«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 2017 թուականի ուսանողական վարժողական ծրագրի յայտարարութիւն

Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման պետական բաժանմունքին կողմէ տրամադրուծ յատուկ ֆոնտով, «Հորիզոն» շաբաթաթերթը այս տարի եւս կը նախաձեռնէ ուսանողական վարժողական ծրագիր։ Ծրագիրը կը հովանաւորուի Գանատայի ժառանգութեան նախարարութեան կողմէ։

Աշխատանքի մանրամասնութիւններ
– «Հորիզոն»ի ամէնօրեայ խմբագրական աշխատանքներու ծիրէն ներս թարգմանութիւններ կատարել, անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
– Գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ կատարել։
– Հարցախոյզներ կազմակերպել։
– «Հորիզոն»ի վարչական աշխատանքներուն օգնել ։
– Բաժանորդագրութիւններու գործընթացը հետապնդել։
– Արխիւներ դասաւորել ։

Պայմաններ
– Թեկնածուն 15-30 տարեկան երկրորդական վարժարանի, Cegep-ի կամ համալսարանի ուսանող պէտք է ըլլայ։
– Պէտք է լիաժամ ուսանող ըլլայ, որ վարժողական ծրագրէն ետք վերստին իր ուսումը շարունակէ։
– Պէտք է Գանատայի քաղաքացի, մնայուն բնակիչ, կամ Immigration and Refugee Protection Act-ի օրէնքներով սահմանուած ապաստանեալ (Refugee) ըլլայ։
– Պէտք է աշխատելու իրաւունք ունենայ։

Աշխատանքի տեւողութիւն եւ վարձատրութիւն
– Վարժողական այս ծրագրի դիմումները կը սկսին Ապրիլ 25-ին։ Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի Օգոստոս 27-ին։
– Ծրագրի տեւողութիւնն է 6 շաբաթ, շաբաթական 30 ժամ աշխատանքային ժամով եւ 11.25 տոլար ժամական վարձատրութեամբ։

Ձեր դիմումնագրերը ուղարկեցէք «Հորիզոն»ի հասցէին մինչեւ Յունիս 8
3401 Olivar-Asselin
Montreal, Quebec
Canada H4J 1L5
Կամ ե-նամակով ուղարկել «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեանի հասցէին՝ sylva@horizonweekly.ca

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.