ՀՕՄի Առաքելութեան Հաւատալով՝ Բարերար Ճէք Եուրէճեան Կը Նուիրէ 50,000 Տոլար
Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ մարդասիրական եւ բարեսիրական կանացի այս կազմակերպութիւնը, միշտ կառչած մնալով իր սկզբունքներուն եւ տեսլականին՝ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ լծուած է օժանդակութիւններ մատուցել ընտանիքներու ու հասնելու անոնց կարիքներուն:
Նորայայտ «Քորոնա» ժահրի համաշխարհային համաճարակի օրերը կ’ապրինք:
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ նահանգներու շրջանը եւս կը կրէ տագնապին բոլոր հետեւանքները: Ամէն ջանք կը գործադրուի ծանր կացութեան մէջ ուտելիք, դեղորայք, առաջին անհրաժեշտութիւն եւ օժանդակութիւն տրամադրել մարդոց եւ հոգալու կարիքաւոր ընտանիքներու:
Այս համաճարակին ստեղծուած ընդհանուր կացութեան իբրեւ արդիւնք՝ Լոս Անճելոսի մէջ կազմուեցաւ Քովիտ-19 Աշխատանքային յանձնխումբը, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կումիտէին, որուն մաս կը կազմէ ՀՕՄը եւ գաղութին մէջ գործօն միութիւնները: Անոր գլխաւոր աշխատանքները կեդրոնացած են ընդհանրապէս մարդկութեան եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին ծառայելու նպատակին վրայ:
Նկատի ունենալով հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ նախանձախնդիր հայորդիներ կը շարունակեն իրենց նուիրատուութիւնները կատարել` քաջալեր հանդիսանալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակիի ճգնաժամային շտապի ծառայողական գործին եւ մասնակցելով ընդհանրական ճիգին:
Արդարեւ, 5 Մայիս 2020ին, Ճէգ Եուրէճեան՝ սեփանակատէրը եւ գործադիր տնօրէնը Western Drug ընկերութեան այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կլենտէյլի կեդրոնատեղին եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեանի եւ Շրջանային վարչութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանի հետ:
Ճ. Եուրէճեան շրջագայեցաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կեդրոնը, նաեւ ծանօթացաւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին մատուցուցած ծառայութիւններուն, որոնք են՝ հոգալ ու ծառայել խոցելի անհատներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութեան ծրագիրին:
Եուրէճեան մթնոլորտէն մղուած, բարձր գնահատեց ՀՕՄին ծաւալած գործունէութիւնը եւ այս առիթով Սիլվա Փօլատեանին յանձնեց 50,000 տոլրի վճարագիր մը՝ հաստատելով. «ՀՕՄը կը շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը` ի խնդիր հայութեան գոյերթի շարունակականութեան»: Տագնապի այս դժուար օրերուն բարերար Ճէք Եուրէճեանի եւ անոր կնոջ՝ Զարային (ՀՕՄի Սանթա Մոնիքայի «Կարս» մասնաճիւղի անդամուհի) այս ազնիւ արարքը մեծապէս ողջունելի է. գնահատելի է անոնց՝ ՀՕՄի հանդէպ տածած սիրը եւ նուիրեալ անդամուհիներուն նկատմամբ անոնց յարգանքը:
Բարերար Եուրէճեան վերջերս ՀՕՄին, անոր Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին եւ գաղութիս Աշխատանքային յանձնախումբին (Task Force) նուիրած էր 4500 դիմակներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով՝ Լոս Անճելըս քաղաքին 100,000 բժշկական դիմակներ: Ճէգ Եուրէճեան իր ասպարէզին մէջ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրած եւ հայ ազգին անունը ու պատիւը բարձր պահած է:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը անոնց առատաձեռն նուիրատուութեան համար իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բարերար տէր եւ տիկին Ճէք եւ Զարիկ Եուրէճեան ամոլին, որոնք թեւ եւ թիկունք եղան՝ հաւատալով ՀՕՄի լայնածաւալ գործունէութեան:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ