ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի անդամներ Սեդա Թապագեան եւ Անի Սերոբեան կը զօրակցին Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին
Ինչպէս նախօրօք յայտարարած էինք, թէ՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանը իր 10 մասնաճիւղերով 10 անկողին կը նուիրէ Երեւանի Թիւ 1 Հիւանդանոցին ու Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին, եւ մեր անդամներուն ու ազգայիններուն կոչ ուղղած ու խրախուսած, որպէսզի իրենք ալ մասնակցին այս շատ կարեւոր ծրագրին։
Ընդառաջելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչին, Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի անդամ ընկհ Շաքէ Կօէնճեան մէկ անկողին նուիրեց վերոյիշեալ ծրագրին։
Նոյն այս ծրագրին, ընկերուհիներ Սեդա Թապագեան եւ Անի Սերոբեան, իրենք եւս մէկ անկողին կը նուիրեն, իրենց սիրեցեալ մօր՝ ընկհ. Ալիս Տէր Ասատուրեանի յիշատակին։
Շրջանային Վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնները կու գայ յայտնել ընկերուհիներ. Շաքէ Կէօնճեանին, Սեդա Թապագեանին եւ Անի Սերոբեանին իրենց մարդասիրական արարքին համար, ու կը քաջալերէ մեր ազգայինները, որ հետեւելով անոնց օրինակին, իրենց նուիրատուութիւնները գրեն ARS FOUNDATION անունին եւ ուղարկեն հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Relief Society of Canada (ARS) Inc.
3401 Olivar Asselin
Montreal, QC
H4J 1L5
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել նաեւ այս յղումով.