Հովուական Այցելութիւն Ի Պասրա
- (0)

Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան 27-29 հոկտեմբերին հովուական այցելութիւն տուաւ Պասրա` ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանի, Արամ սրկ. Քէթէնճեանի եւ Վահէ Աւետիսեանի:
27 հոկտեմբերի առաւօտուն առաջնորդը այցելեց Պասրայի Ս. Աստուածածին հինաւուրց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Պասրայի հոգեւոր Ղեւոնդ աբղ. Սաղաթելեանի եւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ բարի գալուստի աղօթք: Անկէ ետք հայր սուրբը ծրագրուած ժամադրութեամբ նախ այցելեց քաղդէական եկեղեցի, ուր զինք դիմաւորեց եկեղեցւոյ առաջնորդ Հապիպ Ալ Նոֆելի եպիսկոպոսը, ապա այցելեց ասորի կաթողիկէ եկեղեցի: Այս եկեղեցւոյ առաջնորդը առաքելութեամբ մը Լիբանան գտնուելու պատճառով թեմի առաջնորդն ու պատուիրակութիւնը ընդունեց Պութրուս աբեղան: Առաջնորդը իր այցելութեանց շարքը փակեց ասորի ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիով, ուր դիմաւորուեցաւ Սամաան Խըտըր քահանայ հօր կողմէ:
Ողջոյնի խօսքեր եւ քրիստոնեաներու հետ առնչուող զանազան տեսակէտներ փոխանակելէ ետք, հայր սուրբը յիշեալ կղերականները հրաւիրեց մասնակցելու յաջորդ օր Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք ս. պատարագին:
Յիշատակութեան արժանի է, որ բոլորն ալ անհուն ուրախութեամբ ընդունեցին հայր սուրբը եւ մտերմիկ մօտեցում ցուցաբերեցին:

Պատարագիչ հայր սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզը արտասանելէ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր հոգեւորականներուն` իր հրաւէրին ընդառաջելուն եւ պատարագին մասնակցելուն համար: Յետ պատարագին հոգեհանգստան պաշտօն կատարուեցաւ քառասնօրեայ հանգուցեալ, Պասրայի թաղականութեան նախկին անդամ Օհաննէս Պետրոսեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար:
Սուրբ պատարագի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան Պասրայի Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:

Հանդիպման աւարտին հայր սուրբը իր սրտագին երախտագիտութիւնը յայտնեց նահանգապետին` ընդունելութեան համար: