ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը $440,500 կը յատկացնէ հայրենի եւ սփիւռքեան հաստատութիւններու եւ ծրագիրներու

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Ուաթըրթաունի իր նստավայրին մէջ գումարեց իր լիագումարը, հինգշաբթի մարտ 19, 2026-էն մինչեւ կիրակի մարտ 22, 2026։

Լիագումարին օրակարգը գերյագեցած էր Միութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան առնչուած տարբեր նիւթերով, որոնք հանգամանօրէն քննարկուեցան եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ միաձայնութեամբ կայացուց որոշում, որուն հիմամբ տարբեր հաստատութիւններու եւ ծրագրերու կատարուեցան նիւթական յատկացումներ, այն խոր համոզումով, որ Սփիւռքի տարածքին  գործող մեր կառոյցները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող տարբեր բնոյթի միութենական թէ անհատական օգտաշատ ծրագրերը, իրենց կարեւոր ներդրումը ունին հայութեան հաւաքական կեանքին մէջ։

Առ այդ կը յայտարարենք,որ նիւթական օժանդակութիւններ յատկացուեցան՝ Պոսթընի ՀԵԴ «Հայաստան» ճամբարին, Լոս Անճելըսի ՀԵԴ ճամբարին, Ֆրանսայի Կապոյտ Խաչի «Պէլ Ֆոնթէն» ճամբարին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի ՀՕՄ-ի «Նորսիկեան» մանկապարտէզին, Պուլկարիոյ «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, ՀՕՄ-ի Արժանթինի եւ Պրազիլի տարէցներու տուներուն, Լիբանանի Պուրճ Համուտ քաղաքին եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ գործող՝ Ազգային Միացեալ Վարժարանին եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Քոլէճին, ՍՕԽաչի եւ ԼՕԽ-ի «Տաք Ճաշ» ծրագրերուն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի շողանկարումի սարքին Carestream-CR classic գործիքին գնման, արցախահայ հաշմանդամ երեխաներու հոգատարութեան եւ նշանաւոր դիւանագէտ եւ գործիչ Տիանա Աբգարի մասին վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան ծրագրին։

Այս յոյժ կենսական յատկացումներուն ընդհանուր գումարը կը կազմէ $440,500 ամերիկեան տոլար։

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ ազգային, երիտասարդական, կրթական, բարեսիրական թէ այլ կառոյցները եւ հիմնարկները իրենց առանցքային դերակատարութիւնը ունին մեր ժողովուրդին բարօրութեան եւ նորահաս սերունդներուն դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ։

Վերոյիշեալ յատկացումները գործնական թարգմանութիւնն են այս համոզման։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ