Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի մասնակցութիւնը Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնախումբի տարեկան ժողովին
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը առցանց մասնակցութիւն ունեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան ԸԵՄՄ Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնախումբի տարեկան ժողովին:
Դեկտեմբեր 12-13-ին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականէն 6 հոգինոց պատուիրակութիւն մը՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Եւրոպայէն մասնակցութիւն ունեցան ժողովին: Ընկերները ներկայացուցին Հայաստանի եւ մանաւանդ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ամիսներու արհաւիրքները, էթնիկ զտումն ու ներկայիս բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վիճակը: Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան քննարկում «Սեւծովեան տարածաշրջանը համաշխարհային ճգնաժամերու մէջ» խորհագրով, որուն բանախօսներն էին՝ ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» Դաշինքի պատգամաւոր Արթիւր Խաչատրեանը եւ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի գիտաշխատող Եղիա Թաշճեանը:
Յիշեցնենք, որ ԸԵՄՄ՝ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար-Միջազգայնականի (Սոցիալիստական Ինտերնացիոնալ) ուղեկից երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որուն անդամակցում են աւելի քան 163 կազմակերպութիւններ՝ աշխարհի շուրջ 110 երկրներէն։ ՀՅԴ Երիտասարդականը ԸԵՄՄ-ի լիիրավ անդամ է։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի
Երիտասարդական գրասենեակ
Comments are closed.