունեցող Հայաստանին, ենթարկուած հակազգային, խորթ ու վտանգաւոր վարժակարգի մը, սակայն մենք կը շարունակէինք գոռալ ի լուր աշխարհին՝ «Հայաստան ամեն բանէ վեր»։

Մենք հասակ առինք Հայաստանով առինքնուած, ապրեցանք անոր երգ ու պարով, անոր գիր ու գրականութեամբ, անոր նուազագոյն նուաճումներով խանդավառ, յարատեւ տագնապներով՝ տառապող, եւ գործեցինք անո՛ր համար, անոր Դատին համար։ Նոյն ոգիով ալ մեծցուցինք մեր զաւակները։ Ապա՝ մեր թոռները՝ բախտաւորները, որոնք ծնան վերանկախացած Հայաստանի մը առկայութեան ու միշտ հաւատացին, որ Հայաստան վեր է ամեն բանէ ։

Եւ ահա յամի Տեառն 2025-ին, Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովը իր յայտարարութեամբ եկաւ հաստատեց, վերահաստատեց, որ իր ռազմավարական առաջնահերթութիւններու վեց կէտերէն առաջինն է Հայոց անկախ պետականութեան հզօրացումը, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնումը, ժողովրդավարական, իրաւական, սոցիալական պետութեան կերտումը՝ Անկախութեան հռչակագրի տառին եւ ոգիին համապատասխան։ Ինչ որ աներկբայօրէն ցոյց կու տայ, թէ Հայաստան է՛ մեզի համար ամեն բանէ վեր, վեր՝ ի՛նչ ալ ըլլայ այնտեղ տիրող իշխանութիւնը։

Այստեղ կ՚ուզեմ կանգ առնել պահ մը այս խորհրդաւո՜ր բառին վրայ՝ «Հայաստան»։

Ի՞նչ կը նշանակէ այդ անունը մեզի համար։ Ան չի սահմանափակուիր պետական մշտափոփոխ սահմաններով, չի մեծնար կամ փոքրանար իր նուաճած յաղթանակներով կամ կրած պարտութիւններով։ Ան կը խորհրդանշէ մեր արմատները, մեր ժառանգած ամբողջ պատմութիւնը, մշակոյթը, լեզուն, եւ անոնց տէր կանգնելու մեր պարտաւորութիւնը։ Առանց այդ բոլորին, ան իմաստ ունենալէ կը դադրի, կը վերածուի լոկ այսօր ՀՀ հողային տարածքին վրայ ապրողներու բնակավայրին։ Մինչդեռ ան Հայրենի՛ք է, գլխագրուա՛ծ Հայրենիք, որ կ՚ընդգրկէ անկէ աւելին, բռնագրաւուած հողերն ու աշխարհացրիւ բովանդակ հայութիւնը։ Հայաշխա՛րհը։ Այդ իսկ պատճառաւ՝ է ամեն բանէ վեր։

Այսօր ամեն ջանք կը թափուի մեր թշնամիներուն կողմէ, որ խախտի մեր այս հաւատքը։ Որ դադրինք հաւատարիմ մնալէ մեր տեսլականին՝ Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին, մոռնանք երազը, եւ ո՛չ միայն երազը, այլ ներկայ վերապրած փոքրիկ կոտորակն անգամ, անտեսենք անոր կարիքները, դադրինք անոր օգնելէ իսկ, մենք մեր խնդիրներով զբաղինք միայն, Սփիւռքո՜վ զբաղինք։

Այո, նոյնիսկ մեր անմիջական շրջանակներուն մէջ, անգամ մեր շարքերուն մէջ կը խմորուին այնպիսի տրամադրութիւններ, թէ ա՛լ կը բաւէ ինչքան զոհողութիւն ըրինք Հայաստանի համար, Սփի՛ւռքը զօրացնենք…

Շա՞տ էր մեր տուածը իբր հայ՝ հազիւ վերանկախացած մեր երկրին օգնելու համար. այլեւ պաշարման ու յարձակումի ենթարկուած մեր երկրի մէկ մասին ՝ Արցախի ալ անկախութիւնը փրկելու համար։ Հազար տարիէ աւելի ժամանակաշրջանի մը մէջ հազիւ երկուքուկէս տարի իբր անկախ երկիր գոյութիւն ունեցած։ Շա՞տ էր, թէ՞ չափազանց քիչ…

Սփիւռքը զօրացնե՛նք, այո, բայց ինչո՞ւ զօրացնենք։ Պարզապէս ինքն ի՞ր համար։

Ահա իր առաջնահերթութիւններու սահմանումին մէջ Ընդհանուր ժողովը կը նշէ՝ Սփիւռքի կազմակերպական հզօրացում, համահայկական օրակարգերու շուրջ ազգային եւ քաղաքական համախմբում։

Այդ համահայկական օրակարգերն ալ կը նշուին առաջնահերթութիւններու միւս կէտերով՝

  • Արցախի ազատագրման օրակարգի շուրջ համազգային համախմբում, միջազգային իրաւաքաղաքական երաշխիքներու գործադրումով՝ արցախահայության հաւաքական վերադարձի եւ հիմնարար միւս իրաւունքներու իրացում,
  • Հայոց բանակի, պաշտպանութեան և անվտանգութեան համակարգերու ամրապնդում,
  • Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման իրաւունքի հետապնդում,

-Ազգային եւ պետական շահերու վրայ կառուցուած, անվտանգային սպառնալիքները յաղթահարող արտաքին քաղաքականութեան որդեգրում։

Այս հարցերու շուրջ համահայկական մօտեցումն է, որ քանդելու, կամ նոյնիսկ գոյութիւն առնելու արգելք հանդիսանալու համար կ՚ենթարկուինք ամեն տեսակի ճնշումներու։ Որպէսզի գիծ քաշուի մեր վրայէն թէ՛ իբր կազմակերպութիւն եւ թէ՛ իբր ժողովուրդ։ Այո, զօրաւոր Սփիւռք՝ դիմակայելու համար այդ ճնշումներուն, պահելու համար մեր ինքնութիւնը, շարունակել կարենալու համար մեր գոյամարտը ցկատարածս աշխարհի։

Ասոր համար ընելիք ունինք թէ՛ իբր պետութիւն, թէ՛ իբր հայութիւն՝ աշխարհի վրայ ամենուրեք, իւրաքանչիւր շրջան, իւրաքանչիւր ազգային, իւրաքանչիւր ընկեր։

Այո՛, Հայաստան մի՛շտ ամեն բանէ վեր։ Բոլորի՛ս համար։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ