ՀՕՄ-ի 101-րդ եւ Գանատայի Շրջանի 25-րդ Պատգամաւորական ժողով

ՀՕՄ-ի 101-րդ և Գանատայի շրջանի 25-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս Յուլիս 1,2 եւ 3, 2022-ին, ներկայութեամբ՝ 62 պատգամաւորներու, ժամանած Գանատայի 10 մասնաճիւղերէն՝ Թորոնթօ, Մոնթրէալ, Լաւալ, Սէնթ Գաթրինզ, Միսիսոկա, Համիլթըն, Գէմպրիճ, Վանգուվըր, Օթթաուա եւ Ուինծըր, քննարկելու՝ Գանատայի Շրջանային վարչութեան եռամեայ գործունէութիւնը։ Տեղին է նշել, որ 2021-ին թագաժահրի համաճարակի պատճառաւ պետութեան կողմէ որոշուած սահմանափակման  օրէնքներուն հետեւելով, կարելի չէր եղած պատգամաւորական ժողով գումարել: Հետեւաբար, այս տարի պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ մէկ տարուան ուշացումով:

Սոյն ժողովին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ.Նայիրի Տէրտէրեան եւ ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Բանաւոր պատճառով ժողովէն կը բացակայէր Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արմինէ Կարապետեան:

Գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերու պատգամաւորները ժամանեցին Թորոնթոյի Հայ կեդրոն, Ուրբաթ, 1 Յուլիսի յետմիջօրէին: Իւրաքանչիւրին փոխանցուեցաւ ժողովի թղթածրարը, որ կը պարունակէր ժողովի օրակարգը, ժամանակացոյցը, պատգամաւորներու եւ հիւրերու ցանկը եւ եռամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագրերը։

Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ․Անի Օհանեան ժողովը բացաւ ՀՕՄ-ի​, Հայաստանի եւ Գանատայի քայլերգներով, որմէ ետք ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգանքի տուրքը մատուցեցին վաստակաշատ եւ երբեմնի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկհ.Վանուհի Իսաջանեանի եւ ՀՕՄ-ի ընտանիքէն մահացած անդամներուն ի յիշատակ: Ապա, ընկհ. Անի Օհանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց Գանատայի Օրը եւ փոխանցեց որ համաճարակի աննախադէպ իրավիճակը չանդամալուծեց վարչութեան գործունէութիւնը, այլ ընդհակառակը շրջանային վարչութիւնը շուտով ընտելացաւ արուեստագիտութեան ընծայած արդիական միջոցներուն եւ իրեն վստահուած գործն ու պարտականութիւնը ձեռնհասօրէն  շարունակեց: Ընկերուհին իր խօսքը շարունակելով ըսաւ, որ անցնող երեք տարիները բաւական ծանր տարիներ եղան ոչ միայն շրջանային վարչութեան համար,  այլեւ ՀՕՄի մեծ ընտանիքին եւ   համայն հայութեան համար: Երբ աղէտները զիրար յաջորդեցին՝ Լիբանանի տնտեսական տագնապը, նաւահանգիստի պայթումը, Արցախի 44 օրուան պատերազմը և անոր հետևանքով ստեղծուած նոր կարիքները, վարչութեանս ուսերուն վրայ աւելցան նոր պարտաւորութիւններ եւ դժուարութիւններ, սակայն վարչութիւնը ամէն գնով փորձեց յաղթահարել ստեղծուած բոլոր դժուարութիւնները։

Այնուհետեւ ժողովը ընտրեց իր առժամեայ դիւանը, ապա մնայուն դիւանը, ատենապետներ՝ ընկհ. Ֆլորա Կիրակոսեան և Սիլվի Օհանեան, ատենադպիրներ՝ ընկհ. Վարդուկ Պարտագճեան և Արփի Սանոսեան, իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբը ՝ Յասմիկ Բաբիսեան, Սալբի Խոզոզեան, Տալիթա Պալիոզեան, ժողովավարական  կանոններու մեկնաբանը(ընկհ.Աննա Պուլկարեան), ընտրողական յանձնախումբը Արշօ  Աստուրեան, Հուրի Զաքարեան , Լիւսի Շահինեան, Մանան Ապրագեան եւ Հուրի Նաճարեան),  թղթակիցները(Նելլի Պարսեմեան-Նուշիկ Ղազարեան), բանաձևի յանձնախումբը(Նուշիկ Էլոյեան, Քրիսդին Աֆարեան, Աննա Մարտիկեան Տէր Յակոբեան, յարաբերական թուղթեր քննող յանձնախումբը (Լուսին Փալանճեան, Լիլիան Սարեան  եւ Մարիա Պարսումեան եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբը՝ Վալերին Յարութիւնեան, Կարինէ Տէր Յովակիմեան եւ Սիլվա Պետիրեան։

Շրջ. վարչութեան ատենապետ ընկհ.Անի Օհանեան ներկայացուց Շրջանային վարչութեան հիւրերը՝ ընկերուհիներ՝ Վանին Գապասագալեան, Նաթալի Մանուկեան եւ Նորա Պէքարեան։

Ժողովը խորհրդակցական ձայնով որպէս հիւր ընտրեց հետեւեալ ընկերուհիները՝ ​Մարօ Ֆրունճեան, Գլարա Յակոբեան, Արշօ Զաքարեան, Վերժին Բուչիկեան, Զեփիւռ Տորնա , Արշօ Փիլաւճեան եւ Շողիկ Թիւֆէնքեան:

Ժողովին ներկայ էր Տէր Տաթեւ աւագ քահանայ Միքայէլեան, զոր փոխանցեց սրբազան հօր գերաշնորհ՝ Տէր Բաբգէն Արք․ Չարեանի օրհնութիւնները եւ աղօթքով օրհնեց ժողովը: Ժողովի ընթացքին խօսք առին ուղղեկից միութիւններու   ներկայացուցիները։ ՀՅԴ կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ընկեր Վաչէ Գըլըպոզեան , ​Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկ.Արփի Աշգարեան, , ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ քոյր Լէոնի Սարմազեան, Հորիզոն շաբաթաթերթի ներկայացուցիչ՝ օրդ․ Սարին Փոլատեան, Համազգայինի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ օրդ․ Էօժէնի Բարսեղեան, Արմէն Գարօ ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ՝ Նազօ Մերճանեան։ Բոլորը բարձր գնահատեցին ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի տարած լայնածաւալ գործունէութիւնը, ​ՀՕՄ-ուհիներու անձնուրաց և անշահախնդիր նուիրումը եւ ՀՕՄ-ի նշանաբանին՝ Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար հաւատարիմ մնալու պատրաստակամութիւնը։ Անոնք իրենց հիացմունքը յայտնեցին ՀՕՄ-ի ցուցաբերած միասնական և համագործակցական ոգիին, բոլոր ուղղեկից միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ մերօրեայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու պատրաստակամութեան եւ իրենց խօսքը փակեցին հեզասահ և արդիւնաբեր ժողով մը մաղթելով բոլորին։

Ժողովին խօսք առաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդր․ վարչ․ ատենապետ ընկհ․՝ Նայիրի Տէրտէրեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց կեդրոնական վարչութեան եռամեայ զեկոյցը, զոր կը ներառէր աջակցութիւն Լիբանանի տնտեսական տագնապին (Տաք ճաշ ծրագիր), Երկիր Մետիայի, Հայաստանի և Արցախի (օժանդակութեան համար տասնեակ մը ծրագրեր՝ Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին, վիրաւոր և հաշմանդամ զինուորին օգնութեան, Սօսէ մանկապարտէզներուն (այժմ չորսը յանձնուած թշնամիին), արևային ջրատաքացուցիչ սարքերու ապահովում, Ջաւախքահայութեան օգնութիւն և շարք մը ծով կարիքներու նպաստ։ Ընկերուհի Տէրտէրեան նաեւ ներկայացուց կատարուած յատկացումները եւ գնահատեց Գանատայի շրջանը իր պարտաւորութիւնները լիովին կատարելուն համար: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղի ատենապետ ներկայացուց իր մասնաճիւղի յատուկ իրագործումները։ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Անի Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնաճիւղերուն իրենց մեծ ու փոքր ներդրումին համար։

Շաբաթ օր ժողովը շարունակուեցաւ նախորդ օրուան ատենագրութեան ընթերցումով, ապա ընկհ. Անի Օհանեան ներկայացուց Շրջանային վարչութեան լայնածաւալ տեղեկագիրը, իրագործուած բանաձեւեր, ապագայի ծրագիրներ, գրասենեակային աշխատանքի արդիականացում, յատուկ հանգանակութիւններ, յատկացումներ, կտակներ ու  նուիրատուութիններ: Նիւթական տեղեկագիրը ներկայացուց ընկհ. Ժօժօ Պետրոսեան: Եղան հարցումներ, որոնց պատասխանեցին վարչական անդամները: Ժողովը մեծապէս գնահատեց անցնող երեք տարեշրջանի ընթացքին կատարուած աշխատանքը եւ ի մասնաւորի

  1. Տեղեկատու պարբերաթերթի (Newsletter) եւ հարցազրոյցներու սփռումը եւ կայքէջի տրամադրած տեղեկանքները, հաղորդակից պահելու համար մեր անդամները եւ գաղութը առհասարակ, սատարելով նաեւ քարոզչական աշխատանքին:
  2. Ընթացիկ գործունէութեան առընթեր, իրերայաջորդ անսպասելի ծրագիրներ՝ թելադրուած Լիբանանի եւ Սուրիոյ տագնապալի կացութենէն եւ Արցախի պատերազմի ծանր իրավիճակէն դիմագրաւելով նոր մարտահրաւէրներ:
  3. Շրջանային վարչութեան սերտ յարաբերութիւնը մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն հետ:
  4. Համաճարակին պարտադրած շրջափակումները շրջանցելով առցանց սփռումով ժողովներու դրութիւնը:
  5. Նոր կտակներու ձեռքբերման խիստ գնահատելի աշխատանքը:

Շրջանային վարչութեան գործունէութեան ըստ էութեան քննարկումին յաջորդեց 2022-2023 տարեշրջանի առաջարկներն ու թելադրանքները, որոնք շարունակուեցան յաջորդ օրը:

Կիրակի օրը ատենագրութեան ընթերցումէն եւ վաւերացումէն ետք մասնաճիւղերու եւ անհատներու կողմէ եղած առաջարկներն ու թելադրանքները ներկայացուեցան: Կարճ դադարէ մը ետք բանաձեւի յանձնախումբը ներկայացուց բանաձեւերը, որոնք կարգ մը փոփոխութիւններով վաւերացուեցան: Հաշուեքննիչ յանձնախումբը եւս ներկայացուց 2022-2023 տարեշրջանի նախահաշիւը, որ փոքր ճշդումներէ ետք վաւերացուեցաւ:

Ընտրողական յանձնախումբը ներկայացուց շրջանաւարտ վարչականներու, վերընտրելիներու եւ նոր թեկնածուներու անունները: Ժողովը միաձայնութեամբ ընտրեց 2022-2023 Գանատայի Շրջանային վարչութեան նոր անդամները. ընկերուհիներ՝ Լուսին Փալանճեան, Արփի Սանոսեան եւ Վալերին Յարութիւնեան:

Այսպիսով նոր կազմը ստացաւ հետեւեալ պատկերը:

Իռէն Թիլիմեան Թորոնթօ «Ռուբինա»,  Լուսին Փալանճեան Մոնթրէալ «Սօսէ», Վալերին Յարութիւնեան Մոնթրէալ «Սօսէ», Անի Հոթոյեան – Ժոլի Թորոնթօ «Ռուբինա» ​,  Սիւզի Պոյամեան Լաւալ «Շուշի», Ազգանուշ Հատիտեան Լաւալ «Շուշի»։

Փոխ անդամներ ընտրուեցան ընկերուհիներ՝ ​Մոնթրէալէնեւ Լաւալէն՝ Զեփիւռ Ասատուրեան, Լիւսի Շահինեան, եւ Նելլի Պարսեմեան, Թորոնթոյէն՝ Զեփիւռ Տորնա եւ Գեղուհի Պասթաճեան :

Ժողովականները խօսք առնելով գնահատեցին շրջանաւարտ վարչութեան​  գործունէութիւնը, պատգամաւորական ժողովի դիւանը, ժողովի յանձնախումբերը, հիւրասիրութեան յանձնախումբը եւ Թորոնթոյի«Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Պատգամաւորական ժողովի հիւրընկալութեան եւ ճաշերու սպասարկութեան համար:

Եռօրեայ ժողովը իր աւարտին հասաւ Կիրակի 3 Յուլիս 2022-ի յետմիջօրէին:

 

Նելլի Համալեան Պարսեմեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.