Մաքրոնը անուղղակի կերպով կը սատարէ Փաշինեանին՝ հակասական գնահատականներով

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովին ծիրին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանի քննարկման ընթացքին բարձր գնահատած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին տարիներու գործունէութիւնը՝ անուղղակի կերպով սատարելով անոր քաղաքական ուղղութեան։

Մաքրոն նշած է, թէ Փաշինեանի «վերջին տարիներու աշխատանքը շատ տպաւորիչ է», աւելցնելով՝ «ութ տարի առաջ այստեղ (Հայաստան-խմբ.) ոչ ոք չէր գար», եւ ներկայ բարձր մակարդակի այցելութիւնները ներկայացուցած է որպէս դրական ազդանշան։ Սակայն այս պնդումը պարզապէս ճիշդ չէ, նկատի ունենալով որ անցեալ տասնամեակներուն Հայաստան բազմիցս ընդունած է միջազգային բարձրաստիճան ղեկավարներ, ներառեալ Ֆրանսայի նախկին նախագահներ՝ Շիրաքին, Սարքոզիին եւ Հոլանտին, որոնք տարբեր առիթներով այցելած են Երեւան։

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ շեշտած է, թէ Հայաստանը նախկինին ընկալուած է որպէս Ռուսաստանի «իրական արբանեակ», եւ թէ Փաշինեան «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» ընտրած է երկիրը պաշտպանել այդ ազդեցութենէն՝ աւելցնելով, որ ան «ամենօրեայ յարձակումներու կ՚ենթարկուի» այս ընտրութեան պատճառով։

Մաքրոն նաեւ կարեւորած է Հայաստանի «եւրոպական ընտրութիւնը», զայն որակելով իբրեւ «ուժեղ ազդանշան», եւ այդ մօտեցումը կապած է Ուքրանիոյ դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի որդեգրած ուղղութեան հետ՝ ընդգծելով Եւրոպայի մէջ ռազմավարական ինքնավարութեան ձգտումը։

Սակայն յստակ է, որ Մաքրոնի այս գնահատականները ոչ միայն բացայայտ աջակցութիւն կը հանդիսանան Փաշինեանի իշխանութեան, այլ նաեւ կը պարունակեն պատմական եւ քաղաքական շարք մը վիճելի մեկնաբանութիւններ, յատկապէս՝ Հայաստանի միջազգային մեկուսացման մասին մատնանշումները, որոնք չեն համապատասխաներ նախորդ տասնամեակներու դիւանագիտական իրականութեան։