Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Յայտարարութիւն. «Միշտ պատրաստ ենք մեր բոլոր հնարաւորութիւններն ու կարողականութիւնը ի սպաս դնել Հայրենիքին ու հայութեան անվտանգութեան եւ զարգացումին»

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ ու ռազմատենչ նկրտումներու հերթական փաստը արձանագրուեցաւ: Այս պահուն թիրախը Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան սահմանի հատուածն է: Ինչպէս նախորդ բոլոր պարագաներուն, այս անգամ ալ անոր կ՚ուղեկցի քարոզչական ապատեղեկատուութիւնը, Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ:

Առաջին իսկ պահէն Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ կառոյցը ձեռնարկեց իր բոլոր կարողութիւններով միջազգային հանրութեան ներկայացնելու՝ բանակցութիւններու փոխարէն Հայաստանին ֆիզիքական սպառնալիք ներկայացնող Ադրբեջանի քաղաքականութիւնը, անգամ մը եւս հաստատելով որ ներխուժումն ու նախայարձակ կողմը չդատապարտելը կը խրախուսէ Ազրպէյճանին եւ հող կը նախապատրաստէ լայնամասշտաբ ռազմական գործողութիւններու համար:

Այս դժուարին պահուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր աշխարհասփիւռ կառոյցով, Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցով, ուղեկից միութիւններով ու համակիրներով կանգնած է հայկական զոյգ պետութեանց, հայկական  բանակին կողքին: Ինչպէս միշտ, մենք պատրաստ ենք մեր բոլոր հնարաւորութիւններն ու կարողականութիւնը ի սպաս դնել Հայրենիքին ու հայութեան անվտանգութեան եւ զարգացումին։

Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրօ

14 Յուլիս 2020

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.