Մարդը եւ charismatic-Հրաշաձօն Ղեկավարը. (Հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի վախճանման քառասունքին առթիով)

Ժան Հալլաճեան

Թէեւ ուղղակի չեմ առնչուած եկեղեցական ծիսական կամ վարչական աշխատանքներու, սակայն ճակատագրի բերումով մտերմութիւն ստեղծուած էր Հայր Մեղրիկին հետ, որուն հիմնական խթանը հանդիսացած էր իմ ընկերական որոշ շրջանակի բարեկամներուս հաւաքները, որոնք մօտէն կը գործակցէին իր հետ, եկեղեցական ձեռնարկներու եւ եկեղեցւոյ վարչական առօրեայ մթնոլորտներու պատճառներով:

Իրենց մահագրութիւններով մամուլի մէջ եւ դիմատետրով՝ շատեր ներկայացուցին իր կղերի եւ առաջնորդի բարեմասնութիւնները, որոնք ամբողջական պատկեր մը կը կազմեն ճանչնալու Մեղրիկ Սրբազան առաքինի հոգեւորականը ու իր կենսագործած ուղին:

Իմ գնահատականներս ու յուշագրական դրուագները, կու գան լրացնելու այդ բազմապիսի աչքառու նկարագրային ու կենցաղային գիծերը: Որպէս ականատեսը իր սխրանքներուն ու շէնշող վարքագծին, այսու կու գամ հարազատութեամբ արձանագրելու հետեւեալ տողերը։

 

Զինք ճանչցայ որպէս Հաւատքի հայ, գործի նուիրեալ եւ հաւաքական աշխատանքի ռահվիրայ: Մղիչ ուժը եւ կեդրոնական դէմքը ըլլալով հանդերձ եկեղեցական ձեռնարկներու, գիտէր ինչպէս պիտի ոգեւորեր ամլացած հոգիները , ներքաշելով զիրենք հաւաքական աշխատանքի նախանձելի քուրային մէջ ե՛ւ յաջողութեամբ պսակելով հանրային – կրօնական նախաձեռնութիւն մը: Հակառակ անոր, որ բնաւորութեամբ այդքա՜ն ա՛լ փափուկ չէր, սակայն իր ժիր ու ջանասէր ներկայութիւնը, մագնիսական առիքնող ուժի նման, դիւթիչ մթնոլորտ ստեղծելով, կը ներքաշեր հաւատցեալները, հանրային-եկեղեցական կամաւոր աշխատանքներու:

 

Մանաւանդ երիտասարդութեան եւ երէցներու հետ, իր Charismatic նկարագիրով ու  իր ճարտարութեամբը պիտի խանդավառեր զիրենք, ու փոխադարձաբար անոնք՝ սիրայօժար ու կամաւոր փարէին հոգեւոր եւ եկեղեցական ծով կարիքներու մատակարարման աշխատանքներուն:

Իր հրաշաձօն նկարագրով ու իր աննկուն համբերատարութեամբ, բալասանն էր «չարուկ» պատանիներու խանդը ուղղորդելու, անհամար ժամանակ ու կորով ներդրելով: Իր դիտաւորեալ մօտեցումները կը միտէին վերջին հաշուով պարփակելու ու ուղղորդելու զիրենք, եկեղեցւոյ եւ ազգային կառոյցներու անբասիր երկնակամարին ներքեւ, դպրաց դասերու շարականներու ուսուցման դայլալլող ձայնամարզումներու հանդիպումներով, կիրակնօրեայ դպրոցի դաստիարակիչ մթնոլորտներով, քրիստոնէական ուսուցման հաւաքներու հոգեւոր դասերով ու քոյր միութիւններու հայակերտ շարքերով:

 

Իր հովուական օրերուն Ս. Աստուածին եկեղեցւոյ շրջագծէն ներս, համատարած երեւոյթ դարձաւ արարողութիւններու ընթացքին եւ աւարտին, աշխարհականներու բերնով,

(ոչ եկեղեցական կարգ ունեցող), պատմական-կրօնական թեմայով պատգամներու ներկայացումները, վստահելով այդ անձանց որոշակի հակումներուն ու ունակութեան: Առիթով մը, ինծի ա՛լ առաջարկեց թեմայի մը ներկայացումը: Ես համաձայն չեղայ գաղափարին՝ արարկելով, որ աշխարհական մահկանացու մը ինչպէ՞ս կրնայ բարձրանալ խորան եւ պատգամել: Զիս տարհամոզելու համար բացատրեց, Ս. Խորանի-Զոհասեղանի եւ եկեղեցւոյ Դասի մասին գոյ  տարբերութիւնները ու թիւր ըմբռնումները, պարզելով որ Դասէն է ուր պիտի խօսիս եւ պատգամես:

– Ես աջակողմեան դասուն, թէ ձախակողմեան դասուն կը պատկանիմ, պատասխանեցի կատակելով:

-Ամէնայն սրբոց դասուն…Եալլա գործի անցիր տեսնեմ, հեգնանքով պատասխանեց:

Սակայն հետաքրքրականը ինծի վստահած թեման էր՝ պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդը ներկայացնել:  Լսելով այդ մէկը հարեցի.

– Հայր Սուրբ, հաճելի պատմա-բանասիրական նիւթերու շատ հակում չունիմ: Առաւել, դժուար մարսելի նիւթ պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն համար, ինքնավստահ շեշտադրումով մը արտայատուեցայ:

Ընկալեալ սովորութեամբ, յամառեցաւ տեղի տալէ եւ պնդեց թեման ներկայացնելու օգտակարութեան մասին իր համոզումը, աւելցնելով.

-Դուն կրնաս համեմել եւ հրապուրիչ դարձնել նիւթը, քիչ մը փաղաքշական երանգով փորձեց գգուել եսս։

Այդ հանդիպումին, շարունակելով մեր մտերմիկ զրոյցը, պահուան անկեղծութիւնը օգտագործելով՝ պատեհ առիթը գտայ անդրադառնալու իր երկարապատում քարոզներու արդիւնաւէտութեան եւ երբեմն ունկնդիրի կեդրանացումը ճապաղումի հասնելու երեւոյթի մասին:

-Պէտք է մեխի նման քանի մը հարուածներով գամես գաղափար մը, կրկնութեան գնով դրոշմես հանդիսատեսին-ունկնդրին մտքին ու հոգիին մէջ, բարկացած երանգով եղաւ իր վճռական եւ շատ չոր ու կտրուկ հակազդեցութիւնը:

 

Այլ առիթով, դարձեալ տաք՝ բայց շինիչ բանավէճ մը ունեցանք եկեղեցւոյ անդամագրուելու հարցով: Յաճախ պնդած էր, որ «ձեզի պէսները» պէտք է անդամագրուին Հայաստանեաց եկեղեցւոյ «կառոյցին»։ Առիթէն օգտուելով, խնդրեց քարտուհարուհիէն, որ դիմումնագրի պատճէն մը տայ ինծի: Կանխելով իմ որեւէ ձեւի դիտողութիւնս, ձեռքը երկարելով մատիտին, արագ մը երաշխաւորի բաժնին մէջ դրաւ իր ստորագրութիւնը, խնդրելով որ ամբողջացնեմ մնացած անձնական տուեալները:

– Ես հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած եմ, կաթողիկէ ծնողքէ սերած, հիմա երկու տիրոջ պիտի պատկանիմ, ճիշդ չէ այս մէկը հայր սուրբ, մեղմիկ՝ արարկեցի խնդրանքին օրինականութեան դէմ:

-Այս մէկը դաւանափոխութիւն չէ սիրելիս: Արեւմուտքի մէջ ընդունուած կարգ է անդամակցիլ եկեղեցւոյ եւ վճարել տարեկան անդամտուրք, առանց հարանուանական դաւանափոխութեան ծանօթ գործընթացի, հանդարտ շեշտադրումով բացատրեց հարցի էութիւնը:

– Որո՞ւ ստորագրութիւնը պիտի ըլլար երկրորդ երաշխաւորի պարագան հայր սուրբ, անորոշ հարցադրումի եղանակով եւ հարցը դժուարացնելու դիտաւորութեամբ յարեցի իրեն:

– Այս մէկ ստորագրութիւնը պիտի բաւէ որպէս երաշխաւոր, որ անդամ դառնաս եկեղեցւոյ,

կուշտ գահ-գահով մը պատասխանեց, շարունակելով ըմպել մեզ հրամցուած սուրճը, մինչ ես անձնատուր եղած, գլխիկոր՝ զբաղեցայ լրացնելով դիմումնագրի պահանջուած տեղեկութիւնները:

Գանատայի «ազատականութեան» մթնոլորտներուն տուրք տալով անգամ չկարողացայ նրբութեամբ ազատիլ Հայր Սուրբին «սարդոստայնէն»: Այդպիսով, դարձայ անդամ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծուխին:

Հայր Սուրբ Մեղրիկին  ուշագրաւ այլ մէկ յատկանիշն ա՛լ իր բարեգութ ու բուխ սրտի տէր ըլլալուն մէջ էր: Այսպէս, երբ հայ երիտասարդ մը գաղութ ժամանէր եւ դիմէր իրեն, որ ծանօթի մը մօտ բնակարանի կարելիութիւն գտներ, ինք՝ իր սեփական տան հասցէն կու տար եւ անոր  դռները կը բանար անօթեւան տղոց առաջ, երբեմն ա՛լ բոլորովին անծանօթներու, իր սեփական հանգիստի ու բարօրութեան հաշւոյն, սատարելով նորահաստատ երիտասարներուն  «օտար, ամայի՜ ճամբէքի վրայ»՝ հանգիստ, գլուխնին տեղադրեն քարի փոխարէն փետուրալիցք բարձի վրայ: Այսպիսով, առաջին դժուար հանգոյցապատումը հեշտութեամբ կը լուծէր օտար ափեր հասած՝ նորահաստատ հայ երիտասարդներուն:

Հաւաքական աշխատանքներու ժամանակ՝ իր հասկացողութեամբ ժամայցոյցի սլաքները պէտք է դադրէին վազելէ, ե՛ւ միայն խանդավառ հաւաքական գործի ոտնաձայները լսելի պէտք է դառնային, ու միայն համակ կամաւոր ծառայութեան անձնդիր ոգին գերիշխող խթանը հանդիսանար աշխատանքային մթնոլորտներուն:

Այսպէս, եկեղեցւոյ վարչական հոգաբարձու գործընկերներու համախոհ գործակցութեամբ,  խանդաւարեց տասեակ կամաւորներ, ու իր խիզախութեամբ առաջնրդեց եկեղեցւոյ պայծառութեան աշխատանքները ու պատուով իր լրումին հասցուց եկեղեցւոյ շինարարկան դժուար նախաձեռնութիւնը, յաղթահարելով բազում վարչական եւ շինարարական թէքնիք խնդիրներ: Նաեւ , պէտք է ընդգծել, որ ի պատիւ հոյլ մը իր շուրջ համխմբուած նուիրեալներու, որոնք իրենց արհեստավարժ գիտութեամբ ու բազուկով , շատ կարճ ժամանակուայ մէջ, պիւտճէական հսկայ խնայողութեամբ, նոր ու գեղեցիկ տարազով օժտեցին եկեղեցին ու իր յարակից ներքնասրահը:

Իսկ կարելի՞ է մոռնալ այն հազարաւոր ուխտաւորներու հրաշակերտ պատկերը, որոնք Աւագ Ուրբաթի առիթով,  երկիւղածութեամբ թափօրին կը հետեւէին, քոյր եկեղեցիներու եւ օտար համայնքներու ներկայացուցիչներու խանդավառ մասնակցութեամբ: Թորոնթոյի մէջ այդ ծաւալով ու խուրներամ բազմութեամբ թափօրի պանծալի տեսակի մեկնարկը՝ կը կրէ Սրբազան Մեղրիկի անկոտրում կամքի դրոշմը ու հեղինակաւոր շունչը:

Հապա ի՞նչ ըսել հայերէնի ուսուցման դասընթացքներուն ծրագրի իրականացման, որ մատուցուեցաւ գաղութի հայ զանգուածներու այն հատուածին, որոնք քրտախօս ու արաբախօս իրենց խօսակցական առօրեայ լեզուով, բայց իրենց էութեամբ ծարաւը ունէին հաղորդուելու անմիջական շրջապատին հետ հայերէնով, հաւատքնին կենսագործելով մայրենիով: Այպիսով պատեհութիւնը ունենալու բարձրաձայն ոսկեղնիկով աղօթելու առ Տիրոջ:

Որպէս Սուրիոյ Օժանդակութեան միացեալ մարմնի ատենապետ, միասին ապրեցանք այդ դժուարին օրերը, ուր մարտահրաւէր էր՝ արագ ձեւով արձագանգել Սուրիոյ մէջ հայ զանգուածներու կարիքներուն: Երբե՛ք աչքաթող չեմ կրնար ընել իր օրինակելի իւրայատուկ բարոյական նուիրումը հանգանակային աշխատանքներուն, նոյնիսկ իր սեփական պիւտճէէն նիւթական մեծ բաժին մը յատկացնելով այդ վսեմ աշխատանքին:

Ան Երբե՛ք չեր մերժեր իրեն օգնութեան դիմողին: Քանի մը օրինակներու վկան եղած եմ, ուր իր անձնական միջամտութեամբ եւ ունեցած հանրային վարկովը, դպրոցական սաներ կը հովանաւորեր, դիմելով հաւատացեալ ժողովուրդին: Նոյն ոգիով, որեւէ կարօտեալի որուն անցուկ նիւթական վիճակը կը շարժեր իր գութը, անտարակոյս օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարէր:

Հետաքրքրական անձնաւորութիւն էր Սրբազան Մեղրիկը: Երբ համոզում գոյացներ ծրագրի մը շահաւէտութեան, ուր հայ գաղութը ու եկեղեցին պիտի օգտուէին անոր բարեբեր արդիւնքներէն, ծրագրի պիւտճէի իրականացման խնդիրը իր ուսերուն վրայ կ՛առներ, գտնելով յարմար բարեպաշտ հայորդին, որ պիտի սիրայօժար նուիրէր պատշաճ գումար մը, կեանքի կոչելու համար եւ գործնականացնելու այդ փափաքը:

Սրբազան Մեղրիկ լաւ կը տիրապետէր այն գաղտնիքին, թէ ինչպէ՞ս Ժողովուրդ մը կարելի է մօտեցնել  ու կը ներգրաւել եկեղեցւոյ աշխատանքներուն մէջ: Փոխադարձաբար, հաւատացեալներու խումբն ալ, տեսնելով անբասիր եկեղեցականի կոչումով եւ հոգեւոր անշեղ իմացականութեամբ այս տիպարը, որ իր կեանքի ընթացքով կ’առինքնէ, հաւատքով ու սրտանց փարեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր մթնոլորտներուն:

Այս ամէնը կ՛իրանակացուէին, երբ շատ լուրջ առողջապահական վերիվայրումներէ կ՛անցնէր եւ ինք լուռ ու Յոբի համբերատարութեան համազօր, կը տոկար իր երիտասարդ տարիքի անհամատեղելի հիւանդութեանց բարդութիւններուն: Խիզախութիւնը հասած էր իր մօտ այն աստիճանի, ուր մահուան սեւ ուրուականին հետ, ինչպէս ամէն կուռ հաւատցեալ, առերեսումի ամէն վայրկեան պատրաստ ըլլալու հանգամանքին հետ հաշտութիւն կնքածի կարգավիճակով՝ իր մտերիմներուն կ՛արտայայտուէր: Ափսո՜ս, մահը շատ կանուխ թակեց իր դուռը ու տարաւ զինք երկնքի քերովբէներուն մօտ:

Աւա՜ղ, եթէ իր հոգեւոր նկարագրային արիութիւնը թոյլտուութիւն կու տար, որ քաջութեամբ ներկայանայ այդ աննախանձելի «հաճութեան», բայց իր հարազատները երբե՛ք պիտի չներեն զինք՝ վաղահաս այդ «մտերմիկ ողջագուրումին», ուր երանութեամբ ու անժամանակ ընդունեց ճամբուիլ «Ի Վերին Յերուսաղեմ», որովհետեւ իր ետեւ ձգեց անաւարտ այնպիսի պարտամուրհակներ, որ դժուար ի կատար ածուէին՝ մանաւանդ բացակայութեամբը իր հեզահամբոյր կառուցողական ոգիին:

Գանատայի թեմը ի մասնաւորի, եւ այլ գաղութներ նաե՛ւ, յետ մահու պատշաճ, ձեռնտու եւ իրաւացի նախաձեռնութիւններ ու հոգեւոր միջոցառումներ իրականացուցին, որոնք կու գան պանծացնելու եւ յաւերժացնելու այս նուիրեալ ուխտաւորին անմեռ յիշատակը:

Սրբազան Մեղրիկ, հոգեւոր արագաստը լայն բացած, տէրը ըլլալով իր կոչումին, խղճմտօրէն ընծայաբերեց՝ նաւարկելով երբեմն հողմերով լի ջուրերու մէջ, երբեմն ա՛լ արեւշատ օրերու ներքեւ, բայց միշտ հաւատքի վահանը առաջ բռնած, առաջնորդուելով ուղիղ քրիստոնէական վարդապետութեան նշանացողով: Աննկուն երթի որպէս ախոյեան, ծաղկեցուց հանրային կեանքը եւ պայծառացուց քրիստոնէական հոգեւոր աշխատանքը, անսակարկ ուղղափառ ծառան հանդիսանալով Հայաստանեանց եկեղեցւոյ աւանդատան:

Խունկ ծխալով ու աղօթք բարձրացնելով, արդարներու դասուն հանգչած իր պայծառ յիշատակին կը ձօնեմ՝ Պետրոս Դուրեանի հետեւեալ տողերը:


       ԻՄ ՄԱՀԸ

Եթէ տժգոյն մահու հրեշտակ

Անհուն ժպտով մ՚իջնէ իմ դէմ…

Շոգիանան ցաւքս ու հոգիս,

Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:

 

Եթէ սընարըս՝ իմ տիպար

Մոմ մը վըտիտ ու մահադէմ,

Ո՜հ, նըշուլէ ցուրտ ճառագայթ ,

Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:

 

Եթէ հընչէ տըխուր կոչնակ՝

Թրթռուն ծիծաղն մահու դժխեմ,

Դագաղս առնէ իր յամըր քայլ,

Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:

 

 

Եթէ մարդիկն այն մահերգակ,

Որք սեւ ունին ու խոժոռ դէմ՝

Համասըփռեն խունկ ու աղօթք,

Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:

 

Եթ՚ յարդարեն իմ հողակոյտ,

Եւ հեծեծմամբ ու սըգալէն

Իմ սիրելիքը բաժնըւին,

Գիտցէ՛ք որ մի՜շտ կենդանի եմ:

 

Իսկ աննըշան եթէ մընայ

Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,

Եւ յիշատակս ալ թառամի,

Ա՛հ, այն ատեն ես կը մեռնի՛մ…:

                                                 Պետրու Դուրեան, 1871

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.