Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակի Հանդիսութիւն
- (0)

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21ին, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն մազապուրծ ճողոպրած հայ որբերու պատսպարման եւ դաստիարակութեան անձնուէր առաքելութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունեցած որբերու «Մամա» եւ Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր, դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Ճէյքըպսընի (Եագոպսըն) յիշատակը անմահացնող յարգանքի եւ երախտագիտութեան հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը երաժշտական համերգ մըն էր, ղեկավարութեամբ՝ Անգլիոյ Արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի խմբավար Վարդան Մելքոնեանին, որ եղած է «Թռչնոց Բոյն»ի սան: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ սոյն համերգին՝ ընկերակցութեամբ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի եւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ հոգեւոր առաջնորդներու աղօթքով: Բացման խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան:
Ներկաները դիտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «The Promise» ֆիլմէն բաժիններ, ապա, լուսանկարներու միջոցաւ ցուցադրուեցաւ Մարիա Եագոպսընի կեանքն ու գործունէութիւնը: Մարիա Ճէյքըպսընի մասին վկայութիւններով հանդէս եկան աւետարանիչին խնամակալութեան եւ գուրգուրանքին տակ ապրած անհատները, ինչպիսիք անոր որդեգիր թոռնուհին՝ Մարիա Գառնիկեանը, Նշան Գուլուքեանն ու խմբավար Վարդան Մելքոնեանը: Սրտի խօսք առաւ նաեւ «մամա»ին «Թռչնոց Բոյն»ի երկար տարիներու օգնական Քիրսթըն Փասքէն, որ պարգեւատրուեցաւ գնահատանքի յուշատախտակով մը:

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ համերգը, որ դասական ստեղծագործութիւններու, նրբաճաշակ գլուխ գործոցներու փունջ մըն էր ընտրուած Վարդան Մելքոնեանի կողմէ՝ յարիր Մարիա Ճէյքըպսընի հոգիին ու էութեան:
Համերգի աւարտին, դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան գնահատելով Վարդան Մելքոնեանը, զինք պարգեւատրեց «Մաշտոց» քոլէճի պատուոյ դոկտորի աստիճանով:
Փակման աղօթքէն առաջ, առաջնորդը գնահատեց կազմակերպիչներն ու համերգի մասնակիցները՝ «փրկութեան հրեշտակին» յիշատակը անմահացնող յարգանքի եւ երախտագիտութեան այս գեղեցիկ եւ յուզիչ համերգին համար:
ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄ

Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան մասնակցեցաւ հանդիսութեան եւ փոխանցեց առաջնորդին երախտագիտութեան ու յարգանքի խօսքը, ըսելով. «Մեծ մարդասէր եւ անձնուրաց միսիոնարուհի մը, որ ամբողջ կեանք մը ինքնամատոյց սիրով ծառայեց որբերուն եւ մեծ յարգանքի արժանացաւ հայ ժողովուրդին կողմէ: Քաջասիրտ, բարեխիղճ եւ արդար միսիոնարուհիին ժառանգութիւնն ու վաստակը երբեք չեն ջնջուիր հայ ժողովուրդի 
Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթքի երգեցողութիւն, ապա մեծ մարդասէր եւ հայասէրի կիսանդրիի բացումը:
Զոյգ հանդիսութիւնները կազմակերպուած էին «Մա-րիա Ճէյքըպսընի ընկերներ» յատուկ յանձնախումբին կողմէ եւ կը վայելէին Արեւմտեան թեմի Հայոց Ազգ. առաջնորդարանին, Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի ա-ռաջնորդարանին, Հայ կաթողիկէ էքզարքութեան եւ Հայց. Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովանաւորութիւնը:
