ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Հ.Հ. Դեսպանատուն
1077
0
Կիրակի, 20 Նոյեմբեր, 2022-ի միջօրէին ժամը 12:00-ին, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը, ընկերակցութեամբ ՀՕՄ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչական կազմի կարգ մը անդամներու պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան։ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան բարի գալուստ մաղթեց ՀՕՄուհիներուն եւ դրուատեց ՀՕՄ-ի ունեցած գործունէութիւնը հայրենիքէն ներս, թէ դուրս:
ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկերուհի Լուսին Փալանճեան յայտնեց, թէ ՀՕՄ-ը իր բարեսիրական գործունէութիւնը կը կատարէ ի սէր հայ ազգին ու հայրենիքին: Ապա աւելցուց, որ ՀՕՄ-ը աւելի քան 110 տարիներէ ի վեր ողջ կազմակերպական իր ներուժը ի սպաս դրած է Հայ ժողովուրդին։ Տէր կանգնած է հայ զինուորին, պատերազմի պատճառով որբացած հայ երեխաներուն, բարձրագոյն ուսման հետեւող ծնողազուրկ երիտասարդներուն եւ Արցախէն տեղահանուած հայ ընտանիքներուն։ Ներկայիս հակառակ անոր որ ան լուրջ մտահոգութիւններ ունի շարք մը քաղաքական իրադարձութիւններու մասին, սակայն, վճռած է շարունակել սկսուած ծրագիրները օգտակար հանդիսանալու հայ երեխային, հայ ընտանիքին եւ հայ զինուորին:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումը առիթ դարձաւ խօսելու գանատահայ կեանքի, կամաւոր աշխատանքի, եւ ընդհանրապէս Հայաստանի մասին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Հանդիպման ընթացքին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը նամակ մը յանձնեց դեսպանին, որուն մէջ ամփոփուած էին վարչութեան բոլոր մտահոգութիւնները՝ Հայրենիքի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ հայութեան գոյութենական այսօրուան ճգնաժամին մասին։
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն