«ՀՕՄ-ը ճիգ կը թափէ, որ արցախցին կառչած մնայ իր հողին». Հարցազրոյց ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ

ՀՕՄ-ը, ինչպէս միշտ, Սուրիոյ աղէտալի երկրաշարժէն տուժած մեր ժողովուրդին առաջին ձեռք մեկնողը եղաւ. կազմակերպեց դրամահաւաք, զանազան ծրագիրներուն հասոյթները անվարան տրամադրեց անապաստան մնացած մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ տակաւին, յետերկրաշարժի այս օրերուն, կը շարունակէ աջակցիլ, որպէսզի սուրիահայութիւնը կարենայ վերադառնալ իր բնականոն կեանքին:  Դրամահաւաքի նշեալ ծրագիրներուն մաս կազմեց նաեւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմնի ենթայանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած դրամահաւաքի երեկոն:

Այս առթիւ եւ ՀՕՄ-ի այլազան ծրագիրներուն մասին տեղեկանալու համար «Հորիզոն» սոյն հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լուսին Փալանճեանի հետ.

 

Հ. ՀՕՄ-Ը Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին միջոցաւ ինչպէ՞ս օգնութեան հասաւ Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մեր ժողովուրդին՝ երկրաշարժի առաջին օրերուն։

Լ.Փ.- Նախ ըսեմ, որ երկրաշարժէն առաջ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով,  ՀՕՄ-ը կեդրոնացուցած էր իր ուշադրութիւնը սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն վրայ։ ՀՕՄ-ը նիւթապէս կ’օժանդակէր «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ», «Տաք ճաշ», եւ «Տաքուկ բնակարան» ծրագիրներուն: Մինչեւ անցեալ տարի ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքի ջանքերով, պատկառելի գումար մը տրամադրուած է Սուրիահայութեան Օժանդակութեան հիմնադրամին: Անշուշտ մեր շրջանն ալ իր յատկացումները կատարած է այս ուղղութեամբ: Չմոռնամ նշելու նաեւ, որ ՀՕՄ-ի Գանատայի ընտանիքը  տարիներէ ի վեր ստանձնած է «Տաքուկ զգեստ» ծրագիրը, որ դպրոցական երեխաներու համար բաճկոններ կը տրամադրէ:

Հետեւաբար, Սուրիոյ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, անսալով  ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ստեղծած Երկրաշարժէն Տուժածներու հիմնադրամի կոչին,  անմիջապէս հարկ եղած քայլերը առինք եւ օգնութեան ձեռք մեկնեցինք ծանր երկրաշարժէն տուժած մեր սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Երկրաշարժին երկրորդ օրը՝ 7 Փետրուարին, դրամահաւաքի կոչով մը հանդէս եկանք, մեր մասնաճիւղերը զօրակոչի ենթարկեցինք եւ մեր բոլոր հայրենակիցներէն օժանդակութիւն խնդրեցինք: Քաջ գիտնալով որ մեր հայրենակիցներն ու յատկապէս մեր բոլոր մասնաճիւղերը օգնութեան պիտի փութան, հանգանակութեան յայտարարութեան  յաջորդ օրը՝  8 Փետրուարին,  որոշեցինք մեր առաջին օժանդակութիւնը ուղարկել, ուստի, 25,000 տոլար ուղարկեցինք Սուրիոյ մեր միաւորին:

ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի բոլոր մասնաճիւղերը անխտիր նոր նախաձեռնութիւններ կազմակերպեցին եւ կամ նախօրօք կազմակերպուած եւ յայտարարուած ձեռնարկներուն շահը որոշեցին (երբեմն նոյնիսկ ամբողջութեամբ) նուիրել սուրիահայութեան: ՀՕՄ-ուհիները նաեւ դրամահաւաքի նպատակով բազմաթիւ նոր նախաձեռնութիւններ իրականացուցին, ինչպէս՝ «կարաժ սէյլ», ճաշի եւ անուշեղէնի վաճառք, հոգեճաշի հիւրասիրութիւն, դրամահաւաք եւ այլն:

ՀՕՄ-էն անկախ, մեր յարկին տակ գործող գրեթէ բոլոր միութիւնները անխտիր իրենց մասնակցութիւնը բերին սկսուած դրամահաւաքին: Այս ընթացքին սկսուած հանգանակութեան աւելի մեծ ծաւալ տալու համար եւ գործը համադրուած ձեւով կազմակերպելու նպատակաւ, 14 Փետրուարին «Հորիզոն» շաբաթաթերթով եւ մեր ընկերային հարթակներով ու նամակներով հրապարակեցինք մեր երկրորդ կոչը, ուղղուած մեր ուղեկից միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ հայրենակիցներուն, որուն մէջ նշեցինք հետեւեալը. «ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան յանձնախումբին եւ մեր ուղեկից կազմակերպութիւններուն հետ համատեղուած ճիգերով, իր  աջակցութիւնը պիտի բերէ երկրաշարժէն տուժած սուրիահայ գաղութի զաւակներուն»։

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմնի յանձնախումբի ժողովները առցանց տեղի կ’ունենան, որովհետեւ յանձնախումբի անդամները կ’ապրին Վանգուվըր, Թորոնթօ, Գեմպրիճ, Մոնթրէալ, Օթթաուա եւ Լաւալ։  Մեր յանձնախումբի անդամները կը ներկայացնեն մեր տեղական մարմինները եւ միութիւնները՝ ՀՕՄ-ը, ՀՅԴ Կոմիտէութիւնները, Համազգայինը, Երիտասարդացը, Արմէն Գարօ Ուսանողական միութիւնը, ՀՄԸՄ-ը, Պատանեկանի եւ «Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի տնօրէնութիւնը։

Այսօր յանձնախումբին եւ վարչութեան անունով խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք ոչ միայն մեր անդամներուն, համակիրներուն, կազմակերպութիւններուն, այլեւ համայն գանատահայութեան, որովհետեւ միասնական ջանքերով մասնակցեցան այս դրամահաւաքին եւ տակաւին կը շարունակեն մասնակցիլ: Շնորհիւ մեր ժողովուրդին, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը կրցաւ իր երկրորդ յատկացումը կատարել սուրիահայութեան, 50,000 ամ. տոլար նուիրաբերելով: Տակաւին ունինք խոստումներ անհատներէ եւ միութիւններէ: Դրամահաւաքի թիրախը 100,000-150,000 ամ. տոլար է: Տակաւին օժանդակութեան գործընթացը կանգ չէ առած: Բոլորս ալ յոյս ունինք, որ նոր նուիրատուներ երեւան պիտի գան, եւ մենք պիտի հասնինք մեր նպատակին: Հետեւաբար, անոնք որոնք կը փափաքին նուիրատուութիւն կատարել կրնան ե-փոխանցում մը ընել ՝ ars-canada@bellnet.ca կամ վճարագիր մը գրել ARS Foundation-ին, նշելով տակը Aid to Syria բառերը:

Լիայոյս ենք, որ իւրաքանչիւր գանատահայ իր մասնակցութիւնը բերելով պիտի նպաստէ մարդասիրական այս մեծ գործին:

Հ.- ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմնի ենթայանձնախումբին տեղի ունեցաւ դրամահաւաքի երեկոյ Թորոնթոյի մէջ, որ մաս կը կազմէր ՀՕՄ-ի դրամահաւաքի ծրագիրներուն. նշեալ դրամահաւաքներով նոր ծրագիրներ պիտի մշակուի՞ն յետերկրաշարժի այս օրերուն, որպէսզի Սուրիոյ մեր ժողովուրդը կարենայ վերադառնալ իր բնականոն կեանքին։

Լ.Փ.- Այո, տեղի ունեցաւ նշուած երեկոն, բայց իրականութեան մէջ դրամահաւաքի այլ յատուկ երեկոյ մը պիտի չկազմակերպէ ՀՕՄ-ը, այլ փակման տարբեր միջոցառում մը տեղի պիտի ունենայ:

Այս հանգանակային արշաւին առթիւ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է յատուկ վաւերագրական ժապաւէն մը Մոնթրէալի եւ Հալէպի «Հորիզոն»ի անձնակազմի պատրաստութեամբ, յետ երկրաշարժի սուրիահայութեան իրավիճակին մասին: Յիշեալ ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի «Հայ Հորիզոն»էն 30 Ապրիլին Գեպէքի մէջ եւ «Նոր Հայ Հորիզոն»էն 6 Մայիսին, Օնթարիոյի մէջ: Այս ժապաւէնը կարելի է տեսնել նաեւ «Հայ Հորիզոն» դիմատետրի էջէն 29 Ապրիլին: Տեղին է նշել, որ ժապաւէնին մէջ պիտի ներկայացուին նուիրատուներուն անուններն ու գումարները:

Գալով յետերկրաշարժի իրավիճակին, վստահ ենք, որ նոր ծրագիրներ պիտի մշակուին նպաստելու սուրիահայութեան առողջական, կրթական, սնունդի, բնակարաններու եւ ազգային կառոյցները ամուր պահելու ուղղութեամբ: Իմացած ենք, որ տարիներէ ի վեր «Պնակ մը տաք ճաշ»ի ծրագրէն օգտուողներուն թիւը բարձրացած է այսօր, հասնելով աւելի քան 500 հայրենակիցի: Տեղեակ ենք նաեւ, որ բնակարաններու մասնակի կամ ամբողջական նորոգման ցանկագրումները տեղի կ’ունենան: Ներկայիս Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կ’օգտագործէ իրեն հասած նուիրատուութիւնները սուրիահայութեան զանազան պէտքերը հոգայու համար: Այս օգնութեան մաս կազմեց նաեւ 500 կարօտեալ անհատներու 200,000 սդ յատկացումը: ՍՕԽ-ը այս աղէտի օրերուն ժողովուրդին տրամադրեց սննդարար ուտելիք, փոքրերու կաթ, հագուստեղէն, վերմակներ, դեղորայք եւ ծածկոցներ:

ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առաջնահերթ նպատակներէն մէկը եղաւ պատկան մարմիններու հետ ժողովուրդին տիրութիւն ընելը։ Ընկերուհիները նեցուկ եղան բոլորին,  նամանաւանդ անտէր չձգեցին ծերերը, որոնք յատուկ խնամքի եւ ուշադրութեան կարիքը ունէին:

Այսօր անհրաժեշտ նկատուած օգնութեան ծրագիրները կրնան մնայուն ծրագիրներու վերածուիլ, եթէ սուրիահայութեան հիմնադրամը իր կարգին շարունակական ձեւով մեծ օժանդակութիւն ստանայ դուրսէն: ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործը կը կայանայ ժողովուրդէն եկածը ժողովուրդին վերադարձնելուն մէջ: Ի հարկէ, ՀՕՄ-ի նշանաբանին բոլորը ծանօթ են՝ «Ժողովուրդիս համար, ժողովուրդիս հետ», այս է ՀՕՄ-ին սուրբ առաքելութիւնը: Կասկածէ վեր է, որ մեր շրջանը, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ պիտի նպաստէ նոր ծրագիրներուն, երբ անոնք մշակուին եւ մեզի փոխանցուին:

 

Հ.- ՀՕՄ-ը նաեւ մեծագոյն նեցուկն է հայրենիքին. այսօրուան դրութեամբ ՀՕՄ-ը ի՞նչ ծրագիրներ կիրականացնէ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ եւս։

Լ.Փ.- Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք մեր գործունէութիւնը բաւական ազդուեցաւ։ Այդ օրերուն ունէինք ութը մանկապարտէզներ, այսօր ունինք միայն չորս՝ Ստեփանակերտ, Աշան, Ակնաբերդ եւ Խնձրիստան։

Դժբախտութիւնը այն է, որ 12 Դեկտեմբերէն ի վեր Արցախի շրջափակումը ազդեց նաեւ բաւական գործուն մեր չորս մանկապարտէզներուն վրայ: Անոնք երկար ատեն փակուեցան կազատար խողովակներու խափանման պատճառով: Ներկայիս մանկապարտէզները բնականոն կերպով կը գործեն։ ՀՕՄ-ի ծրագիրներէն մէկն է նաեւ «Արեւային Արցախ»-ի ծրագիրը, որուն արդիւնքով արդէն 100-էն աւելի բնակարաններ Արեւային ջրատաքացուցիչներ ունեցան Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններէն ներս: Այս ծրագիրը կը միտի կարիքաւոր ընտանիքներուն կամ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն նպաստել։

ՀՕՄ-ը ճիգ կը թափէ, որ արցախցին մնայ իր հողին վրայ: Նոյնիսկ Հայաստան գաղթած կամ տեղահանուած արցախցիներուն նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ: ՀՕՄ-ը կ’օժանդակէ նաեւ «Զինուորի տուն» վերականգնողական ծրագիրին, որպէսզի հայ զինուորը որակեալ բուժում ստանայ։ ՀՕՄ-ի մեր շրջանը, ըլլա՛յ Արցախի, ըլլա՛յ Հայաստանի կամ Ջաւախքի հետ կապուած բոլոր ծրագիրներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ, տարեկան կանոնաւոր յատկացումներ կատարելով, նոյնիսկ երբեմն, ի պահանջեալ հարկին, դրամահաւաք կազմակերպելով: Աւելցնեմ նաեւ, որ տակաւին երկու ամիս առաջ Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն օժանդակելու նպատակաւ դրամահաւաք մը կազմակերպելու լծուած էինք, սակայն որոշեցինք առժամաբար կասեցնել զայն, հասնելու համար սուրիահայութեան տագնապին:

Խօսելով մեր այլ ծրագիրներուն մասին հարկ է նշել հետեւեալները.

ՀՕՄ-ի «Մօր ու Մանկան» Առողջութեան Կեդրոնը եւ Ծննդատունը, որ այսօր կը սպասարկէ Ախուրեանի եւ շրջակայ 6-7 գիւղերու 40,000 բնակիչներուն։ Շնորհիւ ՀՕՄ-ին այս կեդրոնը կը տրամադրէ բարձրորակ ծառայութիւններ։

ՀՕՄ-ը ունի նաեւ «Որբերու Ուսման» ծրագիրը, որ հաստատուած է 2008-ին։ Ծրագիրը կը հոգայ 18 տարիքը լրացուցած եւ երկրորդական վարժարան աւարտած որբերու համալսարանական ուսման ծախսերուն մէկ բաժինը։ Հոս ալ Գանատան ունի նկատառելի թիւով խնամակալներ:

Կայ նաեւ «Լաւագոյն Ուսանող» ծրագիրը Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ: Ծրագրին նպատակն է նիւթական պարգեւներ յատկացնել Հայաստանի, Արցախի, եւ Ջաւախքի մէջ փայլուն ուսանողներու: Հարկաւ այս ծրագրին ալ մեր նպաստը կը բերենք:

Վերջապէս, ունինք նաեւ «Ամանոր» ծրագիրը, որմէ կ’օգտուին ոչ միայն Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի հայութիւնը, այլեւ Լիբանանի, Սուրիոյ, Պուլկարիոյ, եւ Հարաւային Ամերիկայի կարիքաւոր երեխաները:

Ամփոփելով ըսեմ, որ շրջանս լրիւ կերպով կը կատարէ Կեդրոնական վարչութեան ծրագիրներուն օժանդակելու իր պարտականութիւնը արցախահայութեան նկատմամբ, որբախնամ եւ ուսանողական ծրագիրներուն, զոհուած հերոսներու զաւակներու ծրագրին  եւ մանկապարտէզներուն:

 

Հ.- Գալով Գանատայի տարածքին, ի՞նչ գործունէութիւն կը մշակէ ՀՕՄ-ը այս օրերուն։

Բացառիկ դրամահաւաքի ծրագրէն անկախ հարկաւ վարչութիւնս ունի շատ ծրագիրներ: Այստեղ չեմ կրնար հակիրճ ձեւով ներկայացնել մեր մասնաճիւղերու տարած գործունէութիւնը անցնող ամիսներուն ընթացքին, քանի որ անոնց տարած աշխատանքն ու իրագործումները լայնածաւալ են եւ առանձին հարցազրոյցի մը կը կարօտին: Սակայն, կրնամ ներկայացնել ձեզի մեր վարչութեան այս տարեշրջանի գործելադաշտը, որ կ’ընդգրկէ հետեւեալները.

Միջ վարչական ժողով 

Տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 2022-ին, առցանց Zoom-ի հարթակի միջոցաւ: Ժողովին մասնակցեցան  55 ընկերուհիներ: Երեք նիւթեր ներկայացուեցան՝ «Ժողովավարական կանոններ, քուէարկութիւն եւ ընտրութիւն», «Ժողովավարական կանոններու գործնական կիրարումը մեր գաղութային եւ միութենական կեանքէն ներս» եւ «Ընդհանուր կանոններ»:

Կրթաթոշակի ծրագիր

Տարեշրջանի առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին յատուկ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, որ ուսումնասիրեց կրթաթոշակի դիմումնագրերը: Այս տարի 2022 թ. կրթաթոշակ տրամադրուեցաւ 12 համալսարանական եւ մէկ գոլեճ յաճախող ուսանողներու, իւրաքանչիւրին տրամադրելով 1000 տոլար:

Լրատու

Բոլորիս ծանօթ պատճառներով 2019-էն ի վեր Լրատուն լոյս չտեսաւ: ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի Պատգամաւորական 25-րդ ժողովի բանաձեւին առ ի գործադրութիւն, այսօր յանձնախումբը կազմուած է եւ գործի լծուած՝ քարոզչական այս գործը գլուխ հանելու նպատակաւ:

Երկամսեայ պարբերաթերթ 

Լրատուական նամակի այս աշատանքը կը շարունակուի երկամսեայ դրութեամբ եւ կը ղրկուի մեր բոլոր անդամներուն: Տեղեկատուն կ’արտացոլացնէ Շրջանային վարչութեան եւ իր տասը մասնաճիւղերուն գործունէութիւնը եւ Կեդրոնական վարչութեան իրագործումներն ու ապագայի ծրագիրները։

Տարեկան սեմինար

Ուրախ եմ յայտնելու, որ 3 տարի ետք, այս տարի Ապրիլ 15-ին մեր սեմինարը տեղի պիտի ունենայ Քինկսթընի մէջ, որուն պիտի մասնակցին երեք դասախօսներ:

Փոքր սեմինար

Յունուար 2023-ին Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն ներկայ եղան 40 մասնակիցներ եւ նկատառելի թիւով երիտասարդներ: Ներկայացուեցան «The 7 Habits of Highly Effective People» գրքին գլխաւոր գլուխները, եւ ներկաները մասնակից դարձան սեմինարի շահեկան նիւթերուն:

Մասնաճիւղերու այցելութիւն

Անցնող 9 ամիսներուն ընթացքին Շրջանային վարչութիւնս կրցաւ քանի մը մասնաճիւղերու այցելութիւններ կատարել՝ ընդհանրապէս լրիւ կազմով: Այցելութիւնները տեղի ունեցան մասնաճիւղերու վարչական եւ երբեմն անդամական ժողովներուն ընթացքին կամ յատուկ ձեռնարկներու ընթացքին:

Միացեալ ժողովներ

Վարչութեանս հրաւէրով, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ ժողով  Նոյեմբեր 2022-ին, մասնակցութեամբ Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերուն: Ժողովին փոխանցուեցան Շրջ. վարչութեան տարեկան ծրագիրները եւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի Պատգամաւորական 25-րդ ժողովէն բխած որոշումներն ու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Շրջ. վարչութեանս եռամսեայ գործունէութեան զեկոյցը:

Սրտէ Սիրտ խմբակցութիւն

Տարեկան 100 տոլար նուիրատուութեամբ որեւէ անհատ, ՀՕՄ-ական կամ ոչ, կրնայ մաս կազմել այս խմբակին: Այս խմբակին մաս կազմող նուիրատուներուն անունները լոյս կը տեսնեն «Հորիզոն»ի մէջ, մեր կայքէջին եւ այլ քարոզչական հարթակներու վրայ:

Կանչ

Այս հաղորդումը սկսանք նոր տարուան սեմին: Այս մէկը բոլորովին նոր քարոզչական ծրագիր մըն է: Յայտագիրը շաբաթական դրութեամբ կը սփռուի, որպէսզի երիտասարդներուն փոխանցուի դաստիարակչական եւ քարոզչական տեղեկութիւններ։ Հաղորդումը ունկնդրելու համար պէտք է հետեւիլ` linktr.ee/arscanada կապին եւ ապա ընտրել յարմար հարթակը՝ YouTube, Spotify եւ այլն։

Շրջանային վարչութեան մրցանակ

Մրցանակը կը շնորհուի Գանատայի հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու երկրորդական բաժանմունքի աւարտական դասարանէն այն աշակերտին, որ օրինակելի կամաւոր աշխատանք ցուցաբերած է դպրոցէն ներս: Մրցանակի նիւթական արժէքն է $250:

Յոյսով ենք, որ այս տարի պիտի յաջողինք մեր Անդամացանկ/Data base-ի թուայնացումը իր աւարտին հասցնել եւ այս տարի եւս ունենալ մեր նախկին նպաստընկեալ ուսանողներուն (այժմ՝ շրջանաւարտ) նիւթական օժանդակութիւնը կրթանպաստ ծրագրին:

Մեր տարեկան յատկացումներուն մաս կը կազմեն նաեւ լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան օժանդակութիւն, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի եւ անոր Մանկապատանեկան յաւելուածի յատկացում, կրթական հաստատութիւններու, Հայաստանի եւ Հայ Դատի յատկացումներ:

ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անունով մեր ջերմագին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր յաջողութեան նպաստող բոլոր ՀՕՄ-ականներուն, ՀՕՄ-ի վարչութիւններուն, ՀՕՄ-ի բարերարներուն եւ բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ գործակից մարմիններուն, միութիւններուն եւ հիմնարկներուն:

Հարցազրոյցը վարեց

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Comments are closed.