Մարուքեան․ Խաղաղութեան համաձայնագիրը Հայաստանը «հաշմանդամ» դարձնելու փաստաթուղթ մըն է
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ․– «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Էտմոն Մարուքեան նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի հետ նախատեսուող խաղաղութեան համաձայնագիրը «Հայաստանը հաշմանդամ դարձնելու փաստաթուղթ մըն է»։
«Խաղաղութեան համաձայնագիրը Հայաստանը «հաշմանդամ» դարձնելու փաստաթուղթ մըն է։ Մենք անոր դէմ ենք։ Ան պէտք է փոխուի եւ պիտի փոխուի», ըսաւ Մարուքեան՝ ըստ Panorama.am-ի։
Անդրադառնալով նախորդ օրուան հեռուստաբանավէճին՝ ան յիշեցուց, որ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած էր, թէ համաձայնագրի բնագրի մշակման աշխատանքներուն իրենք միասին մասնակցած են։
Մարուքեանի համաձայն, ներկայիս գոյութիւն ունեցող փաստաթուղթը չի համապատասխաներ այն տարբերակին, որուն վրայ նախապէս աշխատած էին։ «Այն բնագիրը, որուն վրայ մենք աշխատած ենք, գոյութիւն չունի։ Այսօր կան Ատրպէյճանի առաջարկած բոլոր յօդուածները, որոնց իշխանութիւնները համաձայնած եւ ստորագրած են», նշեց ան։
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը, որ սկսած էր մայիս 8-ին, պիտի շարունակուի մինչեւ յունիս 5։ Յունիս 6-ը լռութեան օր է, իսկ քուէարկութիւնը պիտի կատարուի յունիս 7-ին։