ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 70-րդ նիստին

Մարտ 9 2026-ին Նիւ Եորքի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ, Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) պատուիրակութեան մասնակցութեամբ կայացաւ Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի (CSW) 70-րդ խորհրդաժողովի բացման պաշտօնական նիստը։ Այս տարուան խորհրդաժողովը կը կեդրոնանայ «կիներու եւ աղջիկներու արդարադատութեան հասանելիութեան ապահովման եւ ամրապնդման» վրայ՝ ընդգծելով ներառական եւ իրաւական արդար համակարգերու զարգացումը, խտրական օրէնքներու եւ գործելակերպերու վերացումը, ինչպէս նաեւ կառուցային խոչընդոտներու յաղթահարումը։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ 1976-էն ի վեր որպէս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն կը մասնակցի ՄԱԿ-ի աշխատանքներուն, 1988-էն ի վեր ունի խորհրդատու անդամի կարգավիճակ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին մօտ։ Այս հանգամանքը կը շարունակէ ապահովել ՀՕՄ-ի գործուն ներգրաւուածութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ, մասնաւորաբար կիներու իրաւունքներուն եւ սոցիալական արդարութեան վերաբերող հարցերուն մէջ։

Խորհրդաժողովի ընթացքին ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան անդամները մասնակցեցան տարբեր բարձրաստիճան հանդիպումներու եւ քննարկումներու։ Անոնք ներկայ գտնուեցան թաունհոլ ձեւաչափով կազմակերպուած ընդհանուր հանդիպման մը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ, ուր քննարկուեցան համաշխարհային մարտահրաւէրներ եւ կանանց իրաւունքներու ամրապնդման ուղիները։

Պատուիրակութիւնը նաեւ մասնակցեցաւ Յորդանանի կողմէ կազմակերպուած միջոցառման եւ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի Կիներու հարցերով գործադիր տնօրէն Սիմա Սամի Պահուսի հետ։ Այս առիթով ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները ներկայացուցին Միութեան գործունէութիւնը եւ ընդգծեցին հայկական համայնքներու մէջ իրականացուող ծրագրերը։ Նմանապէս տեղի ունեցան հանդիպումներ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան բաժնի ներկայացուցիչ Լուքա Ֆրաթինիի եւ Եունեսքօ-ի սեռերու միջեւ հաւասարութեան բաժանմունքի տնօրէն Մարիա Պոկոնա Լասակապասթըրի հետ։

ՀՕՄ-ի պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ ստեղծուած «Կիներու եւ աղջիկներու դէմ վայրագութեան կանխարգիլման գործընկերներու խումբ»ին նախարարական մակարդակի հանդիպման։

Խորհրդաժողովի ծիրին մէջ ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-ի յանձնախումբը կազմակերպեց առանձին նիստ մը՝ «Տեղահանումէն դէպի արդարութիւն․ պաշտպանութեան ամրացում, իրաւունքներ եւ ապաքինում՝ տագնապի գօտիներու մէջ ապրող կանանց համար» խորագրով։ Մարտ 17-ին տեղի ունեցած այս նիստին ընթացքին մասնագէտներ ներկայացուցին զեկոյցներ եւ վերլուծութիւններ՝ շեշտելով հակամարտութիւններէ տուժած կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հրատապութիւնը։

Նշենք, որ ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն զանազան շրջաններէ ժամանած ընկերուհիներ, ներառեալ Գանատայէն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ կը շարունակեն նպաստել հայկական կազմակերպութեան միջազգային դերակատարութեան ամրապնդման։