Ճատրակ. Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Մարիամ Մկրտչեան Արձանագրեց Իր 6-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող տղոց եւ աղջկանց 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի 18 տարեկանէն վար գործող ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը` 52-րդ շարժումին պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը` Լիա Քուրմանկալիեւան (Ղազախստան):
Ան 5-րդ հանգրուանին 64-րդ շարժումին սեւ քարերով պարտութեան մատնեց իր մոնկոլ մրցակիցը` Պատ-Էրտենէ Մունկուլզուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Մկրտչեան 6 կէտով առանձինն կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` կէս կէտի առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին` սպանացի Մարիա Էյզակերիի վրայ:
Նոյն տարիքին, սակայն տղոց մրցումներուն, Մամիկոն Ղարիբեան 5 կէտով կը բաժնէ առաջին դիրքը` ղազախ Կազիբեկ Նոպերբեկի հետ:
Իսկ տղոց 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Էմին Օհանեան, որ այժմ ունի 5,5 կէտ, իր կարգին կը բաժնէ առաջին դիրքը` Ֆրանսան ներկայացնող Թիմոթէ Ռազաֆինտրացիմայի հետ:
Այսօր` երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենան 7-րդ հանգրուանի ճակատումները: