ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչը Այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան շրջանային անցուդարձերը, Լիբանանի կառավարական տագնապը եւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւնները:

Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան անմիջական կազմութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութիւն մը, մասնագէտներէ բաղկացած, կրնայ կազմուիլ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին` միաժամանակ դիտել տալով, որ նման կարելիութեան մը դիմաց միջազգային ընտանիքը պարտի իր խոստումները յարգել Լիբանանի նկատմամբ, մանաւանդ երբ առաջարկուած բարեկարգումները դառնան նորակազմ կառավարութեան առաջնահերթութիւն:

Քննարկուեցաւ նաեւ ժողովուրդի ընկերային վիճակին հետ առնչուող տագնապը եւ անկէ դուրս գալու համար միջազգային ընտանիքին զօրակցութեան առաջնահերթութիւնը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը, բաժնելով արծարծուած մտահոգութիւնները, դրական նկատեց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի դերակատարութիւնը լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ եւ այն հոգածութիւնը, որ կը ցուցաբերէ համայնքի ղեկավարութիւնը հայ քաղաքացիներուն նկատմամբ` յոյս յայտնելով որ կառավարութեան կազմութիւնը դրական նշաններ կու տայ միջազգային ընտանիքին համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.