Մանկավարժ-հայերէնագէտ Ուսուցիչներ Պատրաստելու Ծրագիր․ Յայտարարութիւն
Մանկավարժ-հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու համար իր հաստատած կրթական ծրագրին գործադրութեան ծիրէն ներս, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ դիմումնագիրներ ընդունիլ սփիւռքէն: Ենթակաները իրենց բնակած երկրին մէջ նախ պիտի հետեւին մանկավարժական (education & teaching diploma) դասընթացքներուն` ստանալով պսակաւոր արուեստից վկայական (BA), որմէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը մասնագիտանալով հայերէնագիտական մարզի մէջ: Կ՛ընդունուին նաեւ ուսանողներ, որոնք իրենց ուսումը` կը փափաքին շարունակել ԵՊՀ-ի հայերէնագիտական ամպիոնի մէջ մագիստրոսի երկամեայ ծրագիրով: Թեկնածուները պարտին ունենալ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան կամ գրականութեան BA վկայականներ:
Ուսումնառութեան ամբողջական ծախսերը կը ստանձնէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:
Դիմումնագիրները Համազգայինի գրասենեակ կարելի է ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին:
Comments are closed.