Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ. «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի երիտասարդները այցելեցին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցի

Horizon Weekly Newspaper

Երեքշաբթիՙ 8 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ. «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի երիտասարդները այցելեցին Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան Հոգեւոր Հայրերուն եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչին կողմէ։ Գերպ. Հայրը Սուրբը ողջունեց զանոնք եւ իրենց հետ կիսեց իր մտածումներն ու խորհուրդները։

Այնուհետեւ, Գ.Ե.Մ.-ականները անդրադարձան իրենց կարգ մը դաստիարակչական ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան աշխատանքներուն մասին։

Գերպ. Հայր Սուրբը գնահատեց երիտասարդներուն աշխատանքները եւ Տէր Հօր հետ միասին, արտայայտեց իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու անոնց նախաձեռնութիւններուն։