ՀՕՄ-ն Է Դարձեալ. Վա՛րձքդ Կատար

Լիբանանահայ գաղութը դարձեալ դէմ յանդիման կը գտնուի տնտեսական եւ քաղաքական ծանր տագնապներու, որոնք կը սպառնան լիբանանահայութեան կենսունակութեան եւ համայնքային ընդհանուր իրավիճակին, նկատի ունենալով, որ ի տարբերութիւն նախկին տագնապներուն եւ տասնհինգամեայ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, տնտեսական-ելեւմտական անմխիթար կացութիւնը գորշ ամպեր կուտակած է լիբանանեան երկնակամարին վերեւ` դրամատնային համակարգը գրեթէ անդամալուծելով, ինչ որ իր չափազանց ժխտական ազդեցութիւնը ունի թէ՛ ֆոնտերու կառավարման, թէ՛ տնտեսա-առեւտրական գործառնութիւններու կատարման եւ թէ՛ խնայողութիւններու տնօրինման իմաստով:

Մէկ կողմէ քաղաքական¬ապահովական տագնապալի իրավիճակները, միւս կողմէ` ապագայի նկատմամբ անորոշութիւնը տնտեսական այս անմխիթար իրավիճակը, ինչպէս բոլոր լիբանանցիները, նաեւ լիբանանահայութիւնն ու համայնքին ղեկավարութիւնը դրած են աննախընթաց տագնապէն բխած ծանր խնդիրները լուծելու անյետաձգելի պարտաւորութեան տակ, որովհետեւ տագնապը հարուածած է բոլորը անխտիր: Արհեստաւոր եւ պաշտօնեայ հայորդիները կը դիմագրաւեն կէս ամսականով աշխատելու, ինչ որ շատ ծանր է, տարիներու աշխատանքը յանկարծ կորսնցնելու ծանրակշիռ կացութիւն մը, իսկ բարեկեցիկ եւ գործատէր հայորդիներն ալ կը գտնուին բաւական մտահոգիչ կացութեան մը մէջ, որովհետեւ դրամատնային գործառնութիւն գրեթէ կարելի չէ կատարել դրամագլուխներու ամբողջական սառեցման պատճառով:

Անհատականէն անդին` ազգային, եկեղեցական, կրթական, կուսակցական, միութենական, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական մեր բոլոր կառոյցները, միութիւնները, հաստատութիւնները եւ կազմակերպութիւններն են, որ կը դիմագրաւեն բաւական մտահոգիչ տագնապներ, նկատի ունենալով, որ բոլորին պարագային կայ ամսականներու վճարման պարտաւորութիւն, որուն դիմաց եկամուտի աղբիւրները գրեթէ չքացած են ելեւմտատնտեսական ահաւոր տագնապին պատճառով: Ասոր կու գայ աւելնալու լիբանանեան թղթոսկիին արագ արժեզրկումը, որ լիբանանցիին գնողական կարողութիւնը երկու երրորդով նուազեցուց` իր ժխտական բոլոր հետեւանքները շատ արագ զգալի դարձնելով: Մէկ խօսքով, լիբանանահայութիւնը դարձեալ կը գտնուի գոյատեւման բաւական լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց:

Տագնապահար այս իրավիճակին ի տես եւ ի լուր, ամբողջ հայութիւնը, եւ ի մասնաւորի Հայաստանի,  Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին գործող մեր հիանալի կազմակերպութիւնը` ՀՕՄ-ը, հաւատարիմ իր հիմնադիրներուն պատգամին, անմիջապէս ձեռնարկեց աշխատանքի, որպէսզի ընձեռուած կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ օժանդակութեան ձեռք երկարէ լիբանանահայութեան` մասամբ մը թեթեւցնելու համար բեռը, որպէսզի իբրեւ համահայկական տարողութեամբ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող կառոյցներ ունեցող գաղութ, իր քոյր գաղութներուն նեցուկին շնորհիւ, յաջողի կանգուն մնալ եւ շարունակել առաքելութիւնը` գաղութային բոլոր կառոյցներուն անխափան աշխատանքին ապահովմամբ: Այս ծիրին մէջ պէտք է ընդգծել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալին հայրական հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութեան պատասխանատու մարմիններուն ուշադրութիւնը, նաեւ չմոռնալով գաղութին մէջ ապրող անհատ ազգայիններու ճիգերը` տագնապահար վիճակին մէջ բոլորին հասնելու իմաստով:

Հոս կարեւոր է նշել բաւական կարեւոր հանգամանք մը: Համագաղութային օժանդակութեամբ ձեռք երկարելու խրախուսիչ կեցուածքը գնահատելով` կարեւոր է շեշտել, որ լիբանանահայ գաղութին ամբողջ ղեկավարութիւնը` քաղաքական, կուսակցական, եկեղեցական թէ այլ, լաւապէս կը գիտակցի, որ գաղութին հասնելիք նիւթական օժանդակութեան քանակը չէ կարեւորը, ոչ ալ կառոյցներուն հասնելիք տարբեր նուիրատուութիւններն ու գումարները: Անշուշտ ասոնք իրենց առանցքային դերը ունին` կառոյցներուն մէջ գործող ուսուցիչներուն, խմբագիրներուն, պաշտօնեաներուն, գործիչներուն եւ բոլորին նիւթաբարոյական աջակցութեան համար: Ասիկա ոչ մէկ կասկածի դուռ կը բանայ: Կարեւորը այս հիանալի եւ շնորհաւորելի վերաբերումն է, որ երէկ եթէ ցուցաբերուեցաւ սուրիահայութեան, այսօր հասցէագրուած է ահա լիբանանահայութեան, այն խոր համոզումով, որ միջինարեւելեան այս երկու առանցքային գաղութներուն կարեւորութիւնը` համահայկական իմաստով, յատուկ նշանակութիւն եւ խորք կը զգենու:

ՀՕՄ-ի նախաձեռնութիւն ըլլայ անիկա, թէ համահայկական կամ գաղութային մակարդակներու վրայ որեւէ ձեւի օժանդակութեան կազմակերպում, ուղղուած է լիբանանահայութեան գոյատեւման եւ երթին անխափան ապահովման: Ասոր համար ալ` նախ շնորհակալութիւն եւ գնահատանք ՀՕՄ-ին, ապա` անխտիր բոլորին:

Բոլորին ալ վարձքը կատար:

«Ազդակ»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.