«Հորիզոն»ի շնորհաւորական այցը Առաջնորդ Սրբազան հօր
1934
0
Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրակազմի շնորհաւորական այցելութիւնը, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի կողմէ երկրորդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ ընտրութեան առթիւ:
«Հորիզոն» թերթի խմբագրակազմը, գլխաւորութեան Վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերընտրութիւնը, ուժ ու կորով մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ համագործակցութեան շարունակութեան ու անմիջական ծրագիրներու եւ առաջադրանքներու շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարեց, շեշտելով Ազգային Առաջնորդարանի կարեւոր տեղն ու դերը՝ գաղութիս հոգեւոր ու ազգային դիմագիծի պահպանման ու զարգացման առաքելութեան մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքի ու բարի մաղթանքներուն համար, գնահատեց «Հորիզոն» թերթի Վարիչ-խմբագիրն ու խմբագրակազմի անդամները, շեշտեց Հայ մամուլի ու մասնաւորաբար «Հորիզոն»ին դերն ու ծառայութիւնը հայակերտման ու հայապահպանման գործին մէջ, նշելով, որ «Հորիզոն»ը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ սոսկ լրատուութիւն չէ որ կը կատարէ, այլ որպէս շրջուն դպրոց, Հայկական օճախներուն մէջ Ս. Գիրքէն յետոյ միակ կռուանն է, որ հայերէն կարդալու համար կը փնտռուի։
Նշենք, որ նոյն օրը, «Հորիզոն»ը հարցազրոյց ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ: