Մայր Աթոռը խստիւ կը դատապարտէ Փաշինեանի հակասահմանադրական արարքները

Նիկոլ Փաշինեանի եւ տասը եպիսկոպոսներու ու արքեպիսկոպոսներու յունուար 4-ի համատեղ յայտարարութեան ի պատասխան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարեց, թէ անոնց կողմէ եկեղեցւոյ «բարենորոգման նախաձեռնութիւնը» սահմանադրութեան կոպիտ խախտում է։

«ա. Եկեղեցւոյ ներքին կեանքի կանոնակարգման եւ բարենորոգման պատրուակով Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարին ձեռնարկած գործողութիւնները ուղղակիօրէն կը ոտնահարեն ՀՀ սահմանադրութիւնը եւ կը խախտեն թէ՛ միջազգային, թէ՛ Հայաստանի օրէնսդրութեամբ ամրագրուած եկեղեցւոյ իրաւունքները։

բ․ Նման հակաեկեղեցական գործընթացներու մէջ եպիսկոպոսներու ներգրաւումը, ինչպէս նաեւ քահանայից դասին նկատմամբ գործադրուող ճնշումները դատապարտելի են։ Եկեղեցւոյ կեանքին առնչուող խնդիրներու քննարկումները կը կատարուին բացառապէս համապատասխան եկեղեցական մարմիններուն մէջ՝ կանոնական կարգաւորումներուն համաձայն։ Տարակուսելի է, որ յիշեալ տասը եպիսկոպոսները մինչեւ այսօր որեւէ ձեւով չեն արձագանգած Մայր Աթոռէն իրենց ուղղուած կոչերուն եւ հրաւէրներուն, եւ կը շարունակեն խուսափիլ իրենց յուզող հարցերուն շուրջ Ամենայն Հայոց Հայրապետին ու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին հետ հանդիպումներէ եւ քննարկումներէ։

գ․ Պէտք է շեշտել, որ եկեղեցւոյ կանոնակարգային հարցերն ու բարենորոգումը վերապահուած չեն ինքնահռչակ խորհուրդի մը, այլ՝ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան՝ իր բարձրագոյն կառոյցներով։

դ․ Նման անխոհեմ քայլերը կրնան յանգեցնել հերձուածի՝ ցաւալի հետեւանքներով»,– կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Յունուար 4-ին, Նիկոլ Փաշինեանն ու Կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող տասը եպիսկոպոսներն ու արքեպիսկոպոսները հանդէս եկած էին հակասահմանադրական յայտարարութեամբ՝ կոչ ուղղելով միանալու եկեղեցւոյ «բարեփոխման գործընթացին»։ Փաշինեան յայտարարութիւնը ընթերցած էր ուղիղ եթերի ընթացքին, որմէ ետք յայտարարութեան միացած եպիսկոպոսներն ու արքեպիսկոպոսները ստորագրած էին զայն։

Փաշինեան նաեւ յայտնած էր, որ պիտի ձեւաւորուի համակարգող խորհուրդ մը, որուն պիտի վստահուի եկեղեցւոյ «բարենորոգման» կազմակերպման պարտականութիւնները։