ՄԱԿի Յատուկ Զեկուցողը Միջազգային Հանրութիւնը Յորդորեց Արցախէն Բռնի Տեղահանուածներուն Ձայնը Լսելի Դարձնել
Ճշմարտութեան, արդարութեան, հատուցման եւ չկրկնուելու երաշխիքներու խթանման հարցերու գծով ՄԱԿի յատուկ զեկուցող Ֆապիան Սալուիոլին իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած ցեղային զտումներուն եւ բռնի տեղահանուած անձերուն։
Լեռնային Ղարաբաղի փախստականներու իրաւապաշտպան միութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով ներկայացուց Սալուիոլիի`16-24 Նոյեմբեր 2023ին Հայաստան կատարած այցելութեան վերաբերեալ զեկոյցը:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ցեղային զտումներուն՝ զեկուցողը կը յայտնէ, որ իր այցելութիւնը համընկած է Լեռնային Ղարաբաղէն հազարաւոր հայերու բռնի տեղահանման հետ: Ան աւելցուց, որ ականատես եղած է բռնի տեղահանուած բնակչութեան ցաւին եւ հրատապ կարիքներուն:
Սալուիոլի կը շեշտէ, որ արցախահայերուն համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած փաստաթուղթերու հասանելիութիւնը, իրենց հարազատներու գերեզմանատուներու եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը հրատապ հարց է:
Ան միջազգային հանրութիւնը, համապատասխան անդամները եւ հարցին հետ կապ ունեցող միւս կողմերը կը յորդորէ ՝ Արցախի բնակչութեան ձայնը լսելի դարձնել:
Սալուիոլի այս գործընթացին վերաբերող միջազգային հանրութեան անդամներուն եւ բանակցութեան կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապ ունեցող որեւէ քննարկում կամ համաձայնագիր ներառէ ճշմարտութեան գործիքակազմերու ընդունում, մեղաւորներու հանդէպ քրէական պատասխանատուութեան կիրարկում, վնասներու փոխհատուցում, տեղահանուած բնակչութեան արխիւներու եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանում, ինչպէս նաեւ այդ բոլորին չկրկնելու երաշխիքներ:
Սալուիոլի կը շեշտէ, որ այդպիսի գործիքակազմեր պէտք է կազմուին միջազգային երաշխիքներով՝ բոլոր կողմերու անաչառութիւնը եւ վստահութիւնը ապահովելու եւ բռնութեան կրկնութիւնը կանխելու նպատակով: Ան միջազգային հանրութեան ուշադրութեանը կը հրաւիրէ եւ կը յիշեցնէ, որ բոլոր քննարկումներուն եւ ապագայ համաձայնագիրներուն մէջ պէտք է արտացոլուին եւ անոնց համար հիմք հանդիսանան անցումային արդարադատութեան միջազգային չափանիշները:
«Լեռնային Ղարաբաղի փախստականների իրաւապաշտպան միութիւնը ողջունում է Ճշմարտութեան, արդարութեան, հատուցման եւ չկրկնուելու երաշխիքների խթանման հարցերով ՄԱԿ յատուկ զեկուցողի կատարած անաչառ եւ արդարամիտ վերլուծութիւնները եւ լիայոյս է, որ այս յայտարարութիւնները հիմք կը հանդիսանան գործընթացի արդարացի լուծման համար: Այսօր Ադրբեջանը շարունակում է վարել հայատեաց ու մշակութասպան քաղաքականութիւն` անտեսելով միջազգային հանրութեան բոլոր մեղադրանքներն ու կոչերը, յաճախ իրեն չվերագրելով ոչ հասէցագրուած զեկոյցներն ու կոչերը: Լեռնային Ղարաբաղի փախստականների իրաւապաշտպան միութիւնը կոչ է անում Ադրբեջանի նման վարքագիծը խոչընդոտելու համար կատարել թիրախային եւ անուանական շեշտադրումներ», կ՛ըսուի Լեռնային Ղարաբաղի փախստականներու իրաւապաշտպան միութեան յայտարարութեան մէջ:
Comments are closed.