ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով
- (0)

Երիտասարդ թուրքերու կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակը մեր ազգը կը նշէ հայութեան համար ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ։ Արցախը ներքին եւ արտաքին գործօններու պատճառով հայաթափուած է իր բնիկ ժողովուրդէն, Հայաստանի մէջ կ՛արձանագրուին հայութեան պատմաքաղաքական շահերուն անյարիր զարգացումներ, Սփիւռքի տարածքին հայութիւնը կը դիմագրաւէ բազում հարցեր եւ խնդիրներ։
Նման իրավիճակի մը մէջ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր ձայնը կը միացնէ հայութեան գիտակից եւ յանձնառու մեծ զանգուածին կոչերուն եւ կը պահանջէ, որ յանուն «խաղաղութեան» Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման որեւէ փորձ խստօրէն դատապարտուի եւ կ՛անխարգիլուի՝ հաստատելով,որ հայ ժողովուրդին հողային, մարդկային եւ ունեցուածքի հատուցումը արդար եւ անվիճելի իրաւունք է, որ ժամանակին թաւալման հետ իր ուժն ու օրինականութիւնը չի կորսնցներ։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իբրեւ հայութեան ծոցէն ծնած մեծ կազմակերպութիւն մը, խորապէս կը գիտակցի, որ աշխարհաքաղաքական իրավիճակն ու զարգացումները չեն կրնար ստուեր ձգել եւ մոռացութեան տալ հայութեան պահանջատիրութիւնը, որ կը նպատակադրէ արդարութիւնը հաստատել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմամբ եւ հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքներուն հատուցմամբ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակը սոսկ թուական չէ։ Անիկա առիթ է՝ դրսեւորելու քաղաքական յանձնառութիւն, թէ հայութիւնը ոչ մէկ պարագայի պիտի հրաժարի իր իրաւունքներէն եւ պիտի շարունակէ պահանջատիրական իր պայքարը՝ յանուն արդարութեան։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ծառայելով հայ ժողովուրդին, թարգմանը հանդիսանալով անոր արդար իրաւունքներուն ձեռքբերման եւ իր ձայնը լսելի պիտի դարձնէ միջազգային հարթակներու վրայ՝ շեշտելով արդարութեան եւ հաւասարութեան համամարդկային իրաւունքներուն ամրագրման կարեւորութիւնը։
Հայութիւնը այսօր աւելի քան կարիքը ունի միասնականութեան։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հաւատայ, որ միասնականութեամբ եւ հայութեան քաղաքական, տնտեսական, գիտական, կրթական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ ներուժին ճիշդ օգտագործմամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականով առաջնորդուելով՝ հասնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցման։
Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով՝ ՀՕՄը կը վերանորոգէ հայութեան ծառայելու իր ուխտը եւ նոր թափով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
ՀՕՄ-ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ