Մարիա Գաբրիէլեան Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մէջ Հալէպահայութեան Միասնական Թեկնածու
1089
0
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան միացեալ կոչ մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ երկուշաբթի, 15 յուլիսին Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածուներուն շուրջ հալէպահայ համայնքապետներու խորհրդակցութիւններուն հիմամբ հալէպահայութեան միասնական թեկնածու որոշուած է Մարիա Մանուկը (Գաբրիէլեան):
Հալէպահայերու համայնքապետները կոչ ուղղեցին` համակարգուած ճիգերով աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու ընտրութեան աշխատանքներուն եւ ընտրութիւններու օրը անվարան քուէատուփ ուղղուելու:
Comments are closed.