Ճատրակ. Եւրոպայի 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Չորս Մետալի Տիրացան Անթալիոյ Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Մամիկոն Ղարիբեան, Անթալիոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի Ճատրակի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:

9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելով ազրպէյճանցի Խազար Պապազատայի հետ, ապահովեց 6,5 կէտ` առաւելագոյն 9 կէտէն:

Տղոց տիտղոսակիր դարձաւ ռուսահայ Ռուդիկ Մակարեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը:

Փոխախոյեան հանդիսացաւ ռուս Վոլոտար Մուրզին` 7 կէտով:

Աղջկանց 14 տարեկանէն վար պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Բենիկ Աղասարով` ապահովելով 7 կէտ եւ կէտով մը ետ մնալով տիտղոսակիր դարձած ուքրանացի Սվեաթոսլաւ Բազակուցայէն:

Իր կարգին, պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Էմիլ Օհանեան` տղոց 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն:

Ինչպէս երէկուան մեր մարզական էջով հաղորդած էինք, Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար ախոյեանի կոչումը նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ապահոված էր Հայաստանի եւ աշխարհի ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան:

Ան վերջին հանգրուանին յաղթանակ արձանագրելով ախոյեանութիւնը աւարտեց 8,5 կէտով` 1,5 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով երկրորդ դիրքը գրաւած ուքրանացի Էլիզա Կրեբեշչիքովայի վրայ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.