«Հորիզոն»ի 2018 թուականի ուսանողական վարժողական ծրագրի գործակատարն է Վազգէն Գարագաշեան

Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման պետական գրասենակին կողմէ տրամադրուած յատուկ ֆոնտով, «Հորիզոն» շաբաթաթերթը երրորդ տարին ըլլալով կը նախաձեռնէ ուսանողական վարժողական ծրագիր (Internship Program)։

«Հորիզոն»ի խմբագրութեան ուղուած Մայիս 1, 2018 թուակիր նամակով մը, Գանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի կը յայտնէր, թէ նախարարութիւնը գնահատելով «Հորիզոն» շաբաթաթերթի համագանատական բնոյթի տեղեկատուական եւ լրագրական տասնամեակներու աւանդը, վերստին կը հովանաւորէ ամառնային ուսանողական վարժողական ծրագիրը (Internship program)։

2018 թուականի ուսանողական վարժողական ծրագրին համար դիմում կատարած թեկնածուներէն՝ Մոնթրէալահայ ուսանող Վազգէն Գարագաշեան ընտրուեցաւ ծրագրի գործակատար։

Ծրագրի գործակատարը «Հորիզոն»ի ամէնօրեայ խմբագրական աշխատանքներու ծիրէն ներս պիտի կատարէ թարգմանութիւններ, գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ եւ հարցախոյզներ, ինչպէս նաեւ թերթի վարչական բաժանմունքին մէջ պիտի դասաւորէ «Հորիզոն»ի 40-ամեայ արխիւները։

Վազգէն Գարագաշեան Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է։ Անդամ է ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան։ Ներկայիս կը յաճախէ Մոնթրէալի Պուա Տը Պոլոն Գոլէճ։

՚Նշենք, որ 2016-ին եւ 2017-ին Գանատայի Ժառանգութեան նախարարութեան կողմէ հովանաւորուած «Հորիզոն»ի վարժողական ծրագրի գործակատարները եղած են Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտներ Արին Տիմիթեանն ու Կորիւն Գոյունեանը, որոնք 6 շաբաթներու վրայ երկարող ծրագրի ընթացքին աշխատեցան «Հորիզոն»ի խմբագրական եւ վարչական բաժանմունքներուն մէջ եւ կարեւոր ներդրում ունեցան արխիւագրելու «Հորիզոն»ի 40 տարիներու թիւերը։

Նշենք, որ Կորիւն Գոյունեան, որ յառաջիկայ տարի պիտի տիրանայ Գոնգորտիա համալսարանի քաղաքական գիտութեանց պսակաւոր արուեստից վկայականին, երկու ամիսով կամաւոր պիտի աշխատակցի «Հորիզոն»ին։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.