ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու վարչութեանց Հաղորդագրութիւն
- (0)

Հաղորդագրութիւն
Թագաժահրի համաճարակին պարտադրած սահամանափակումի պայմաններուն հետեւանքով, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու նման, դէմ յանդիման գտնուեցաւ տնտեսական դժուարութիւններու՝ իր ծրագիրները իրագործելու համար:
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի Մոնթրէալի եւ Լաւալի զոյգ մասնաճիւղերը, հաւատարիմ իրենց ուխտին, շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը եւ օժանդակելով հանդերձ իրենց գաղութի պահանջնքներուն եւ ՀՕՄ-ի ընթացիկ ծրագիրներուն, զօրակցեցան Լիբանանահայութեան եւ Արցախի ի նպաստ շտապ օգնութեան դրամահաւաքներուն:
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի եւ Լաւալի զոյգ մասնաճիւղերու եկամուտը կը գոյանայ անդամավճարներէ, նուիրատուութիւններէ եւ առիւծի բաժինը հանդիսացող՝ հասութաբեր զանազան ձեռնարկներէ, որոնք բնականաբար կարելի չեղաւ կազմակերպել ներկայ պայմաններուն մէջ:
Պահը արտասովոր է եւ ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը սուրբ:
Հետեւաբար, Մոնթրէալի եւ Լաւալի մասնաճիւղերու վարչութիւնները, խորհրդակցաբար ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հետ, որոշում կայացուցին չեղեալ համարել 15 մարտ, 2020 թուակիր կանանց միջազգային օրուայ տօնակատարութիւնը եւ օրին բացայայտուած ծախսերը ամբողջացնելէ ետք, մնացեալ գումարը ամբողջութեամբ յատկացնել ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն:
Շնորհակալութիւն ձեր հասկացողութեան եւ ձեր վստահութեան հանդէպ ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն:
Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար:
Հայ Օգնութեան Միութեան մասին
Հայ Օգնութեան Միութիւնը ինքնավար, ոչ-կառավարական եւ ոչ-դաւանական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ծառայէ հայ ժողովուրդին եւ կը ձգտի պահպանել հայութեան մշակութային ինքնուրոյնութիւնը:
Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութեան դաշտը ընդարձակ է եւ յարատեւ կը յարմարի հայ ժողովուրդի յարափոփոխ կարիքներու՛ն հետեւեալ մարզերէն ներս՝ մարդասիրական, առողջապահական, խնամատարական, դաստիարակչական, քարոզչական, մշակութային, ընկերային, կրթական:
Փետրուար 16, 2021
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու վարչութիւններ