Մայր Աթոռը կառավարութեան զեկոյցը կը բնորոշէ «հակասահմանադրական, հակականոնական եւ անօրինական»
- (0)

ԷՋՄԻԱԾԻՆ — Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին 24 սեպտեմբերին հրապարակած յայտարարութեամբ խստօրէն արձագանգեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերեալ հրապարակուած զեկոյցին՝ զայն իր բովանդակութեամբ եւ ձեւով «հակասահմանադրական, հակականոնական եւ անօրինական» բնորոշելով։
Մայր Աթոռը յայտարարեց, որ զեկոյցը հիմնուած է ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուած մեղադրանքներու վրայ եւ զայն որակեց Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին քաղաքական միջամտութեան դրսեւորում։ Ան նաեւ վերահաստատեց 2026-ի փետրուարին Սանկտ Փյոլթընի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովի դիրքորոշումը՝ իշխանութիւններէն պահանջելով յարգել Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը, դադրեցնել եկեղեցականներու նկատմամբ ճնշումները եւ տարակարծութիւնները լուծել երկխօսութեան ճամբով։
Յայտարարութեան համաձայն՝ Եկեղեցւոյ ներքին բարենորոգումներու եւ կարգապահական հարցերու լուծումը կրնայ իրականացուիլ միայն եկեղեցական բարձրագոյն կանոնական մարմիններու որոշումներով։ Մայր Աթոռը կառավարութեան նախաձեռնութիւնը բնորոշեց իբրեւ եկեղեցական կեանքին մէջ «արհեստական ճգնաժամ» ստեղծելու փորձ։ Կառավարութեան զեկոյցը, որ պատրաստուած է վարչապետի յանձնարարութեամբ, կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ մէջ իր նշած 16 խնդիրներն ու առաջարկուած լուծման ուղիները։