ՀՕՄ-ը՝  Հայ Կանանց Սրբազան Ուղին

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հովանավորութեամբ, Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու վարչութեանց կազմակերպութեամբ, Ս Յակոբ Ազգ վարժարանի «Բաստրմաճեան» թատերասրահին մէջ, Կիրակի, 7 Մայիս 2023-ին տեղի ունեցած ՀՕՄ-ի Օրուան տօնակատարութեան բանախօսն էր դոկտ. կարպիս Մեշէֆէճեան: Ստորեւ կը փոխանցենք իր խօսքը.

Նախաբան…

Միշտ խանդավառ, միշտ սիրով, միշտ աշխոյժ, յարգալիր, համերաշխ ու ժպտուն… երբեմն թերեւս անհամաձայն, բայց միշտ միասնակամ գործունէութեամբ, ՀՕՄ-ի ընկերուհին պարկեշտ ծառայողն է ՀՕՄ-ի ազնիւ նշանաբանին՝ ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար:

ՀՕՄ-ը, մարդասիրական եւ բարեսիրական, ընկերային, կրթական եւ առողջապահական ծառայութեան ոգին մարմնաւորող մայրն է հայ ժողովուրդին: Ան իր խնամքին տակ կ’առնէ բոլորը՝ բայց մանաւանդ կարիք ունեցող անհատներն ու գաղութները: Իր թեւերը տարածած է ան Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռքս աշխարհի:

Անկողմնակալ, անշահախնդիր, առատաձեռն, ծառայասէր, օժանդակութեան միշտ պատրաստ, բարձր ոգի ցուցաբերող, լայն սիրտ ունեցող, զոհողութեան ոգին կենդանացող, հրաշալի, անխոնջ ու ժիր աշխատողն է ՀՕՄ-ի ընկերուհին:

ՀՕՄ-ի ընկերուհին կը ներկայացնէ տիպար հայ կինը: Ան սիւնն է իր ընտանիքին եւ նեցուկը՝ կողակիցին: Ժուժկալ, համբերատար եւ խելամիտ: Ան գիտէ լռել, երբ խօսիլը անիմաստ է… ան գիտէ զսպել ինքզինք ճիշդ այն ատեն, երբ անկարելի կը թուի սանձել անձն ինքնին… չի ջղայնանար, երբ ջղայնութիւն է հրահրուի… չի զայրանար, երբ ճիշդ ատենն է բորբոքելու… որովհետեւ ՀՕՄ-ի ընկերուհին պարզ անձնաւորութիւն մը չէ, ան պարզ անդամ մը չէ սոսկ պատահական միութեան մը, որովհետեւ ՀՕՄ-ուհին անձնական, անհատական շահախնդիրութեան մը նպատակով մաս չի կազմեր ՀՕՄ-ի ընտանիքին:

ՀՕՄ-ի իսկական գործունէութեան ծաւալը, ինչպէս նաեւ անոր պարտականութեան գիտակցութեան անհրաժեշտ դերը մեր ժողովորդի հաւաքական գոյապայքարին մէջ, լաւագոյնս կը նկարագրուի Պարոյր Սեւակի ծանրակշիր բառերով՝ ՀՕՄ-ը ոչ թէ «ելել է շալակն աշխարհի, այլ աշխարհն է շալակած տանում»:

Անշուշտ լսած եմ, ու պիտի լսեմ, եւ չգայ ան օրը, որ չլսեմ ընկերուհիներու քնքոյշ ձայնը, որոնք իրենց անձնական կեանքը մէկ կողմ դրած, գարնան անոյշ օդին, իրենց տաքուկ տունն ու ընտանիքը թողած՝ ձմրան սառնամանիքին, հաւաքուած են ակումբին խոհանոցին մէջ ու եռանդուն կերպով կ’աշխատին, կարծես առաջին անգամ ըլլալով… Առաջին անգամ ըլլար կարծես իրենց մանթըի, հերիսայի, սարմայի, անուշեղէններու կամ  խմորեղէններու պատարաստութիւնները… կարծես առաջին ձեռնարկը ըլլար ան, կամ առաջին օրը աշխատանքի…

Այս պարզ ու խոնարհ, կաթիլ-կաթիլ ու փոքր աշխատնքներով, ՀՕՄ-ը իր ծնունդէն ի վեր հոգացած է ու կը շարունակէ հոգալ մեր ժողովուրդին եւ այլ ազգութեանց հսկայական կարիքները:

Այսօրուան մեր հանդիպումը յաջող կը համարուի, եթէ ՀՕՄ-ի օրուան իւրայատուկ այս բանախօսութեանս ընդմէջէն կարենամ մեր ընկերուհներուն փոխանցել իմ միակ ցանկութիւը՝ ոգին (մանաւանդ հայկակա՛ն ոգին) կեանքի կոչելու եւ զայն կենդանի պահելու ծանր պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը…

ՀՕՄ-ը՝ հայ մայրը…

Ընդհանրապէս ՀՕՄ-ի անդամները մայրեր են: Մայրը աղբիւրն է սիրոյ, գուրգուրանքի, ֆիզիքական թէ հոգեկան հոգատարութեան, զոհաբերութեան, արժանիքի գիտակցութեան, ուղղամտութեան ու սրբութեան…

Մայր անձնաւորութիւնը կը մարմնաւորէ ազնուութիւնը, փափկանկատութիւնը, խղճմտութիւնը, նուիրումը, ծառայութիւնը, նրբութիւնն ու  գեղեցկութիւնը…

Մայրը կը նկատուի իբրեւ արդարադատ, ճշմարտախօս, բուժիչ ուժ, օրէնսդիր անձնաւորութիւն, անկարելին կարելի դարձնող անձ, հասկացողութեան տէր, խրատի, ցուցմունքի եւ գիտութեան աղբիւր…

Հայ մայրը սակայն, չի սահմանուիր միայն վերոյիշեալ յատկանիշներով, այլ հայ մայրը աղբի՛ւրն է լոյսի, ճրագը յոյսի, ներշնչումն է հաւատքի, անխոնջ ծառայողը իր ժողովուրդին ու հայրենիքին եւ արթուն պահակը՝ ուխտեալ բանակին՝ 113-ամեայ ՀՕՄ-ին գաղափարախօսութեան:

ՀՕՄ-ը՝ կեանքի, յոյսի եւ լոյսի աղբիւր…

Հայ կնոջ կեանքը նամանաւանդ մեր պատմական հայրենիքին մէջ, ընդհանրապէս եղած է դաժան: Մինչ այլ ազգեր դէպի իրեց խոստացուած հայրենիքի ճամբուն վրայ, դժգոհած են անօթութենէ ու ծառաւէ, արժանացած են տիրոջ մանանային, հայ կինը իր մայրենի հողէն աքսորուած, անապատներուն մէջ, ոչ միայն անօթի ու ծառաւ, այլ նաեւ ահռելի չարչարաքներու ենթարկուած՝ վիրաւորուած, խոշտանգուած, այրած, ապտակուած, մորթուած… մնաց մենակ ու անոք: Կարծէք Աստուած փորձութեան կ’ենթարկէր իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնը՝ հա՛յ կինը:

Եւ այո՛, տաժանելի դժոխքին մէջ, անկէ շատ առաջ եւ անկէ ալ յետոյ, հայ կանանց ապրելու եւ ապրեցնելու կամքը մնաց միշտ կանգուն, հակառակ իր կիսամեռեալ մարմինին, իր խոշտանգուած էութեան, իր վիրաւորուած  հոգիին եւ իր անտէր ու անտիրական գոյութեան… Այս բոլոր տառապանքները, ահն ու սարսափը, մահն ու տանջանքը չկրցան սակայն շարժել ազգային պատկանելիութեան եւ գիտակցութեան նժարին սլաքը, որովհետեւ հայ կնոջ միտքին ու սրտին մէջ ներկայ էր Հայկ Նահապետին լեռնաշխարհը բոլոր, որովհետեւ հայ կնոջ հոգիին իմացական էութիւնը կը լուսաւորէր Շնորհալիին շարականը, ու ան շարունակ աղօթեց.

«Առաւօտ լուսոյ,

Արեգակն արդար,

Առ իս լոյս ծագեայ»:

Արդեօք ծագեցա՞ւ արեւը… Այո՛ ծագեցաւ… եւ ո՛չ միայն մէկ անգամ, այլ երկու անգամ… բայց մանաւանդ՝ առաջին անգամ:

Արդեօք շողա՞ց լոյսը… Այո՛ շողաց… եւ ո՛չ միայն մէկ գոյնով, այլ երեք գոյներով… բայց մանաւանդ՝ արեան գոյնով:

Ինչպէ՞ս չծագէր արեւը, ինչպէ՞ս չշողար լոյսը, երբ ՀՕՄ-ուհի գործիչը կը հաւատայ ինքնիր ուժերուն… կեանքի կը կոչէ հաւատքը եւ հաւատքով կ’օծէ իր որդին: Ինչպէ՞ս չծագէր վառ արշալոյսը, գաղափարապաշտ եւ սկզբունքի տէր հայ մօր, երբ ան հարց կու տայ, թէ «ի՛նչն է պակաս իմ Կիկոյին, որ չեմ գրեր ֆետայի…»:

Այս է իսկական դէմքը ՀՕՄ-ուհի մօր, զէնքը իր զաւակին ձեռքը տուողը… քաջածանօթ, թէ զէնքը ինքնին կը բնութագրէ ուժ, քաջութիւն, յանդգնութիւն, խիզախութիւն, գիտակցութիւն, իմաստութիւն, խելամտութիւն… քաղաքական ճկունութիւն… կը նշանակէ միասնակամութեան ոգի, ո՛չ անպայման համաձայն, բայց միշտ համերաշխ գործունէութիւն, նամանաւանդ ի խնդիր մեր դատին ու հայրենիքին:

«Կիկոն գրել ֆետայի…» այսինքն յարատեւ աշխատանք մեր զաւակները մասնակից դարձնելու մեր գաղութային կեանքի բարգաւաճման, մեր միութենական, հոգեւոր եւ ուսումնական օճախներու զարգացման եւ ընդհանրապէս մեր սփիւռքի առողջ կազմակերպման եւ գոյատեւման, միշտ ի սպաս մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերը իրականացնելու նպատակով:  «Գրել ֆետայի» ո՛չ միայն իբրեւ արդարութեան մարտիկ, այլեւ մարտիկ՝ գաղափարի, մարտիկ՝ մշակոյթի, պատմութեան… եւ ահաւասիկ մարտիկ բարեսիրական միութեան՝ Հայ Օգնութեան Միութեան:

Այո՛, յարատեւ աշխատանք մեր զաւակները անդամագրելու մեր միութիւններուն, որովհետեւ անդամը կեանքն է միութեան… Ազգային աշխատանքներուն մասնակից եւ գործունեայ անդամներուն շունչը անմահութեան կ՚առաջնորդեն մեր միութիւնները եւ անոնց ծրագիրն ու կանոնագիրը:

ՀՕՄ-ը՝ վրիժառու արդար բազուկ…

Ձեզմէ շատերուն արդէն ծանօթ է Սօսէ Մայրիկը (Սօսէ Վարդանեան), Ռուբինան (Սօֆի Արէշեան-Օհանջանեան), Ծաղիկը (Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան), Մարօն (Մարիամ Մակարեան), Էլլէն Բիւզանդի (Հէլէն Ստամբոլցեան-Կիլիկեցի), Արմենուհին (Արմենուհի Գեթէնճեան), Լոլան (Հռիփսիմէ Մեծատուրեան) եւ շատ ուրիշներ…

Այս բոլոր հայուհի գործիչները, ըլլան անոնք մայր, քոյր թէ դուստր, կը հետապնդէին միայն մէկ նպատակ՝ ազատ ապրիլ եւ ազատ գործել, ազատ հայրենիքի հողին վրայ: Այսօր, մենք կարիքը կը զգանք նոյնանման քաջարի գործակից երիտասարդուհիներու:

ՀՕՄ-ուհի մայրը ունի իւրայատուկ առանձնաշնորհում: Ան իր ընտանիքին սպասարկողն է եւ ընդհանրապէս տան տէրն է, քաջատեղեակ՝ բոլոր անցուդարձերուն եւ կարող՝ բոլոր գործունէութեանց: Այլ խօսքով, ՀՕՄ-ուհին տեսակ մը գաղտնի զինուոր է, միշտ պատասխանատու եւ նախանձախնդիր՝ առաջնահերթութիւնը տալով իր ըտանիքին եւ ազգին սրբութիւններուն եւ արժանիքներուն:

Արդ՝ պատկերացնելով Դուրեանի կեանքի բողոքող հոգեվիճակը մղձավանջի պահուն ընդդէմ իր Արարիչին, ՀՕՄ-ուհի մայրը այս պարագաին ընդդէմ իր զաւկին, պէտք է կարողանայ ճշմարիտ գաղափարաբանութեամբ, սկզբունքային արժանիքներու խախտումի պարգային, պատեանէն դուրս հանել «հայրենիքի սուրբութեան» դաշոյնը եւ մխրճել զայն, իբրեւ մահացու անէծք, իր անառակ զաւկին կողը, յորջորջելով զայն «որդեակս ոխերիմ»:

Սարսափելի արարք մը չի կրնար ըլլալ այս մէկը, եթէ յիշենք ջրհեղեղի օրինակը: Մարդկութեան բնաջնջումին մասին չէ ակնարկս, այլ չարին, վատ մտայնութեան եւ գէշ գործունէութեան մահացու հարուած տալու՝ վրիժառու ոգիին մասին է, շահագործող ցեցեր վանելու նպատակն է, որ կը հետապնէ ան: Այլ խօսքով՝ թաղելու մարմինը, որպէսզի անպիղծ ապրի հոգին… կամ յանձնելու հողին, հողը յանձնողները, ինչպէս պիտի բնութագրէր վարդապետը…

Արդեօք տարբեր պիտի չըլլա՞ր Արցախի ճակատագիրը այսօր, եթէ մեր հայրենիքին ներկայ իշխանութեան գլուխը կազմող մարդկանց հայ մայրը ըլլար Նեմեսիսի այս արդար բազուկը… թաղելով ինքնիր հարազատ զաւակը, որպէսզի չպղծուի, այլ կեանքի կոչուի հայոց պատմութեան մաքուր ու ճշմարիտ ոգին…

Այսօր, ՀՕՄ-ի օրուան յատուկ տօնին առիթով, եկէք գիտակցինք, թէ հայ կանայք՝ բայց  մանաւանդ ՀՕՄ-ի ընկերուհիները, մեր հաւաքական գոյութեան ծնունդ տուող եւ ծնունդին ոգի ներշնչող հրաշալի հրաշք հրեշտակներ են մեր իրականութեան մէջ, որոնց անհրաժեշտ եւ արդարադատ գործունէութեան կարիքը ունինք մենք այսօր: Այս պատգամը գուցէ ըլլար հրահանգ, եթէ լինէինք այլ յարկի տակ: Յարգանք ու կորով գիտակից հայ կնոջ:

ՀՕՄ-ը՝ զոհաբերութեան ախոյեան…

Արդարօրէն կը շեշտուի Աբրահամին անվարան ու անվերապահ զոհաբերութեան ոգին մեր եկեղեցական քարոզներուն մէջ, բայց ընդհանրապէս քիչ կը յիշուի աւելի կարեւորն ու հիմնականը՝ ճշմարիտ զոհաբերութեան ոգիին կենդանի փոխանցումը իր որդւոյն՝ Իսահակի: Այսինքն, անշահախնդիր զոհաբերութեան գիտակցութեան փոխանցումը մեր նոր սերունդին, ու այս վերջինին ամբողջական պատրաստակամութիւնը՝ յանձն առնելու եւ ծառայելու գերագոյն նպատակին:

ի՞նչ կ’ընենք… Ո՞ւր կ’երթանք… Ո՞ւր է զոհը… հարցումներու անբարբառ պատասխաններուն ընդմէջէն, մեզի կը պարզուի զոհողութեան ոգիին լուռ փոխանցումը հօրմէ իր որդուն, լեռն ի վեր, վերելքի հոգեմտային տանջանքի ճանապարհին ընդմէջէն: Քիչ ետք արդէն, մենք վկայ կ’ըլլանք այդ ճշմարիտ նպատակի իրականութեան համոզուած՝ արարքին լիուլի փոխանցման գագաթնակէտին, երբ Իսահակ՝ մասնակից կ’ըլլայ վսեմ արարողութեան նուիրաբերումին, ինքն իսկ հաւաքելով ցախերը, կրակ տալով փայտերուն եւ ապա իր կեանքի արեան տաք երակը յանձնելով արդար դատախազին…

Եթէ Աբրահամին անսակարկ ու ամբողջական նուիրումը շատերուն համար երեւակայական կը թուի ըլլալ, եթէ Իսահակի զոհուելու պատրաստակամութիւնը շատերուն համար հէքիաթային կը թուի ըլլալ, ճիշտ նոյնանման հաւատքի ու նուիրումի արարողութեան ներկա՛յ եղած է եւ ապրա՛ծ ՀՕՄ-ուհի մայրը եւ ի՛ր որդին աւելի քան 5000 անգամ, դարձեալ ու դարձեալ իր հարազատ զաւակը զոհաբերելով հողին՝ մայրենի հողին…

Լսէ’ զինուրին մօր սրտաճմլիկ բայց վժռակա’մ եւ վճռակա’ն կանչը…

Զարթիր որդեակ, յուշ բեր, վեր կաց,

…Կենաց մահու ժամն հնչեց։

Ինչպէ՞ս չխոնարհիլ այս գերագոյն գիտակցութիւնը մարմնաւորող հայուհիին առաջ, ըսես ըլլայ մրցակիցը Աստուծոյ՝ ամէն անգամ իր միակ որդին նուիրելով հայրենի հողին. վկայ մեր աւելի քան 132-ամեայ ազգային ազատագրական պայքարի բոլոր մարտիկները՝ զինուոր թէ կամաւոր: Այո՛, ՀՕՄ-ուհին շարունակաբար կը հաւատայ Սիամանթոյի հրամայականին, թէ մեր կեանքի-պայքարի վախճանը չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ՝ յաղթանակ, որովհետեւ հայ մօր հոգիին, անոր սրտին ու արեան մէջ տոգորուած է հայրենի հողին բոյրը, որովհետեւ մեր ընկերուհիները քաջածանօթ են Խրիմեան Հայրիկին պատգամին, թէ հողը կորսնցնող ժողովուրդը կը դառնայ մուրացկան…

ՀՕՄ-ը՝ արդարութեան ռահվիրայ…

ՀՕՄ-ուհին շատոնց ծանօթ է խաբուսիկ մարդկային արդարութեան, որ վաղուց կորսնցուցած է իր հմայքն ու արժէքը… այլ, մենք արդէն իսկ թքել ենք այդ շահամոլ ու կեղծ արդարութեան վրայ… ՀՕՄ-ուհին գիտակից է նոյնպէս քաղաքակիրթ ազգութեանց թուլամորթ ու վախկոտ վարքին… ու առ այդ կը հաւատայ Չարենցի պատգամած հաւաքական ուժին, որպէս մեր միակ հաւաստիքը բրկութեան: ՀՕՄ-ուհին այլեւ, ի ցաւ սրտի, տեղեակ է նաեւ իր կարգ մը զաւակներուն անհաւատարիմ կեցուածքին եւ եսամոլ գործունէութեանց… Այո, դժբախտաբար մեր պատմութիւնը իր վսեմ, վեհանձն, քաջարի, ինքնազոհ ու նուիրեալ հերոսներու կողքին, տակաւին կը շարունակէ ծնիլ աշակերտներ, որոնք համբոյրով կը խարդախեն մեր ժողովուրդը… եւ իրենց միամիտ փորձութեամբ փորձանքի կ’ենթարկեն մեր էութիւնը, այլեւ ստոոյգ մեծ աղէտի մը կ’առաջնորդեն մեր ողջ գոյութիւնը…

Սակայն, ՀՕՄ-ուհին պիտի թօթափէ նաեւ այս իրավիճակը… Եթէ Աստուած հայ կնոջ չհայթայթեց ֆիզիքականը՝ մանանան, բայց Ան երբեք չզլացաւ պարգեւելու աւելի՛ կենսականը, աւելի՛ թանկարժէքը, աւելի՛ հիմնականն ու կատարեալը՝ Իր անմահութիւնը: ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը սրբազան ուղին է, որ անմահութիւն կը ներշնչէ մեր պապենական դարաւոր պատմութեան, սովորութիւններուն եւ մշակոյթին, երգ ու երաժշտութեան, գիր ու գրականութեան, կրօնք ու վարդապետութեան՝ իր Վահագնով, Դաւիթով, Հայկով, Նարեկացիով, Շնորհալիով, Մեսրոպով, Լուսաւորիչով, Խորենացիով, Վարդանով, Կոմիտասով… գրական եւ մշակոյթի անզուգական հարիւրաւոր մշակներով…  ազգայնաշունջ յեղափոխական տեսանելի եւ աներեւոյթ համեստ գործիչներով, մեր հին թէ նոր, անցեալի թէ ներկայի պատմութեան խիզախ էջերով…

Ահա թէ ինչու ՀՕՄ-ուհին վճռած է ապրիլ: Ան այն վտակն է, որ պիտի ճեղքէ ովկիանոսը, ինչպէս պիտի նկարագրէր Ծառուկեան… ու Լուսաւորիչի կանթեղը հոգւոյն մէջ պիտի բարձրանայ վեր, դէպի վեր, ամպերէն ալ վեր, արեւէն ալ վեր, կապոյտ երկինքէն ալ անդին, փնտռելու համար իր իսկ ստեղծիչը, ու ազնիւ ընկերուհիի փայլուն դէմքին նոր շողով պիտի պայծառացնէ լոյսը անհասանելի իմաստութեան:

Արդ, ՀՕՄ-ը պէտք է ըլլայ համաշխարհային օգնութեան միութիւն, որովհետեւ աշխարհը բոլոր պէտք ունի առողջ միտքի օգնութեան, ոչ անպայման գաղափարախօսութեան, բայց մանաւանդ գաղափարախօսութիւնը ճշմարտապէս եւ արդարօրէն կիրարկելու յանդուգն միաբանութեան:

Եւ ո՞վ կարող է այս սրբազան պարտականութիւնը լիուլի կատարել, եթէ ոչ ՀՕՄ-ը՝ մեր ՀՕՄ-ը, շեշտը դնելով «Հ» տառին՝ Հային, որ իր մէկ հատիկ տառով կրնայ կենսարար նոր փրկիչը հանդիսանալ այս աշխարհի խաբեբայ ընկերային իրավիճակին:

Մենք պէտք չէ խաբուինք, հա՛յ ընկերուհին պէտք չէ խաբուի այսպէս կոչուող քաղաքակիրթ պետութիւննրեու լոզունգներէն, մեր դատին հանդէպ իրենց ցուցաբերած «համակրանքէն» կամ աւելի ճիշդը, իրենց շահերը իրականացնելու նպատակով միայն… մեզի օգնելու «նախանձախնդրութիւններէն»:

Մեր ընկերուհիները Ռուբէն Սեւակի բառերով՝ արդար դատի ասպետուհիներ են անմահ, որոնք կ՚ապրին մեռնելով, կը մեռնին անմահ… այլ խօսքով, ՀՕՄ-ի շարքերուն նուիրուած ընկերուհիները իրեց կեանքը կը զոհեն ՀՕՄ-ի գործունէութեանց, որպէսզի յաւերժ ապրի ինքը՝ ՀՕՄ-ը, նոյնիսկ եթէ օր մը հողին վերադառնան մահկանցու բայց արժէքաւոր մեր ընկերուհիները…

Վերջաբան…

Մեր հասկացողութեամբ, ՀՕՄ-ը աղբիւրն է լոյսին ու յոյսին… ախոյեանն է ան զոհաբերութեան եւ առաջնորդը արդարութեան… բայց մանաւադ ՀՕՄ-ը աննահանջ դպրոցն է հայ ազգային պատկանելիութեան եւ գիտակցութեան:

Այսպիսի վճռակամ եւ յարատեւ պայքարի ընդունակ միութենական հայ կնոջ, կը պակսին Մեսրոպեան բառերով ոեւէ գնահատանք… Յամենայն դէպս, ան երբեք ակնկալութիւն չէ ունեցած որեւէ գովաբանութեան, այլ միշտ ազնիւ ու խոնրահ, ան անհամբեր ու շարունակ կը սպասէ իր վերջնական օճախին հիմերը փոխադրելու ազատ, անկախ եւ միացեալ մայրենի հողին վրայ: Եւ… ուշ չէ երբեք, շարքային ընկերուհիներուն համար, երբեք հեռու չի կրնար ըլլալ նաե՛ւ այդ օրը, երբ ՀՕՄ-ի ընկերուհին իր մշակ, իր բանուոր, իր ռենչպեր եղբօր հետ միասին պիտի երթան առաջ… բոլորս երթանք առաջ՝ յառաջ անսասան…

Արդ, թող ՀՕՄ-ի օրը այսօր ըլլա՛յ ուրախութեան ու ցնծութեան օր, թող ՀՕՄ-ի օրը այսօր ըլլա՛յ հպարտութեան ու պարծանքի օր, ըլլա՛յ ան վերատեսութեան, վերաքննութեան, վերաշխուժացման եւ վերակազմաւորման օր, սակայն առաւել եւ աւելին, հա՛յ կնոջ համար իւրաքանչիւր ՀՕՄ-ի օրը պէտք է ըլլայ ուխտի օր՝ վերանորոգելու ՀՕՄ-ի սրբազան ուխտը, անկեղծօրէն ծառայելու այս սքանչելի ազգին… ծառայելու երկա՜ր, շա՜տ երկար ժամանակ… քանզի ՀՕՄ-ը Հայ Կանանց ճշմարիտ՝ լոյսի ուղին է սրբազան:

Տարեդարձդ ըլլայ շնորհաւոր, սիրելի՛ «Հայ Օգնութեան Միութիւն»:

Ապրի՛ն մեր բոլոր հա՛յ կանայք:

Եւ շատ ապրին մեր անխոնջ ՀՕՄ-ի ընկերուհիները:

Կարպիս Մեշէֆէճեան

 

 

 

Comments are closed.