Հ.Յ.Դաշնակցութեան հայրենակերտման առաքելութիւնը անշրջելի է (ՀՅԴ 132-ամեակին առիթով)

Դաշնակցութիւնը հարազատ զաւակն է հայ ազգին, ծնած անոր ծոցէն, իբրեւ իսկական արտայայտիչը բազմաչարչար մեր ցեղին քաղաքական պահանջներուն եւ ազգային ձգտումներուն: 

Հրանդ Սամուէլ

Դաշնակցութիւնը պետականակերտ կուսակցութիւն է, որ հիմը դրած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան եւ այդ մէկը իրագործած է հայ ժողովուրդի լիակատար բնաջնջումին միտուած թրքական ցեղասպանական ծրագրէն երեք տարի ետք։

Անշեղ եւ անխոտոր է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նպատակը՝ ամբողջական հայութեամբ՝ ամբողջական հայրենիքի կերտման տեսլականը եւ Հայ Դատի լիակատար լուծման գերագոյն առաջադրանքը։ 19-րդ, 20-րդ դարերուն որպէս հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանող քաղաքական դերակատար ուժ՝ Դաշնակցութիւնը իր գոծունէութիւնը ծաւալեց նաեւ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ազատագրական պայքարով Արցախահայութեան իրաւունքները պաշտպանելու իր առաքելութիւնը։

Դաշնակցութեան համար այսօր առաջնահերթ օրակարգ է Արցախը։ ՀՅԴ ազատամարտիկներու ինքնամոռացութիւնն ու անձնուիրութիւնը Արցախեան գոյապայքարի եւ Անկախ Արցախի արարման մէջ անժխտելի է։ ՀՀ պաշտպանութեան փոխ նախարար, Արցախեան պատերազմի մասնակից, Հայաստանի ազգային հերոս զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան կը վկայէ. «Դաշնակցութեան կուսակցութեան կողմից վերահսկուող ջոկատները, կազմում էին ինքնապաշտպանութեան ջոկատների մեծամասնութիւնը եւ զէնք, զինամթերք ու այլ տեսակի օգնութիւն էին ստանում կուսակցական խողովակներով: Ամենախոշոր եւ լաւ պատրաստուած ջոկատը Աշոտ Ղուլեանի (Բեկորի) ջոկատն էր»:

ՀՅԴ-ն երեք տասնամեակներու ընթացքին կուտակած Արցախեան գուպարի իր փորձառութեամբ, վճռակամօրէն կը հաւատայ, որ այսօր, աւելի քան երբեք, Արցախի կայուն զարգացման, գոյատեւելիութեան պահպանման եւ Արցախահայութեան կենսագործունէութեան ապահովման համար անհրաժեշտ է ամրագրել Արցախի քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական անվտանգութիւնը։

Այսօր, համաշխարհային բազմաբեւեռ հակամարտութիւնները, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ օրըստօրէ խորացող աշխարհաքաղաքական ճգնաժամը՝ ուղղակի իրենց ազդեցութիւնը ունին Արցախի հիմնահարցին վրայ, որուն ծիրէն ներս, ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծի դրսեւորումները վերջին երկու տարիներու ընթացքին կը փաստեն, որ Պաքուի վերջնական նպատակն է զինաթափել եւ ապա՝ հայաթափել Արցախը։

Արցախեան երկրորդ պատերազմի նախօրեակին, ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» խորագիրը կրող խորհրդաժողովը, որուն օրակարգին մէջ ընդգրկուած էին Հայաստանի եւ Արցախի ռազմաքաղաքական յարաբերութիւնները իրաւապայմանագրային դարձնելու հարցերը: Այսօր, ՀՀ գործող իշխանութիւններու ազգակործան քաղաքականութեան պատճառով, ոչ միայն չկայ Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւններու որոշիչ ոլորտ, այլեւ, իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու «ռեսուրս»ներ չունին։ Մէ՛կ խօսքով, Արցախը լքած են իր բախտին։

Այս պայմաններուն տակ ստեղծուած իրավիճակը, այսօր ՀՅԴ-ի համար նոր մարտահրաւէր կը հանդիսանայ։ գաղափարական եւ ծրագրային իր սկզբունքներուն հաւատարիմ՝ Դաշնակցութիւնը կտրականապէս դէմ է անձնատուողական եւ զիջումներով ընթացող ՀՀ իշխանութիւններու այժմու քաղաքական վարքագծին եւ կուսակցական իր ամբողջ ներուժով լծուած է հայրենիքը պատերազմի աղէտէն վերականգնելու ու վերակենսաւորելու աշխատանքին։

Անհերքելի իրողութիւն է, որ Դաշնակցութիւնը ազգային արժեհամակարգի կայացման համար վիթխարի աշխատանք իրականացուցած է։ Դաշնակցութեան հնոցները թրծած են սերունդներ, անոնց մէջ ամրակայելով պատմական յիշողութիւնը, ազգային ինքնագիտակցութիւնը, հայու հոգեկերտուածքը եւ հայրենատիրութիւնը։

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, կուսակցութիւնը հետամուտ եղած է ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի անքակտելի մաս դարձնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցերը, միշտ դիմակայելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը խափանելու միտող թրքական հակահայ ծրագիրները:

Դաշնակցութիւնը տէր է ազգին ու հայրենիքին հանդէպ իր պատասխանատուութեան։ Գիտակից է, որ Մայր Հայաստանի գոյութիւնը պայմանաւորուած է արցախեան ճակատին վրայ մեր վերջնական ու լիիրաւ յաղթանակով, Հայ Դատի անբաժան բաղադրիչներէն հանդիսացող Արցախի ու Հայաստանի միաձուլման տեսլականով։

Տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին Դաշնակցութիւնը իր վճռորոշ դերակատարութեամբ հանդիսացած է հայութեան դիմադրականութեան փուլ եկած պարիսպները վերականգնող մղիչ ուժը։

Այսօր նոյնպէս, բարոյալքման ու պատմականօրէն աղէտալի ներկայ ժամանակահատուածին, Դաշնակցութեան վիճակուած է դիմադրութեան նշաձողը բարձր ու կանգուն պահելու առաքելութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ կուսացկութիւնը ուղեգիծ ընտրած է

Դիմադրել՝ յանուն հայ ժողովուրդի գոյութեան,

Դիմադրել՝ ի խնդիր Հայ Դատի հանգուցալուծման,

Դիմադրել՝ Վիտոշեան բազէներու ճախրանքով,

Դիմադրել՝ ազատամարտիկներու խոյանքով,

Դիմադրել՝ աներեր ու անվկանդ,

Դիմադրել՝ Վահանով կամ Վահանի վրայ,

Դիմադրել ու կերտել ապագայ սերունդներու միացեալ եւ հզօր Հայաստանը։

«Հորիզոն»

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.