Ղարաբաղեան շարժումը պէտք է դադրի. Փաշինեանը՝ Փութինին

Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ այլեւս պէտք չէ շարունակուի Ղարաբաղեան շարժումը՝ պատճառաբանելով, թէ Երեւանն ու Պաքուն փոխադարձաբար ճանչցած են միմեանց ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։

Նոյն հանդիպման ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ Մոսկուան կը ցանկայ, որ Հայաստանի մէջ գործող բոլոր քաղաքական ուժերը մասնակցին յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Ան ընդգծեց, որ կարեւոր է, որպէսզի քաղաքական դաշտի բոլոր դերակատարները ներգրաւուած ըլլան ներքաղաքական գործընթացներուն մէջ՝ ակնարկելով նաեւ այն գործիչներուն, որոնք ներկայիս ազատազրկուած են։

Փաշինեան, իր կարգին, պատասխանեց, որ Հայաստանը ժողովրդավար երկիր է, ուր քաղաքական գործընթացները բաց են, սակայն պնդեց, որ ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ միայն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող անձեր։ Ան յիշեցուց, որ այլ երկրի քաղաքացիութիւն ունեցող անձեր չեն կրնար վարչապետի կամ պատգամաւորի թեկնածու դառնալ։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան նաեւ արտաքին քաղաքական ուղղութիւններուն։ Փութին կրկնեց, թէ ԵԱՏՄ-ին եւ ԵՄ-ին միաժամանակ անդամակցութիւնը գործնականօրէն անհնար է, նշելով, որ խնդիրը տնտեսական է։ Փաշինեան պատասխանեց, որ Երեւանը կը փորձէ որքան կարելի է երկար համադրել երկու ուղղութիւնները՝ վերջնական որոշումը թողնելով քաղաքացիներուն։

Անվտանգային հարցերու վերաբերեալ՝ Փաշինեան կրկին քննադատեց ՀԱՊԿը՝ նշելով, որ 2022 թուականի դէպքերուն ընթացքին դաշինքը չարձագանգեց իր պարտաւորութիւններուն համաձայն, ինչ որ կը շարունակէ լարուած պահել Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւնները։