ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի անդամ ընկհ. Շաքէ Կէօնճեան անկողին կը նուիրէ Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին
Ինչպէս նախօրօք ձեզի տեղեկացուցած էինք, թէ՝ ՀՕՄ–ի Գանատայի Շրջանը իր 10 մասնաճիւղերով 10 անկողին կը նուիրէ Երեւանի Թիւ 1 Հիւանդանոցին մէջ գործող Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին եւ մեր անդամներուն ու ազգայիններուն կոչ ուղղած ու խրախուսած, որպէսզի իրենք ալ մասնակցին այս շատ կարեւոր ծրագրին։
Ընդառաջելով ՀՕՄ–ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչին, Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի անդամ ընկհ Շաքէ Կօէնճեան խոստացաւ մէկ անկողին նուիրել վերոյիշեալ ծրագրին։
Շրջանային Վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնները կու գայ յայտնել ընկհ. Կէօնճեանին իր մարդասիրական արարքին համար, ու կը քաջալերէ մեր ազգայինները, որ հետեւելով իր օրինակին, իրենց նուիրատուութիւնները գրեն ARS FOUNDATION անունին եւ ուղարկեն հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Relief Society of Canada (ARS) Inc.
3401 Olivar Asselin
Montreal, QC
H4J 1L5
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն